Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2023 տարին եւս հռչակած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ», որպէս շարունակութիւն անցեալ տարուան եւ այդ առթիւ թեմերը առաքուած է Վեհափառ հայրապետի Բ. պատգամը։
Յունաստանի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինման
համաձայն, սոյն պատգամի բացատրութիւնը հերթաբար պիտի
կատարուի թեմիս եկեղեցիներէն ներս, Յունաստանի Հայոց թեմի
Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի կողմէ։
Այսու հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 29 Յունուար 2023-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Ս. պատարագին պիտի հանդիսապետէ թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ յընթացս Ս. պատարագին պիտի ներկայացնէ Վեհափառ հայրապետին պատգամը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ հաղորդակից դառնալու օրուան պատգամին։
Կրօնական Ժողով