ՄԻՆՍԱՐ
— Չե՞մ կարծեր այս անգամ ալ Նոր Տարին «հոս բանտարկուած» դիմաւորենք:
Այս «հոս բանտարկուածը» անանկ մէկ շեշտուած ձեւով մը ըսաւ, որ սարուխի նման ինկաւ ու պայթեցաւ գլխուս վրայ:
— «Հոս բանտարկուածը» ո՞ւր է, կնիկ:
— «Հոս», այս մեր տունին չոր ցամաք չորս պատերուն մէջ:
Ա՜խ, այս անպիտան տարիները: Ինչո՞ւ այսքան արագ կ՚անցնին: Դեռ մէկ քանի տասնամեակներ առաջ, «այս մեր տունին չոր ցամաք չորս պատերը», մեր «սիրոյ տաքուկ բոյնն» էին, իսկ հիմա՞:
Հիմա հէ՛չ մի հարցնէք:
Սիրելի ընթերցողներ, պատմութիւնս չշարունակած, պիտի ուզէի ձեզի որոշ բացատրութիւններ տալ:
Նախ ըսեմ, որ խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար իմ եւ իմ սիրելի տիկնոջս՝ Գեղարփիին միջեւ:
— Գիտե՞ս Աչինէն եւ Վաղունակը Նոր Տարին ո՛ւր պիտի դիմաւորէն:
— Ո՛չ գիտեմ, ո՛չ ալ գիտնալ կ՚ուզեմ: Ես հետաքրքիր մարդ չեմ:
— Հա, հա, խնդացինք: Ուրեմն գիտցիր, որ Իտալիաները եւ Վենետիկները պիտի երթան:
— Աստուած հետերնին: Անոնք հարուստ են եաւրում, դրամ ունին:
— Խնդիրը դրամը չէ, պարոնս, այլ՝ տրամադրութիւնն է: Իրենք աշխոյժ են, չէ որ քեզի պէս…: Տարիքէդ առաջ արդէն ծերացեր գացեր ես:
Խնդրեմ, այս «քեզի պէսը» հաշուեցէք որպէս թիւ երկու սարուխ: Անտեղացին ձեւացուցի:
— Եօթը օր Իտալիա եւ Վենետիկ օդանաւով, ուտելով, խմելով, պտտելով եւ հինգ աստղանոց պանդոկներու մէջ ալ գիշերելով, գիտե՞ս քանի պիտի վճարէն:
— Հոգս չէ, չեմ ուզեր գիտնալ, ըսի՛ քեզի:
— Անձ գլուխ ընդամէնը 420,00 եւրօ:
— Գնա՛ աղջիկ, մի՛ հաւատար, 420,00 եւրոյով եօթը օր, ոչ թէ օդանաւով Իտալիա, այլ՝ նոյնիսկ Յունաստան էշով չես պտտիր:
— Հրամմեցէք, պարոն խելացիս, ա՛ռ եւ կարդա՛:
Ըսելը ու ճիշդ քիթիս տակը, ճամբորդական գրասենեակի մը չորս էջնոց գովազդի պրակը խոթելը, մէկ եղաւ:
Սկսայ կարդալ: Իսկապէս պրակին մէջ գրուածը, իր ըսածին պէս էր: Եօթը օրուան շրջապտոյտ՝ Իտալիա եւ Վենետիկ, երթուդարձը օդանաւով, գիշերումը հինգ աստղանոց շքեղ պանդոկներու մէջ, ուտել խմելը ճոխ եւ առատ, (24 ժամ բաց պիւֆէ), պտոյտները պիտի կատարուէին սոյն ճամբորդական գրասենեակին անձնական հանգստաւէտ հանրակառքերով, տեսարժան վայրերու եւ թանգարաններու մուտքի տոմսերուն փոխարժէքները ներառեալ էին գինին մէջ եւ տակաւին «մէկ սիւրիւ» անակնկալներ: Պրակին մէջ դրուած նկարներն ալ, իրապէս գրաւիչ, գեղեցիկ, ու համոզիչ էին: Ծօ, կըսե՞ս, մտածեցի, ու այս եղաւ իմ առաջին սխալ մտածումս, ինչու դժբախտաբար աւելի յետոյ ուրիշներ ալ յաջորդեցին:
— Բոլոր ընկերուհիներս ամբողջ աշխարհը պտտած են, ես ալ…: Ես ալ այստեղէն հոն նոյնիսկ չեմ կրցած երթալ:
Ձեր ժամանակը խնայելու նպատակով ըսեմ, որ բաւական վիճելէ ետք, վերջապէս տեղի տուի եւ ցաւ ի սիրտ համաձայնեցայ: Ու ասիկա եղաւ իմ թիւ երկու սխալս:
Բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները կարգաւորելէ ետք, որոշուած օրը, էշու նման խոբխոշոր երկու պայուսակ բեռնուած, (Աստուա՜ծ իմ, մենք եօթնօրեայ շրջապտոյտի՞ կ՚երթայինք կոր մը, կամ թէ տուն կը փոխադրէինք կոր), հասանք նախորոշուած ժամադրավայրը, ուր ծանօթացանք միւս ճամբորդներուն ու մեր շրջագայութեան առաջնորդին: Արդէն քիչ յետոյ Վաղունակը եւ Աչինէն ալ եկան:
Մեր մեկնելու ժամանակը կը մօտենար կոր, բայց մեզի դէպի օդակայան փոխադրող հանրակառքը տակաւին երեւցած չունէր: Գրասենեակի պատասխանատու առաջնորդը անկիւն մը քաշուած, իր բջիջային հեռաձայնով մէկու մը հետ ցած ձայմով կը վիճէր կոր: Սկսայ անհանգստանալ: Քիչ ետք պատասխանատուն մեզի մօտեցաւ եւ ըսաւ.
