Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ նոր օրհնեալ ս. Միւռոնով ջրօրհնէք, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով՝ խաղողօրհնէք։ Այս առթիւ, առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հայրական պատգամին մէջ բնաբան ունենալով Ս. Աստուածածնայ շարականէն հատուած մը, ընդգծեց Ս. կոյս Մարիամի դերն ու տեղը եկեղեցւոյ, այլ խօսքով՝ հաւատացեալներու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ վեր առաւ օրուան խորհուրդին աւետարանական հատուածը։
Թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ փոխանցեց խաղողօրհնէքի աւանդութեան մասին ու մանաւանդ հայու նկարագիրը պահելու համար կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ կառչելու իրենց հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն. այլ խօսքով՝ օտարութեան մէջ հայկականը պահել, մեր ինքնութիւնը պահպանել ու երբեք չմոռնալ զայն մեր յաջորդներուն փոխանցելու։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ փոխանցեց 1 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կողմէ կատարուած Միւռոնօրհնէքի արարողութեան մասին, յայտնելով՝ այսօր մեզի հետ բերած այդ նոր օրհնուած միւռոնէն պիտի կատարենք ջրօրհնէք, որպէսզի մեր տուներէն ներս Ս. հոգւոյ շնորհքները հեղուն Ս. Միւռոնի ճամբով եւ օրհնութիւն դառնայ մեր կեանքէն ներս։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի եւ խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնները։
Նշենք, որ շաբաթավերջին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամուհիներուն կողմէ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու կողմէ եղան նուիրատուութիւններ փոխան խաղողի։
ԹՂԹԱԿԻՑ