­Միհ­րան Ք.

­Ծա­նօ­թու­թիւն. Ա­րամ ­Մա­նու­կեան Կո­մի­տէու­թեան կազ­մա­կան ժո­ղո­վին մէջ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րէն մէ­կը նպա­տակ ու­նէր ե­րի­տա­սարդ ու նո­րա­գիր ըն­կեր­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել մեր ե­կե­ղե­ցա­կան-հա­մայն­քա­յին կեան­քը կա­նո­նա­կար­գող «ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը», ո­րու վա­ւե­րաց­ման (սուլ­թա­նի կող­մէ) 155ա­մեա­կին ենք ներ­կա­յիս: 15 վայր­կեա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ զե­կու­ցա­բե­րին տո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու զե­կոյ­ցին յա­ջոր­դող զրոյ­ցը շա­հե­կան նկա­տե­լով, ա­նոնց կա­րե­ւոր կէ­տե­րուն խտա­ցու­մը կը հրա­պա­րա­կենք հա­ւա­տա­լով, որ հե­տաքրք­րո­ւող­ներ կ’ըլ­լան:

­Մեր ե­կե­ղե­ցին

­Հին ժա­մա­նակ­նե­րէն, իր ա­կունք­նե­րուն մէջն իսկ, մեր ե­կե­ղե­ցին կղե­րա­պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն չէ ե­ղած: ­Ժա­ռան­գու­թեան ի­րա­ւուն­քով հօր­մէ որ­դի յա­ջոր­դած քա­նի մը կա­թո­ղի­կոս­նե­րու հա­մե­մա­տա­բար կարճ շրջա­նէ մը ետք, ազ­նո­ւա­կան­նե­րէ կազ­մո­ւած «աշ­խար­հա­ժո­ղով»ն­ էր, որ կ’ո­րո­շէր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան յար­մար թեկ­նա­ծուն, ան­շուշտ թա­գա­ւո­րին ազ­դե­ցիկ մի­ջամ­տու­թեամբ: ­Պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տէն ետք, պարս­կա­կան, թիւրք­մէ­նա­կան, թրքա­կան թէ այլ դա­ժան տի­րա­պե­տու­թեանց եր­կար դա­րե­րու ըն­թաց­քին ե­կե­ղե­ցին էր, որ միշտ կը մնար կազ­մա­կեր­պու­մի եւ հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան միակ վայ­րը, ուր կը պահ­պա­նո­ւէին հա­յու­թիւ­նը իր ան­ցեա­լին կա­պող ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն ու մշա­կոյ­թի մնա­ցոր­դը, ա­ւան­դոյթ­ներն ու ծէ­սե­րը, լե­զուն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը: ­Պե­տա­կա­նու­թիւ­նը փո­խա­րի­նող հաս­տա­տու­թիւ­նը ե­ղաւ հայ ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն հա­մար ալ ար­դէն կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ վե­հա­փառ տիտ­ղո­սը, որ կը տրո­ւէր թա­գա­ւոր­նե­րուն:
Ա­մէն գիւղ ու ա­ւան, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն յե­տի­նը կ’ու­նե­նար իր ե­կե­ղե­ցին ու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը, ո­րոնց շնոր­հիւ կը կազ­մո­ւէր հա­մայն­քը, հայ մար­դոց հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թիւ­նը: ­Քա­հա­նան կրօն­քի ծի­սա­կա­տարն էր, գիւ­ղա­ցի­նե­րը մխի­թա­րո­ղը, գիւ­ղին խոս­տո­վա­նա­հայրն էր, վէ­ճե­րուն լու­ծում տո­ւող դա­տա­ւո­րը, խրա­տողն ու խորհր­դա­տուն, յա­ճախ նաեւ դաս­տիա­րա­կը: ­Հա­մեստ ու­ժե­րով եւ իր հա­մայն­քին հետ ծէ­սի ու ա­ւան­դու­թեանց ճամ­բով ազ­գա­յին թթխմո­րին պա­հա­պա­նը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, տե­ղա­հա­նո­ւած հայ գաղ­թա­կան­նե­րը զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ հա­մայն­քա­յին դի­մա­գիծ կը ստա­նա­յին՝ նոյն­պէս տե­ղա­հան ե­ղած ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան շնոր­հիւ: ­Հե­տա­գա­յին ալ, սփիւռ­քի ըն­դար­ձա­կու­մով, կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գոր­ծը կը ծա­ւա­լէր: ­Մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­ներ, եւ­րո­պա­կան ու ա­րա­բա­կան ա­նա­պա­տա­յին քա­ղաք­ներ, Ա­մե­րի­կա, ­Գա­նա­տա ու մին­չեւ ­Վե­նե­զո­ւե­լա հա­յու­թեամբ բնա­կո­ւած վայ­րե­րու մէջ ի հո­գե­ւորս ծա­ռա­յող­ներ կը ղրկո­ւէին՝ ե­կե­ղե­ցի­ներ կա­ռու­ցե­լու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջո­ցով ու շուրջ հա­մայն­քա­յին կեանք ու աշ­խու­ժու­թիւն ստեղ­ծե­լու եւ ջա­նալ հա­մախմ­բե­լու հա­մար ցրո­ւած հա­յու­թիւ­նը: Եր­բեմն այն­պի­սի անհ­րա­պոյր վայ­րե­րու մէջ, ուր պի­տի չու­զէին գոր­ծուղ­ղուիլ հան­րա­յին այլ մար­զե­րու նո­ւի­րո­ւած գոր­ծիչ­ներ: ­Հարց է, թէ ա­ռանց ե­կե­ղե­ցիի ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան, տե­ղա­հա­նո­ւած հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ար­դեօ՞ք պի­տի կա­րե­նա­յին կազ­մա­կերպ հա­յա­գա­ղութ­նե­րու վե­րա­ծո­ւիլ թէ ոչ …
­Պէտք է ը­սել նաեւ, որ ե­կե­ղե­ցիին չափ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պման մէջ: ­Կա­րե­լի է հան­դարտ ը­սել, որ ա­նոնք ե­ղան մղում տո­ւո­ղը ե­կե­ղե­ցիի գոր­ծու­նէու­թեան:

Ա) ­Նո­ւի­րա­պե­տա­կան 4 ա­թոռ­ներ

1. Եր­կու կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­ներ.

Էջ­միած­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն՝ հիմ­նո­ւած 4րդ ­դա­րու սկիզ­բը, քրիս­տո­նեայ դառ­նալ­նէս ան­մի­ջա­պէս ետք: ­Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, երբ ­Հա­յաս­տան զրկո­ւե­ցաւ պե­տա­կա­նու­թե­նէն, կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը իր ան­կա­խու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար դար­ձաւ թա­փա­ռա­կան եւ ի վեր­ջոյ կայք հաս­տա­տեց ­Կի­լի­կիա, ուր մենք հիմ­նած էինք ինք­նիշ­խա­նու­թիւն (1080-1375):
Ա­ւե­լի վերջ, երբ այ­լեւս կոր­ծա­նած էր ­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, Էջ­միած­նի ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը դի­մե­ցին օ­րո­ւան կա­թո­ղի­կո­սին, որ վե­րա­դառ­նայ հայ­րե­նիք՝ մայր ա­թոռ: ­Հայ­րա­պե­տը մեր­ժեց՝ ա­ռար­կե­լով, թէ ինք չի կրնար ան­տէր ու անգ­լուխ թո­ղուլ ­Կի­լի­կիոյ ու շրջա­կայ­քի պե­տա­կա­նա­զուրկ հա­յու­թիւ­նը: ­Մեր­ժու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ Էջ­միած­նի մէջ երկ­րորդ կա­թո­ղի­կոս մը ընտ­րեն 1441 թո­ւա­կա­նին: Այ­սպէս է, որ ու­նե­ցանք եր­կու կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­ներ, մին՝ Էջ­միած­նի, իսկ միւ­սը՝ ­Կի­լի­կիոյ մէջ, որ ­Թուր­քիոյ կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ աք­սո­րո­ւե­ցաւ, գաղ­թա­կա­նու­թեան ճամ­բան բռնեց նախ՝ ­Սու­րիա, ա­պա՝ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Լի­բա­նան, (Ան­թի­լիաս):

2. Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քու­թիւն.

­Կի­լի­կիոյ պե­տա­կա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խառ­նակ կա­ցու­թիւն կը տի­րէր, ինչ որ ա­ւե­լի սրե­ցաւ 13-14րդ ­դա­րե­րուն: ­Մի­ջին-ա­րե­ւել­քը խա­չա­կիր­նե­րու, մոն­կոլ թա­թար­նե­րու, ա­րաբ­նե­րու եւ մեմ­լուք­նե­րու հա­մար պա­տե­րազմ­նե­րու բեմ դար­ձած էր, որ­մէ ան­մասն չէր կրնար մնալ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը եւ որ կը մա­շեց­նէր զինք՝ սպառ­նա­լով իր գո­յու­թեան:
Այս շրջա­նին, 14րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, ար­քու­նի­քին ու օ­րո­ւան կա­թո­ղի­կո­սին հա­մամ­տու­թեամբ ­Սի­սի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ կրօ­նա­կան ժո­ղով մը, ուր ո­րո­շո­ւե­ցաւ մեր ե­կե­ղե­ցին միաց­նել լա­տին՝ Պա­պա­կան ե­կե­ղե­ցիին, յու­սա­լով, որ ա­տով կ­‘ա­պա­հո­վո­ւի Եւ­րո­պա­յի նե­ցուկն ու ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ­Կի­լի­կիոյ անվտան­գու­թեան հա­մար: Այդ ո­րո­շու­մը պա­ռակ­տեց ժո­ղո­վուր­դը, կրօ­նա­կան սուր վէ­ճեր ստեղ­ծեց եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն պատ­ճառ դար­ձաւ թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մին: ­Կի­լի­կիա­յէն դուրս գտնո­ւող հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւ­նը խզե­ցին կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հետ եւ ­Սար­գիս ա­նու­նով ե­պիս­կո­պոս մը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ հիմ­նեց Ե­րու­սա­ղէ­մի ան­կախ պատ­րիար­քու­թիւն՝ 1311ին, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ հի­մա: Այս պատ­րիար­քու­թիւ­նը նո­ւի­րա­պե­տա­կան միակ ա­թոռն է, որ կը գոր­ծէ կղե­րա­պե­տա­կան հի­մուն­քով:

3. ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թիւն.

­Կոս­տան­դու­պո­լի­սը թուր­քե­րու կող­մէ գրա­ւո­ւե­ցաւ 1453 թո­ւա­կա­նին, ո­րու հե­տե­ւան­քով Եւ­րո­պա փա­խան ա­րուես­տա­գէտ­ներ, գրա­գէտ-բանաս­տեղծ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, մտա­ծող մար­դիկ, եւ այլն, ո­րոնք սկիզ­բը դրին Եւ­րո­պա­յի վե­րած­նուն­դին:
Գ­րա­ւող սուլ­թա­նը «ֆա­թիհ» (յաղ­թա­կան) կո­չե­ցեալ, Կ. ­Պո­լի­սը իր մայ­րա­քա­ղա­քը դարձ­նե­լէն ետք, 1461 թո­ւա­կա­նին ­Յո­վա­կիմ ա­նու­նով ­Պուր­սա քա­ղա­քի հայ ե­պիս­կո­պո­սը հոն հրա­ւի­րեց եւ զայն կար­գեց պատ­րիարք՝ ի­րեն հպա­տակ բո­լոր հա­յե­րուն հա­մար: ­Հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նադ­րու­թեամբ սուլ­թա­նը գլխա­ւո­րա­բար ե­րեք նպա­տակ կը հե­տապն­դէր. ա. Քա­ջա­լե­րել հա­յերը, որ հա­մախմբուին Կ.­Պոլսոյ մէջ ու շէնց­նեն զայն,
բ. ­Յոյ­նե­րու պատ­րիար­քու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը նո­ւա­զեց­նել ու հա­ւա­սա­րակշ­ռել ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը,
գ. Իր իշ­խա­նու­թեան տակ գտնուող հա­յե­րը խզել Էջ­միած­նէն, որ այդ ժա­մա­նակ կը գտնո­ւէր ­Թուր­քիոյ թշնա­մի ­Պարս­կաս­տա­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ:
­Սուլ­թա­նը կը վախ­նար, որ ­Պար­սիկ­նե­րը կ­’օգ­տա­գոր­ծեն Էջ­միած­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջո­ցով հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած «5րդ ­զօ­րա­սիւն» կը ստեղ­ծեն եւ խառ­նա­կու­թիւն­ներ կը յա­ռա­ջաց­նեն իր իշ­խա­նու­թեան մէջ:
Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս եւ ին­չու՝ ու­նե­ցանք Կ. ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թիւ­նը:

