Նուիրատուութիւն Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Անթիլիաս

0
163

Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­Թե­մի զա­ւակ­նե­րուն ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք ­­
Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ­­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ­­
Յանձ­նա­խում­բի հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։

Նուիրատուութիւն
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Անթիլիաս

Ուր­բաթ, 1 ­­Յու­լիս 2022-ին, Ան­թի­լիա­սի ­­Մայ­րա­վան­քին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­­Կա­թո­ղի­կոս պի­տի կա­տա­րէ Սր­բա­լոյս ­­Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւն։
­­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գի կեան­քին մէջ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն­ներ կա­յաց­նող դէպք մըն է ­­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը։ ­­Մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար ան ա­ռիթ է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ամ­րապնդ­ման, հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան ամ­րաց­ման։
­­Դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, ­­Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­ռի­թով մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ուխտ կ­­՚ը­նեն եւ սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն, որ­պէս գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ­­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի սրբա­զան խոր­հուր­դին։
Այս ա­ռի­թով, մեր նո­ւի­րա­տու ազ­գա­յին­նե­րուն դիւ­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լու հա­մար, բա­ցած ենք հե­տե­ւեալ դրա­մատ­նա­յին հա­շի­ւը.-
Account: R-502039
Beneficiary: Armenian Catholicosate of Cilicia
IBAN: CH77 08755 0502 0390 0400
Bank: Banque Pictet & Cie SA,
Address: Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Swift: PICTCHGG
Bank Phone number: +41 58 323 2323
­­Նո­ւի­րա­տու ազ­գա­յին­նե­րը կրնան նաեւ Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րու ճամ­բով կա­տա­րել ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, իսկ ­­Լի­բա­նա­նի պա­րա­գա­յին՝ ուղ­ղա­կի ­­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին։

­­Դի­ւան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի