Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առիթով, Աթէնքի Զողրաֆու համալսարանի տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ յատուկ դասախօսական երեկոյ, որուն պիտի դասախօսէ Վեհափառ Հայրապետը, նիւթ ունենալով՝
«Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Աստուածաբանական
երկխօսութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ
Բիւզանդական Եկեղեցւոյ հետ»
Ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, համալսարանի շքեղ հանդիսասրահին մէջ։
Αίθουσα Οπτικοακουστικής Διδασκαλίας
Θεολογική Σχολή — Πανεπιστήμιο Ζωγράφου
Είσοδος Κεντρική Πύλη — οδός Ούλωφ Πάλμε
Կը հրաւիրուին մեր հայրենակիցները հետեւելու Վեհափառ Հայրապետի իմաստալից դասախօսութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