Բ) Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւն

Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան բո­վան­դակ շրջա­նին, Կ. ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նադ­րու­մով, կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիա­կան կեան­քը վա­րե­լու ի­րա­ւուն­քը կը վե­րա­պա­հո­ւէր ե­կե­ղե­ցիին, սուլ­թա­նին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած կա­նո­նագ­րու­թեամբ մը:
­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ հետզ­հե­տէ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւէր հա­րուստ ու պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ բա­րե­կա­մա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­ներ հաս­տա­տած հայ ա­մի­րա­յա­կան դա­սա­կարգ մը,- թի­ւով շուրջ 200- որ իբ­րեւ նո­րա­բոյս «ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւն» պատ­րիարք­նե­րուն հետ կը ղե­կա­վա­րէր հայ կեան­քը: Բ­նա­կա­նա­բար այդ ա­մի­րա­նե­րը ու­նէին ի­րենց ա­ռաջ­նա­յին օ­րա­կար­գը, սե­փա­կան հարս­տու­թիւնն ու ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը չվտան­գե­լու կան­խա­հո­գու­թիւ­նը եւ նկա­տի չէին առ­ներ հայ զան­գո­ւած­նե­րու սպա­սում­ներն ու կա­րիք­նե­րը՝ ան­տե­սե­լով հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող ա­նոնց դժգո­հու­թիւն­նե­րը:
Ա­մի­րա­նե­րու կա­մա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան դէմ ար­հես­տա­ւոր պարզ ժո­ղո­վուր­դին դժգո­հու­թիւ­նը կը մեծ­նար, պայ­քա­րի տրա­մադ­րու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէր յատ­կա­պէս 19րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն, երբ հրա­պա­րակ կու գա­յին Եւ­րո­պա­յի մէջ ու­սա­նած եւ ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փար­նե­րով ներշն­չո­ւած ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք ի­րա­րու կը մօ­տեց­նէին եր­կու հա­կա­դիր դա­սա­կար­գե­րը եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­քի վրայ կը պատ­րաս­տէին ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը՝ 1860ին, որ սուլ­թա­նա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կը վա­ւե­րա­ցո­ւէր 1863ի ­Մար­տի 30ին:
Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը իր ժո­ղովր­դա­վար հի­մուն­քով դար­ձա­կէտ կը դառ­նար ոչ միայն ընտ­րո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով ազ­գա­յին գոր­ծե­րը ղե­կա­վա­րե­լու իր էու­թեան հա­մար, այլ նաեւ հայ մար­դուն մօտ յանձ­նա­ռու­թեան ու կա­մա­ւոր մաս­նակ­ցու­թեան այն­քան կա­րե­ւոր զգա­ցու­մը զար­գաց­նե­լու տե­սա­կէ­տով, ինչ որ կեան­քի չափ կա­րե­ւոր է պե­տա­կա­նա­զուրկ ազ­գի մը հա­մար:
«Իւ­րա­քան­չիւր ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի ազ­գին հան­դէպ եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ազգն ալ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի ազ­գա­յին­նե­րուն հան­դէպ»…:
Ա­հա հիմ­նա­կան սկզբուն­քը, ո­րուն վրայ կը կա­ռու­ցո­ւէին Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հրա­հանգ­նե­րը:
Ա­տով թրքահ­պա­տակ հա­յե­րը ձե­ւով մը կ­‘ու­նե­նա­յին ներ­քին ան­կա­խու­թիւն՝ ի­րենց կրօ­նա­կան, ա­մուս­նա­կան, ժա­ռան­գա­կան, մշա­կու­թա­յին թէ կրթա­կան կեան­քը վա­րե­լու՝ հա­մա­պա­տաս­խան խոր­հուրդ­նե­րով ու մար­մին­նե­րով: ­Ման­րա­տիպ կա­ռա­վա­րու­թեան մը աշ­խա­տան­քի շրջա­գիծ, որ­մէ քա­ղո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ ու ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ պի­տի կի­րար­կո­ւէր նաեւ սփիւռ­քեան կեան­քի մէջ:
Եւ ի­րա­պէս. 1863էն մին­չեւ այ­սօր, հայ­րե­նա­զուրկ հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քը կը ղե­կա­վա­րո­ւի միեւ­նոյն սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րէնք­նե­րով, ան­շուշտ ըստ պա­հանջ­քի ո­րոշ բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րով: ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան փո­խա­րէն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնն է, որ կը ղե­կա­վա­րո­ւի եւ իր թե­մե­րը կը ղե­կա­վա­րէ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան սկզբունք­նե­րով: Դ­ժո­ւար պի­տի ըլ­լար սփիւռ­քը պատ­կե­րաց­նել այն­պէս, ինչ­պէս որ կայ ան այ­սօր, ա­ռանց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան:
Իբ­րեւ քննե­լի նիւթ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րու կող­մէ ա­ռա­ջադ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ հար­ցա­կան­նե­րը.
1.- Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան վա­ւե­րաց­ման օ­րե­րուն հայ կեան­քի մէջ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ չկա­յին: ­Չու­նէինք նաեւ պե­տա­կա­նու­թիւն: ­Հի­մա որ ու­նինք, ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կը պա­հէ՞ իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը, թէ՞ ոչ:
2.- Էա­պէս բա­րո­յա­կան հաս­կա­ցու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած կա­ռոյց մը, այ­սինքն ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն յե­նա­րա­նը հաս­տա­տո­ւած է փո­խա­դարձ պար­տա­ւո­րու­թեան եւ յար­գան­քի վրայ, կա­րե­լի՞ է հա­մա­րել կեն­սա­գործ՝ յատ­կա­պէս սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու մէջ…
3.- Ին­չո՞ւ սկզբնա­կան շրջա­նի Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւած ո­րոշ բա­րեա­ցա­կա­մու­թե­նէ ետք ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծո­ւե­ցաւ… եւ այլն, եւ այլն: ­Նիւ­թեր, ո­րոնց մա­սին յա­ռա­ջի­կա­յին զրու­ցե­լու ա­ռիթ ըլ­լայ թե­րեւս: