«Ազատ Օր»-ը նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը շքեղ ելոյթով մը
Սփիիւռքահայ մամուլի արժանաւորներէն՝ յունահայ գաղութի եւ եւրոպական տարածքի միակ օրաթերթը՝ «Ազատ Օր»-ը, նշեց իր հիմնադրութեան 80-րդ տարեդարձը։ Տասնամեակներու վրայ երկարող թերթի ազգային, քաղաքական, գաղափարախօսական, գրական ու հասարակական աւանդն եւ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը յունահայութեան մէջ, լուսարձակի տակ առնուեցան Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ, ներկայութեամբ յունահայ գաղութի գործօններուն եւ աննախընթաց բազմութեան։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական ակունքներէն սնանող մեր թերթը, ոչ միայն քաղաքականապէս կազմաւորեց ու զարգացուց յունահայ սերունդները, այլեւ հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայ գիրի լուսաճաճանչ փարոսը հանդիսացաւ, շնորհիւ անթիւ այն ծառայողներուն, որոնք հայ մամուլի անդաստանին մէջ դարձան «Նոր Օր»-ի ու անոր յաջորդին՝ «Ազատ Օր»-ի երախտաւորները, իրենց անսակարկ նուիրումի բովանդակ կարողականութիւնը մատուցելով հայ մամուլին։
«Ազատ Օր»-ի 80-ամեակի շքեղ ելոյթը առիթը եղաւ նաեւ, որպէսզի երախտագիտութեան զգացումներ փոխանցուին մեր օրաթերթի շարք մը նուիրեալներուն՝ յուշանուէրներու յանձնումի յուզիչ արարողութեան ընթացքին։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին յունահայ կեանքի կառոյցներն ու մամուլի ներկայացուցիչները։ Ներկայ եղան Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Հ.Հ. դեսպանատան ներկայացուցիչ տ. Աննա Մկրտչեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ շրջաններու կոմիտէները, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային ու տեղական վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները, ինչպէս նաեւ «Նոր Աշխարհ» եւ «Հայ Կեանք» թերթերու խմբագիրները։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր մեր թերթի հաւատարիմ ընթերցողներով, բարեկամներով եւ երիտասարդ սերունդի հայրենակիցներով։
Ելոյթի մեկնարկին, ցուցադրուեցաւ վիտէօ երիզ մը, ձեռնհասօրէն պատրաստուած ընկ. Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ։ Ճոխ նկարներով եւ նկարագրական տեսանիւթերով ներկայացուեցան «Նոր Օր»-ի տարիները, ապա «Ազատ Օր»-ի պատմական երթը, որպէս գաղութի սիրուած ու փնտռուած օրաթերթ։ Նաեւ, հոն երեւցաւ թերթի ներկայ հրատարակութեան խմբագրական եւ տպագրական աշխատանքը։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Քերոբ Էքիզեան, ապա բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը իր խօսքը ուղղելու համար։ Երկու խօսքերը կը ներկայացնենք առանձին։
Ցոյց տրուեցան հատուածներ երկրորդ տեսանիւթէ մը, որ պատրաստուած էր «Ազատ Օր»-ի 55-ամեակին առիթով։ Անոր մէջ խօսեցան «Նոր Օր»-ի հիմնադիր սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն, դաշնակցական ականաւոր գործիչ Գաբրիէլ Լազեանի կողակիցը՝ Նաթալի Լազեան, թերթի առաջին գրաշարներէն Աւետուհի Թոփալեան, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»-ի հին ծառայողներ։
Պահը հասաւ յուշանուէրներու յանձնումին։ Առաջին հերթին, բեմ հրաւիրուեցաւ «Ազատ Օր»-ի 40 տարիներու նուիրեալ խմբագիր հանգուցեալ Յովսէփ Պարազեանի կողակիցը՝ Մայտա Պարազեանը, որ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի
ներկայացուցիչին եւ թերթի խմբագիրին ձեռամբ՝ յուզուած ստացաւ առաջին յուշանուէրը։
Յաջորդաբար, բեմ բարձրացան Հ.Յ.Դ. Երիտ միութեան երկու անդամներ, ընկ. Լոռի Գույումճեան եւ ընկ. Ժաննա Յովսէփեան, որոնք հաղորդավարի դերով, նախ պատմական վերյիշում մը կատարեցին՝ տալով «Ազատ Օր»-ի 55-ամեակի եւ 65-ամեակի ելոյթներուն պարգեւատրուած անցեալի ծառայողներու անունները։ Շարունակելով, անոնք ներկայացուցին օրուան ելոյթին առիթով պարգեւատրուող անձերուն՝ թերթին համար կատարած խմբագրական, վարչական, գրաշարական, տպագրական, աշխատակիցի ու ցրուումի երկարամեայ աշխատանքները, անոնց ծառայութեան ու նուիրումի համապատկերը։
Յուշանուէրներ ստացան Միհրան Քիւրտօղլեան, Կիրակոս Մկրտիչեան, հանգուցեալ Շահան Ֆարաճեանին համար՝ իր որդին Փոլ Ֆարաճեան, հանգուցեալ Յակոբ Ճէլալեանին համար՝ իր դուստրը Արտա Ճէլալեան, հանգուցեալ Գեղարդ Ա. քհնյ. Պապօղլեանին համար՝ երիցուհի Արաքսի Պապօղլեան, հանգուցեալ Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեանին համար՝ իր որդին Համբիկ Յովսէփեան, Արա Մանկոյեան, Մաննիկ Աշրեան, Սերգօ Մինասեան, հանգուցեալ Համբարձում Համբարձումեանին համար՝ իր որդին Մինաս Համբարձումեան, Ռեփեկա Պարազեանին համար՝ իր հարազատը Արմիկ Պարազեան, Մարօ Օննիկեանին համար՝ իր դուստրը Լուսի Օննիկեան, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Յունաստանէն Անայիս Գասապեան, Աւետիս Աւետիսեան եւ Վահրամ Պէքթաշեան, որոնք չկարողացան ներկայ գտնուիլ, ու վերջապէս՝ հանգուցեալ Մարգար Շարապխանեան։
Յուզումի մթնոլորտին մէջ, կարգ մը պարգեւատրուողներ իրենց սիրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին եղած պատիւին համար։
Պաշտօնական յայտագիրին յաջորդեց ընկերային երեկոյ, գինիով, աղանդերներով ու հայկական երաժշտութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուուութիւններ թերթի ֆոնտին։ Այս առիթով, բոլոր ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուեցան «Ազատ Օր»-ի 1 Մարտի բացառիկ թիւը, գինիի նմուշներ յատուկ պայուսակի մէջ, որոնց վրայ արձանագրուած էր թերթի 80-ամեակին առիթով պատրաստուած զարդանշանը, ինչպէս նաեւ 2024-ի օրացոյցէն օրինակներ։
Երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշեր, ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Ընկ. Քերոբ Էքիզեանի բացման խօսքը
«Ազատ Օր»-ի առօրեայ աշխատանքի ընթացքին, թղթատելով թերթի հին տոմարները, յաճախ զարմանքով կ՚անդրադառնանք այն դժուար օրերուն, երբ թերթի մը հրատարակութեան ձեւն ու աշխատանքը կը պահանջէր ուժերու գերլարում, համեստ սեղանի մը վրայ՝ անհամար թուղթերու մէջ թաղուած, օրուան լուրերը գրելու համար ժամեր սպառել, այլեւ անդին՝ տառերը հատիկ-հատիկ շարել, կապարի հոտը շնչել, ձեռքերը մելանին մէջ թաթխել, թերթը ծալլել, ցրուիչներուն յանձնել եւ դեռ քանի՜, քանի՜ աշխատանքներ։