— Դժբախտաբար փոքրիկ փորձանք մը պատահեցաւ մեր գրասենեակի ինքնաշարժին ու ստիպուած պէտք է, որ ուրիշ միջոցով մը օդակայան երթանք:
— Քա, վնաս չունի, թաքսի մը կ՚առնենք կ՚երթանք: (Սոխի գլուխի պէս նետուեցաւ Գեղարփին):
— Հա քա, ինչ կ՚ըլլայ որ, թաքսի մը կ՚առնենք կ’երթանք: (Ուղղակի համաձայնեցաւ Աչինէն): Ասանկ փոքրիկ պատահարի մը երեսէն թող չձգենք, որ մեր այսօրուայ ուրախ տրամադրութիւնը խանգարուի:
Անգամ մը եւս, էշու նման բեռնուեցայ մեր երկու կոճաման պայուսակները եւ բաւական փնտռելէ ետք, վերջապէս յաջողեցանք թաքսի մը գտնել ու բաւական մեծ ուշացումով հասնիլ օդակայան:
Դարձեալ ձեր ժամանակը խնայելու նպատակով, ձեզի հերթական շարքով պիտի թուեմ, մեր գլխուն հասած մնացեալ բոլոր փորձանքները:
Ա.- Օդակայան ուշացումով հասնելնուս հետեւանքպով, հասկնալի է, որ թռիչքնիս կորսնցուցինք, սակայն մեր առաջնորդը մեզի վստահեցուց, որ անհանգստանալու պատճառ մը չկայ, որովհետեւ ինքը անպայման, հարցը տեղուոյն վրայ պիտի լուծէր: Դարձեալ անկիւն մը քաշուեցաւ եւ սկսաւ իր բջիջային հեռաձայնով մէկու մը հետ խօսիլ, ապա յայտարարեց:
— Ամէն բան կարգադրուեցաւ, հէչ մի մտահոգուիք: Չնչին տարբերութիւն մը վճառելով, պիտի մեկնինք յաջորդ թռիչքով:
Գեղարփին եւ Աչինէն ուրախութեամբ ծափահարեցին: Իսկ ե՞ս… ես պատրաստ էի մարդ սպաննելու, որովհետեւ շրջագայութեան գումարէն բացի, արդէն 35,00 եւրօ ալ վճառած էի թաքսիին համար: Մինչ այդ նկատեցի, որ Վաղունակն ալ կարծես թէ սկսած էր ինծի տեսակ մը ծուռ ծուռ նայիլ: Չմոռցած ըսեմ, որ առաջնորդնիս ալ վրիպեցաւ մեզի տեղեկացնելու, որ «յաջորդ թռիչքի» օդանաւի տոմսակներուն այդ «չնչին» տարբերութիւնը, անձ գլուխ 100,00 եւրօ էր, ինչպէս նաեւ, որ «յաջորդ թռիչքը» կէս գիշերէն ետք, առաւօտեան ժամը 02:00-ին պիտի ըլլար:
— Աշխարհ կործանի, ես որոշած եմ այսօր տրամադրութիւնս չաւրել, (յայտարարեց Գեղարփին ու Աչինէին թեւը մտնելով, ըսաւ), եկուր աղջիկ, մինջեւ մեր մեկնելուն ժամը հասնիլը, քոնէ քիչ մը օդակայանին խանութները պտտինք… դուք ալ գացէք սուրճ մը խմեցէք: (Ըսաւ մեզի ու ինծի դառնալով հարցուց), Հմայեա՛կ, հէչ մանրուք կա՞յ մը վրադ:
Փոխանակ պատասխանելու, ծուռ-ծուռ ուղղակի աչքերուն մէջ նայեցայ: Կ՚երեւի թէ նայուածքս խելագարի նայուածքի նման էր, ինչու արագ մը մեկնեցաւ, առանց որեւէ ուրիշ աւելորդ պակաս խօսք ըսելու:
