Նոր օրհնեալ սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէք եւ խաղողօրհնէք ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով

0
112

­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան կ’ու­զենք յանձ­նել, թէ ­Կի­րա­կի, 14 Օ­գոս­տոս 2022-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րա­գին, պի­տի կա­տա­րո­ւի նոր սրբա­լոյս միւ­ռո­նով ջրօրհ­նէք՝ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1 ­Յու­լիս 2022-ին, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քէն ներս, ձե­ռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. սրբազ­նա­գոյն հայ­րա­պե­տին, ինչ­պէս նաեւ խա­ղո­ղօրհ­նէք՝ ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ վե­րա­փոխ­ման տօ­նին ա­ռի­թով։
Ս. եւ ան­մահ պա­տա­րա­գին պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ, ջրօրհ­նէքն ու խա­ղո­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րէ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ՝

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
(­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­թե­մին)

­Կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը, ներ­կայ ըլ­լա­լու ս. պա­տա­րա­գին եւ ջրօրհ­նէ­քի ու խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի մի­ջո­ցաւ ան­գամ մը եւս վե­րա­նո­րո­գեն ի­րենց ուխ­տը հան­դէպ ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ս. ե­կե­ղեց­ւոյ, ինչ­պէս նաեւ լսեն Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր հայ­րա­կան պատ­գա­մը։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ»
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