­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Կի­րա­կի՝ 22 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։00էն սկսեալ, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծնն­դեան պա­զար, ներ­կա­յու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հոծ բազ­մու­թեան։ ­Պա­զա­րի ըն­թաց­քին վա­ճա­ռո­ւե­ցան զա­նա­զան տե­սա­կի ու­տես­տե­ղէն­ներ, ձե­ռա­գործ­ներ, ի­րեր, օ­րա­ցոյց­ներ, կրպակ­ներ, զա­նա­զան նո­ւէր­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տո­ւած էին կա­մա­ւոր ան­հատ­նե­րու կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Լ.­Շանթ» խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ ­Սոյն պա­զա­րի հա­սոյ­թէն բա­ժին մը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի նաեւ դպրո­ցի կա­րիք­նե­րուն։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րով հան­դէս ե­կան ­Ծաղ­կո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծնն­դեան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, ո­րոնք ի­րենց բարձ­րօ­րակ պա­րե­րով՝ ու­րախ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին եւ ա­ռա­ւել փայլ տո­ւին օ­րո­ւան ձեռ­նար­կին։
Այս ու­րախ առ­թիւ, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­մաս­նա­ճիւղն ու Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նեն բո­լո­րին անխ­տիր, ո­րոնք օգ­տա­կար դար­ձան սոյն պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։ ­Յատ­կան­շե­լի է, որ սոյն պա­զա­րին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազ­գա­յին­նե­րէն՝ տիկ. Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան նաեւ նկա­տի ա­ռած էր սե­ղա­նի մը վրայ զա­նա­զան ի­րեր վա­ճա­ռել եւ յայտ­նած էր, որ հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ­Ծաղ­կո­ցի կա­րիք­նե­րուն։
Այս առ­թիւ, Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­Տիկ. Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նին, որ մշտա­կան կեր­պով կ’օ­ժան­դա­կէ ­Ծաղ­կո­ցի վե­րել­քին եւ իր ներդ­րու­մը կը բե­րէ դպրո­ցի յա­րա­տեւ­ման ջան­քե­րուն։

­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

ԹՂԹԱԿԻՑ