Այսօր ժամանակները փոխուած են։ Արդի արհեստագիտութիւնը հիմնովին շրջած է աշխատանքի ձեւը։ Հին օրերու նեղ ու մութ սենեակներու, աննման Ահարոնի խօսքին համաձայն՝ «դէպի դժոխք տանող այդ 17 սանդխամատերու» ժամանակները իրենց տեղը տուած են նոր, օդաւէտ, լուսաւոր աշխատավայրերու, ուր ամէն ինչ կը կատարուի շտապ, ժամանակի պահանջին համաձայն, շնորհիւ բարձր արհեստագիտութեան, համակարգչային դրութեան, որ թերթի մը հրատարակութեան հին ձեւն ու մաշեցնող առօրեան վերածած է արագ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի։
Սակայն, ի՜նչ հեգնանք։ Նոյն արդի արհեստագիտութիւնը, որ այնքան դիւրացուցած է թերթի հրատարակութեան աշխատանքը, այսօր դասական մամուլի աշխարհը հիմնովին այլափոխած է, պարպած է իր ուժականութենէն, գունաթափ դարձուցած է անոր հմայքը։ Պարզապէս, որովհետեւ մեր ձեռքերուն մէջ ունեցած նոր միջոցները՝ հեռաձայնները կամ այլ սարքերը, ամէն մէկս վերածած են փոքր, ինքնակոչ ու յաւակնոտ խմբագիրի, գրաշարի, հրատարակիչի, երբ ամէն ինչ այլեւս կ՚ըսուի ու կը գրուի անհատին կողմէ։
Կ՚ապրինք դասական մամուլի տագնապի օրերը։ Որքան ալ այսօր մեր ոլորտը փորձէ նորաձեւ հրատարակութեան ձեւաչափերուն մէջ յարմարիլ, անհատի ինքնամփոփումը իր պաստառին վրայ, հոն ուր հմայիչ պատկերներն ու նիւթերու այլազանութիւնը հեղեղի նման կ՚անցնին աչքին առջեւէն, այլեւս տեղ չեն տար դասականօրէն ընդունուած մամուլին, որ ունի իր յստակ կազմուածքը, բայց նաեւ սահմանափակումները։
«Նոր Օր»-ի 100-ամեակի յոբելենական թուականին, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»-ի 80-ամեայ փառաւոր երթի նշումի այս պահուն, մեր նպատակը անիծել կամ այպանել չէ արդի արհեստագիտութիւնը, որ մարդոց շղթայակապած է իրենց սեփական աշխարհին մէջ, կամ ողբալ հայ դասական մամուլի երբեմնի հմայքին համար։
Մեր նպատակն է, նախ պատուել անցեալը, ապա հաւաքաբար վերանորոգել մեր հաւատարմութիւնը, նայելով վաղն ու գալիք ապագան, միշտ յարմարելով նոր ըմբռնումներուն, առանց սակայն կորսնցնելու մեր առաքելութեան նպատակը, մեր դիմագիծը, բայց նաեւ մեր գաղափարական ակունքներէն եկող ժառանգն ու հոգեմտաւոր հարստութիւնը։
«Ազատ Օր»-ը սոսկ հրատարակչական ձեռնարկութիւն մը չէ, որպէսզի խօսիլ զուտ արհեստագիտական լեզուով, հրատարակութեան շահաբեր ծրագիրներ մշակել, զանոնք գործադրել ու պարզապէս պատշաճիլ կամ ոչ՝ նոր ժամանակներու իրականութեան։
Մեր թերթը, ասկէ առաջ անոր նախահայրը՝ «Նոր Օր»-ը, կը շարունակէ հանդիսանալ միտքի ու հոգիի այն դարբնոցը, որուն մէջ յունահայ գաղութը ուժ եւ շունչ ստացաւ, իր կազմութեան դժուար օրերէն մինչեւ այսօր։ Անմար կրակի մը նման մեր թերթը ջերմացուց յունահայերու սիրտերը, վառ պահեց հայու վերապրումի ոգին սփիւռքի մէջ, լոյս սփռեց մեր մեսրոպաշունչ գիրին վրայ։ Երբ հայրենի աշխարհի դռները յամառօրէն փակ կը մնային սփիւռքահայութեան առջեւ, մեր թերթը փոքր ճեղքեր կը բանար պատին վրայ, որպէսզի անկէ դուրս ցայտի արեւահամ Հայաստանի բուրմունքը։ Գաղափարական սերունդներ կազմաւորեց, մանաւանդ երբ հայ երիտասարդի համբերութիւնը սպառեցաւ ու իր ձեռքը զինուեցաւ ազատագրական պայքարի նոր շղթայազերծումի օրերուն։ Թերթը, ամբողջ հայութեան կողքին, Արցախի ազատագրութեան երգը շեփորեց, հայ ժողովուրդի պատուանդանին վրայ կանգնած ազատ ու անկախ Հայաստանի խորհուրդը ջերմօրէն փորձեց պահել յաջորդական սերունդներու սիրտին մէջ։
Մտաւոր արտադրութեան իւրայատուկ աշխատանոց մը եղաւ «Ազատ Օր»-ը։ Ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել անոր կենսական դերակատարութիւնը մեր գաղութէն ներս։ Ոչ ոք կրնայ բիծեր տեսնել իր բիւրեղեայ գաղափարական դիմագիծին վրայ, կամ գլուխ չխոնարհել անթիւ իր ծառայողներուն վաստակին առջեւ, որոնք միս, հոգի եւ զգացում մաշեցուցին՝ թերթի ամէնօրեայ եւ հաստատուն ներկայութիւնը երաշխաւորելու համար գաղութէն ներս։ Լազեանն ու Կազէլը, Սեդրակը, Վազգէնն ու Ահարոնը, Յովսէփը, եւ դեռ քանի քանիներ, որոնք մկրտուեցան մեր գաղափարական մամուլի աւազանին մէջ եւ գաղութի պատմութեան էջերը գրեցին, կը շարունակեն ներշնչումի աղբիւր դառնալ բոլորիս համար։ Անոնց բոցաշունչ ոգին կը շարունակէ սաւառնիլ մեր մէջ, ուժ եւ յոյս սրսկելով այսօրուան ու վաղուան սպասումներուն համար։
Սիրելի եւ թանկագին բարեկամներ,
Կարելի է երկար խօսիլ անցեալի փառապանծ օրերուն մասին, գովքը հիւսել հարիւրաւոր այն ծառայողներուն, որոնք հայ մամուլի երկու արժանաւորները՝ «Նոր Օր»-ը եւ «Ազատ Օր»-ը վերածեցին հայկական օճախի անբաժան մէկ մասնիկին, հարազատ ընկերոջ ու փնտռուած բարեկամին։ Մեր գլուխը կը խոնարհինք անոնց թողած վաստակին առջեւ։
Սակայն, եթէ պահ մը անոնց ձայնը լսելի դառնար, հեռուէն եկող արձագանգը պիտի վերածուէր հրամանի համազօր՝ ուժեղ կոչի մը։
«Հայ նոր սերունդին հոգ տարէ՛ք», պիտի ըլլար սրտառուչ կոչը մեր նուիրեալներուն։
Ահա, հո՛ս կը գտնուի մեր թերթի յարատեւման, հայ մամուլի կենսունակութեան աղբիւրը։
Պարտաւոր ենք, միասնաբար՝ թերթ, գաղութի կազմակերպական գործօններ, հոգեմտաւոր կառոյցներ, հայ դպրութեան մշակներ, գլուխ ծռել նոր սերունդի ազգային, գաղափարական ու մտային զարգացման վրայ։ Ժամանակները ցոյց կու տան, թէ մաշումի արագընթաց հոսանքը ամայութեան կը վերածէ երբեմնի մեր մտաւորական անդաստանը, իսկ հայրենիքի ու Արցախի ապրած մերօրեայ՝ ներքին ու արտաքին ողբերգութիւնը սերունդները կը փորձէ հեռացնել մայր ակունքէն՝ հայրենի հողէն, լեզուէն, դիմագիծէն։
«Ազատ Օր»-ի պաշտօնէութիւնը եւ անոր ետին՝ արթուն պահակի նման կանգնող վարչական միաւորները, լիովին կը գիտակցին մեր թերթի կենսական անհրաժեշտութեան գաղութէն ներս։ Այնքա՛ն կենսական, որքան են մեր վարժարանները, մեր միութիւնները, մեր կառոյցները, ակումբներն ու օճախները։
Թերթը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, իր իններորդ տասնամեակի սեմին, յունահայութեան առջեւ կը ներկայանայ վերանորոգուած պատկեր մը կազմած ըլլալով, թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ էջադրումի նոր ձեւափաչով, քայլ պահելու համար արդի իրականութեան հետ։ Արդէն իսկ, շատերը իրենց ձեռքին մէջ առին նոր թիւը, գնահատանքի խօսքերը անպակաս եղան, իսկ մեր հոգեկան գոհունակութիւնը լիացաւ ի տես մեր ընթերցողներուն կողմէ տրուած հաւանութեան։ Միաժամանակ, ծրագիրներ կը մշակուին, որպէսզի թերթը իր քայլերը առաւել հաստատէ նաեւ արդի տեղեկատուական տարածքներուն մէջ, միշտ նախանձախնդիր ըլլալով աւելի ամրապնդելու ապագան՝ իր ունեցած 80-ամեայ կենսափորձին համաձայն։