Բ.- Ժամը հասաւ եւ բաւական անհանգիստ ճամբորդութենէ մը ետք, վերջապէ՜ս խերով-բարով հասանք Իտալիա: Մենք հասանք, այո՜… բա՞յց… բայց դժբախտաբար չհասան մեր պայուսակները, որոնք սխալմամբ ուրիշ թռիչքի մը բեռցուելով, հասած էին հեռաւոր Աւստրալիաները: Քանի մը անգամ հեռաձայնելէ ետք, առաջնորդնիս մեզի վստահեցուց, որ մինչեւ առաւօտ, մեր պայուսակները անպայման մեզի հասած պիտի ըլլային: Բայց… մոռցաւ ըսելու, թէ ո՞ր օրուան առաւօտուն հասած պիտի ըլլային:
— Աւելի լաւ, Իտալիայէն վերջին նորաձեւութեան հագուստներ կը գնենք, (ըսաւ Գեղարփին):
Աչինէն համաձայնեցաւ: (Ան պակաս էր՝ չհամաձայնէր): Վաղունակը, չղայնութեամբ խնդաց, իսկ ես ալ գաղտնօրէն թանսիոնի դեղահատներուս տուփը հանեցի եւ ոեւէ մէկը լուր չառած, արագ մը երկու հատ կուլ տուի:
— Ամօթ չըլլայ եա՜, բայց առանց գիշերանոցի գիշերը ինչպէ՞ս պիտի պարկինք: Հարցուցի:
Գեղարփին եւ Աչինէն նշանակութեամբ իրար երես նայեցան, խնդացին, ապա Գեղարփին ըսաւ:
— Ճիշդ նորապսակներու մեղրալուսնի նման:
Սկսայ մտածել, որ անպայման կնիկս ինձմէ գաղտնի բան մը խմած ըլլալու էր: Եղբա՛յր, տարբեր չէր կրնար բացատրուիլ իր այս մշտական երջանիկ տրամադրութիւնը:
Գ.- Պանդոկը իսկապէս շքեղ ու հինգ աստղանոց էր, բայց… կը գտնուէր մեր մնալիք հանրակացարանին ճիշդ դիմացը: Պանդոկապետը, անտեղեակ ըլլալով մեր ուշացումի պատճառէն եւ որեւէ լուր ալ ստացած չըլլալուն, մարդը իրաւունքովը ենթադրէր էր, որ մեր պտոյտը յետաձգուած է եւ մեր սենեակները տրամադրած էր ուրիշ ճամբորդներու:
Բաւական մե՜ծ դժուարութեամբ, մեր խե՜ղճ առաջնորդը, յաջողած էր այս հանրակացարանին մէջ, մեզի գոնէ մէկական սենեակ ապահովել:
— Բնաւ ալ հոգս չէ, (ըսաւ Գեղարփին), քա միթէ մենք Իտալիա քնանալո՞ւ եկեր ենք մը…
Սկսայ երկու ձեռքերս, դէպի իր բարակ վիզը երկարել, բայց առագ մը պաղարիւնութիւնս վերագտելով ինքզինքս զսպեցի…
Դ.- Անսպասելի թիւրիմացութեան մը հետեւանքով, մեզի պտտցնելիք անձնական «հանգստաւէտ հանրակառքն» ալ չէր ապահովուած ու ստիպուած սկսանք պտտիլ, Իտալիոյ հանրային փոխադրամիջոցներով:
Մեր առաջնորդը մեզի նախազգուշացուց, ըսելով՝ որ Իտալիա շատ գողութիւններ կ՚ըլլային կոր, մանաւանդ զբօսաշրջիկներուն այցելած վայրերը, անանք որ պէտք էր, որ մեր դրամապանակները լաւ պահէինք:
— Մեզի գողնալ մտածողը չէ ծնած տակաւին: (Ըսի խնդալով):
Աղէկ ըսեր են՝ «Ծօ, մեծ պատառ կեր, մեծ խօսք մի ըսեր»: Երբ մեր իջեւանած հանրակացարանը վերադարձանք, ցաւ ի սիրտ նկատեցինք, որ իմ եւ Վաղունակին դրամապանակները արդէն թռցուցած էին. աղէկ որ Գեղարփին եւ Աչինէն իրենց, (վարդի ջուր երեսնիդ), կրծքամաններուն մէջ, որոշ գումար մը պահած էին, եթէ ոչ…:
