Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան մեկնեցաւ Սէրրէս՝ տեղւոյն համայնքին հոգեւոր մատակարարման համար։ Համայնքի կեդրոնէն ներս ան հանդիպեցաւ Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան, «Պ. Սեւակ» Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն համայնքի ծխականներուն հետ։
Ապա, հայր սուրբին կողմէ կատարուեցաւ վերջերս 1 Յուլիս 2022-ին, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի ձեռամբ նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէքի, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչի տօնի նախօրեակին առիթով ռեհանօրհնէքի եկեղեցական արարողութիւնները եւ իր կարգին գերպ. հայր սուրբը փոխանցեց ջրօրհնէքի ու ռեհանօրհնէքի իմաստն ու նշանակութիւնը։
Համայնքին կողմէ տեղի ունեցաւ փոքր ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Հ.Հ. վերանկախացման տօնին առիթով, ուր ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ու ոտանաւորներով հանդէս եկան ու աղօթք բարձրացուցին Հայրենիքի անսասանութեան համար։ Աւարտին, հայր սուրբը շնորհաւորելով Հ.Հ. վերանկախացման տօնը յայտնեց, որ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է Հայրենիքին համար աղօթել, պաշտպանել ի գին արեան ու անոր անսասանութեան ի խնդիր գործել ու ծառայել, որպէսզի Հայրենիքը մնայ ամուր, անխախտ ու կայուն վիճակի մէջ։
Աւարտին, ներկաները ի պատիւ իրենց հոգեւոր հովիւին, անակնկալով մը, Սէրրէսի ճաշարաններէն մէկուն մէջ պատուեցին ողջերթի պահն ու երեկոն՝ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանին, որ 6 տարիներ անձնդիր կերպով ծառայեց Թեսաղոնիկահայութեան եւ այս պարագային Սէրրէսի հայութեան, անոնց վերելքին ու բարգաւաճման ու մանաւանդ հոգեւոր մատակարարման ի խնդիր։ Այս առիթով եղան խօսքեր Համայնքի Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ պրն. Վազգէն Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ տիկնայք՝ Անահիտ Թամազեանի, Նունէ Յովհաննիսեանի, Լիլիկ Յակոբեանի, Յասմիկ Հալեւորեանի, Նունէ Յարութիւնեանի, պարոնայք՝ Խաչիկ Գազարեանի, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ, որոնք բարձրօրէն գնահատեցին գերպ. հայր սուրբին անխոնջ ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը գաղութէն ներս։ Բնականաբար, յուզիչ էր պահը, երբ ներկաները բաժակ բարձրացնելով գերպ. հայր սուրբին մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն, նորանոր նուաճումներ, նոր վերելք եւ առաւել բարձրացում։ Այս ուրախ առիթէն օգտուելով, տեղի ունեցան նաեւ ծննդեան տարեդարձի նշումներ վերոյիշեալ ամսուն մէջ ծնած 3 հայորդիներու։
Ի վերջոյ, հայր սուրբը իր խորին ու անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց բարեմաղթանքներուն համար եւ յայտնեց հետեւեալը.- «Հոգեւորական դառնալը կեանքիս մէջ եղած էր նպատակ եւ ոչ միջոց, ու այդ նպատակով կազմաւորուեցայ Դպրեվանքէն ներս ու ճամբայ ելայ որպէս կուսակրօն քահանայ եւ շարունակեցի ու պիտի շարունակեմ ծառայել ժողովուրդիս, ազգիս ու հայրենիքիս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ճամբով»։ Ան յուսադրիչ ու խրախուսիչ խօսքերով գօտեպնդեց ներկաները, ըսելով. «Մի՛շտ եկեղեցւոյ կողքին մնացէք, պահեցէ՛ք մեր աւանդութիւններն ու հոգեւոր արժէքները ու մանաւանդ ձեր զաւակները դաստիարակեցէք հայեցի՛ դաստիարակութեամբ՝ մայրենի լեզուն անաղարտ պահելով ու ոգի ու շունչ ջամբելով անոնց։»
Ան բարձրօրէն գնահատեց Սէրրէսահայութիւնը եւ մաղթեց ամենալաւն ու ամենաբարին՝ համայնքը առաւել եւս մեծցնելու եւ աշխոյժացնելու նպատակով։ Աւարտին, համայնքին կողմէ գերպ. հայր սուրբին յանձնուեցաւ յիշատակելի նուէր մը՝ որպէս երախտագիտութիւն եւ բարձր գնահատանք։
Յայտնենք, որ վերջերս Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, գերպ. հայր սուրբը պիտի վերադառնայ Մայրավանք՝ Անթիլիաս, այնտեղ ստանձնելու զանազան տեսակի պարտականութիւններ ու պաշտօններ ու զինք պիտի փոխարինէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Եղիա աբղ. Մալխասեանը։
ԹՂԹԱԿԻՑ