Սակայն, այն բոլորը ի դերեւ պիտի ըլլան, եթէ գաղութային զօրաշարժ չըլլայ։
Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որպէսզի միասնաբար ամուր ու կանգուն պահենք մեր թերթը։ Շարունակենք «Ազատ Օր»-ին առջեւ մեր տուներուն դռները բաց պահել, նորապսակ օճախներուն թերթ նուիրել, վարժարաններուն մէջ ապագայ լրագրողն ու խմբագիրը կազմաւորել, պատանեկան եւ երիտասարդական, ակմբային եւ միութենական կեանքի հայելին դարձնել մեր թերթը։
Բոլորս միասնաբար եւ հաւաքաբար, այսօր իսկ՝ վերանորոգուած կամքով, մեր հետ տանինք մի՛շտ երիտասարդ մնացող բարեկամը՝ «Ազատ Օր»-ը։
Հ.Յ.Դ.Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ
ընկ.Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի խօսքը
«Ազատ Օր»ը արդէն կը թեւակոխէ իր 80-րդ տարին։ Յոբելենական կարեւոր թուական մը, որ կը նշենք մեծ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ, անշեղօրէն հաւատալով հայ թերթի կարեւորութեան եւ յարատեւութեան։ Մանաւանդ երբ այս յոբելեանը կը զուգադիպի հայկական առաջին տպագիր թերթի Ազդարար թերթի 230-ամեակին։ Զուգադիպութիւնները ընդհանրապէս շատ են հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Այսպէս, յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական դառն ճակատագիրը խորհրդանշելով, կը տեսնենք թէ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չէր տեսած հայրենի հողի վրայ, այլ հրատարակուած էր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ։
Յունաստանի «Նոր Օր» օրաթերթի պատմութիւնն ալ կը սկսի երբ Զմիւռնիոյ աղէտէն ետք, մահէն մազապուրծ փրկուած հայ գաղթականները կը հաստատուին Յունաստան եւ անմիջապէս կը դիմեն հայ թերթի հրատարակութեան, 1923-ին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Պատասխանատու Մարմիններու հետեւողական ու խիստ ջանքերուն շնորհիւ, «Նոր Օր»ը կը գործէ, ապա կը վերանուանուի «Ազատ Օր» եւ կը շարունակէ անխափանօրէն հրատարակուիլ մինչեւ օրս։
«Ազատ Օր»ի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր ընկեր Յովսէփ Պարազեան կ‘ըսէր թէ հայ թերթ հրատարակել կը նշանակէ բազմաբովանդակային ձեռնարկ մը կազմակերպել ամէն օր։ Անձնապէս կրնամ վստահեցնել այս խօսքի իրողութեան մասին։ Թերթի բովանդակութեան պատրաստութենէն զատ, հայ օրաթերթի խմբագրատունը կենդանի վայր ու ժողովուրդին հետ երկխօոսութիւն պահող օղակ պէտք է ըլլայ, ուր խմբագրական աշխատանքին կողքին՝ յօդուածագիրներու եւ միութենական կառոյցներու հետ համագործակցութեան, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններու, միութենական աշխուժութիւններու լուսաբանութիւններու լայն դաշտ մը կայ։ Իսկ զգացական կապը որ ունին ընթերցողները իրենց առօրեայ ընկերոջ՝ «Ազատ Օր»ին հետ, թանկագին այն թթուածինն է որ խմբագրական կազմեր եւ պատասխանատու մարմիններ յաւելեալ պարտականութեան առջեւ կը բերէ։