Անձեռնմխելի կանոն: Աշխարհի ամէնաապահով դրամարկղը, իգական սեռի կրծքամանն է: Շա՜տ մեծ դիւրութեամբ կրնաս որեւէ գումար հոն պահեստի դնել, սակայն հաւատացէք, որ շա՜տ մեծ դժուարութեամբ կրնաս այդ գումարը ետ առնել:
Ե.- Ճաշը իսկապէս ճոխ ու առատ էր: Բայց եղբայր, մաքարոնիա ուտելէն ալ մուխերնիս մարաւ: Առտու, կէսօր, գիշեր մաքարոնիա: Մաքարոնիա՝ հորթի միսով, մաքարոնիա՝ խոզի միսով, մաքարոնիա՝ հաւու միսով, մաքարոնիա՝ ձուկով, մաքարոնիա՝ բանջարեղէններով, մաքարոնիա՝ ձկնեղէններով, մաքարոնիա, մաքարոնիա, մաքարոնիա:
Զ.- Դժբախտաբար, թանքարաններն ալ չկրցանք այցելել, որովհետեւ «ցուցանիւթերու հոգատարութեան» շրջանը ըլլալուն, մուտքը արգիլուած էր:
Չեմ գիտեր, ո՛ր Սուրբին միջամտութեամբ, անցան այս աննկարագրելի շրջապտոյտին տաժանելի եօթը օրերը եւ վերջապէ՜ս վերադարձանք մեր տունիկները:
Աթէնքի օդակայանին մէջ, մեր հրաժեշտի պահուն, Վաղունակին քիչ մը անդին քաշեցի եւ հարցուցի.
— Կը ներես եա՜, Վաղունակ, բայց ինչո՞ւ ամէն անգամ, որ դերսութիւն մը կը պատահեր կոր, ինծի ծուռ-ծուռ կը նայէիր կոր:
— Բարեկամս, հոգիդ սիրեմ, այսուհետեւ այս գաղափարներդ դուն քեզի պահէ: Կ՚ուզես կոր Իտալիա՞ երթալ: Ելիր գնա: Աստուած հետդ: Իմ յանցա՞նքս ինչ է… ինչո՞ւ ինծի ալ հետդ կը քաշքշես կոր:
— Անշուշտ կատակ կ՚ընես կոր, Վաղունակ: Ընկերս, ես քո՛ւ խադրիդ համար է, որ եկայ: Գեղարփին ինծի ըսաւ, որ դուք էրիկ-կնիկ որոշեր էք Նոր Տարին Իտալիա անցնել, ես ալ քեզի ընկերանալու համար է որ եկայ:
— Ի՞նչ ըսիր… վա՜յ չար սատանայ, վա՜յ: Աչինէն ալ ձեր մասին ճիշդ նոյն բանը ըսաւ ինծի: Վա՜յ խորամանկ կնիկներ վա՜յ: Ինչ եղածը հասկցա՞ր հիմա:
Չկրցայ ոչինչ ըսել: Լեզուս կապուեցաւ: Աչքս դառձաւ: Միայն ասանկ, պղտոր, նման մշուշի, կը յիշեմ կոր, որ խելագարի հայեացքով Գեղարփիին փնտռեցի: Հազիւ իրեն տեսայ, ուղղակի վրան ցատկեցի եւ երկու ձեռքերս ալ վիզին շուրջ ոլորելով, սկսայ սեղմե՜լ, սեղմե՜լ, սեղմե՜լ: Չեմ գիտեր թէ ինչու, սակայն որքան կը սեղմէի, այնքան աւելի հաճոյք կ՚առնէի: Անմիջապէս վրայ հասան քանի մը սպիտակազգեստ մարդիկ, որոնք վրաս ինկան ու գեղեցիկ ճերմակ բռնաշապիկ մը հագցուցին ինծի:
Երբեք պիտի չմոռնամ բռնաշապիկին վրայի ցուցագիրը…
«Մէյտ ին Իթալի» գրուած էր: Իտալակա՜ն էր, իտալակա՜ն…
* * *
Սիրելի ընթերցողներս եւ «Ազատ Օր»ի ընտանիքս, Նոր Տարուան եւ հայոց Սուրբ Ծնունդի զոյգ տօներուն առիթով, խնդրեմ ընդունեցէք իմ ամենաանկեղծ բարեմաղթանքներս: Երանի 2024-ը իրականացնէ մեր կիսատ ու անկատար մնացած բոլոր ծրագիրները:
minsar55@gmail.com