Տասնամեակներու ընթացքին թերթը ձեւաւորած է հետաքրքրուող ընթերցողներու ապահով զանգուած մը, որոնք կը գնահատեն տարուող աշխատանքը եւ իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը ցոյց կուտան հաւատարմօրէն։ Յօդուածագիրներու եւ աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ հայ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հետ անմիջական հաղորդակցութիւնը, հայութիւնը յուզող բոլոր հարցերու շուրջ հրապարակումները, Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամերը եւ Սփիւռքի հայ գաղութներուն մէջ իրադարձութիւնները՝ իրենց վերլուծական եւ հեղինակաւոր գրութիւններով՝ կեանք կուտան «Ազատ Օր»ի էջերուն։
Հ.Յ.Դ. Պատասխանատու Մարմիններու մղիչ ուժը այս գործին մէջ եղած է միշտ ժողովուրդի վստահութիւնը, քաջալերանքն ու գուրգուրանքը հայ թերթին հանդէպ։ Արդէն, հաստատութեան մը ապագայի յաջողութեան երաշխիքը անոր այսօրուան ու անցեալի աշխատանքներու արժեւորումն է։
Եւ այսօր, այս տօնական օրուան առիթով, մեր առջեւ բացուող մեծ մարտահրաւէրը՝ վաղուան օրը մտածելու եւ այն աւելի արդիւնաբեր դարձնելու մտասեւեռումն է։ Պահելով մեր օրաթերթի հիմքը հանդիսացող լրատուութեան, կարծիքներու փոխանակման եւ վերլուծումի ու գաղափարախօսական յօդուածներու հրապարակը, պէտք է ապահովել թերթի յաւելեալ տարածումը եւ իւրաքանչիւր յունահայ ընտանիքի թէ անհատի մօտ հասանելիութիւնը։
Ապագայի մասին կարելի չէ խօսիլ ու չի նշել լրագրական մարզին մէջ աշխատող մարդուժի եւ ընթերցող մարդուժի պատրաստութեան հարցը։ Երբ հայերէն ընթերցանութիւնը տարբեր պատճառներով նահանջ կ’ապրի «հայախօսութեան նուազում, ընկերային ցանցերու չափազանց օգտագործում, լատինատառ հայերէն, ոչ բաւարար ժամանակ, գրականութեան գործերու սահմանափակ վերահրատարակում, հայութեան հարցերէ մեկուսացում եւ այլն, եւ այլն» նոյնչափ կարեւոր կը դառնայ ընթերցող մարդուժի պատրաստութեան հարցը, այնքան՝ որքան երիտասարդ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ջամբումը։ Նոյն պահուն, թերթը ինքը պարտի որոնել նոր ու արդիական այն միջոցները, որ զայն մրցունակ եւ իր վրայ հետաքրքրութիւն կեդրոնացնող ազդակներ պիտի դառնան։
Այսօր ուրեմն այդ օրն է, որ կþարժեւորենք անցեալը եւ խարիսխ կը ստեղծենք ապագային համար։
Երկար տարիներ մաղթենք մեր սիրելի «Ազատ Օր»ին, շնորհաւորելով իր 80-ամեակը, եւ պատուելով խմբագրական կազմերու, աշխատակիցներու, հաւատարիմ ընթերցողներու եւ բոլոր նուիրեալներու մեծ բանակը։
Հ.Կ.Խաչի վարժարաններու աշակերտները
երանգաւորեցին թերթի 80-ամեակը
«Ազատ Օր»-ի 80-ամեակի ելոյթի յատկանշական բաժիններէն մէկը եղաւ յատուկ ցուցադրութիւն մը, որ պատրաստուած էր Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» եւ «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարաններուն կողմէ։ Քանի մը շաբաթ առաջ խմբագրատուն այցելած երկու դպրոցներու վերին կարգի աշակերտները, իրազեկ դառնալով 80-ամեակին համար կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, իրենց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի քաջալերական դրդումով, պատրաստեցին գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ, գրութիւններ, գծագրութիւններ եւ այլ ձեռակերտ իրեր, որոնք կապ ունէին թերթի յոբելեանին հետ եւ որոնց վրայ արտացոլաց անոնց մանկական երեւակայութիւնը հայ մամուլին հանդէպ։
Իւրատիպ այս աշխատանքը ցուցադրուեցաւ ելոյթի սրահի նախամուտին եւ գնահատանքի արժանացաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։