ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի՝ 2 Յունուար 2022-ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ 2022-ի Ամանորեայ ս. Պատարագը, որ կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, Ս. խորանի սպասարկութեամբ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն, դպիրներուն, եւ մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը փառք տուաւ ամենակալ Աստուծոյ, որ հակառակ աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն ու չարիքներուն, որպէս գթառատ Հայր, բոլորիս տարի մը եւս շնորհեց՝ Իր փառքը անգամ մը եւս հիւսելու եւ շնորհակալ ըլլալու՝ Անոր տուած բոլոր բարիքներուն համար։ Ան յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեանին փոխանցեց հայրապետական եւ հայրական բարեմաղթութիւնները՝ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ նորանոր ու պայծառ տեսիլքներու իրականացում մաղթելով բոլորին։
Գերպ. հայր սուրբը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ» շարականի այն հատուածէն, ուր կ’ըսէ. «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորոգ զարդարեա՛», բացատրելով եւ կոչ ընելով բոլորին՝ Նոր տարուան առաջին օրերէն մեր սրտերն ու հոգիները նորոգելով ու բանալով Աստուծոյ առջեւ՝ մուտք գործենք 2022 թուականը՝ նոր մարդ դառնալով ու նոր ոգի ու շունչ տալով մեր կեանքի ասպարէզէն ներս նետուող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն։
Աւարտին, հայր սուրբը, եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան եւ շրջանի միութիւններուն անունով եւ անձնապէս, շնորհաւորեց Թեսաղոնիկէի մէջ բնակուող բոլոր հայորդիները, մաղթելով ամենալաւն ու ամենաբարին եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ ներկայ տարին բոլորիս համար ըլլայ յաջող ու բարեբեր տարի։
«Շնորհաւոր Նոր Տարի, թող գալուստդ ըլլայ բարի»
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
Հինգշաբթի՝ 6 Յունուար 2022-ի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ։ Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, ներկայութեամբ Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եւ երգեցողութիւնը կատարեցին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներն ու ծառայողները։
Հայր սուրբը իր քարոզին սկիզբը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն Վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեանին, Ս. Ծննդեան առթիւ փոխանցեց հայրապետական եւ հայրական բարեմաղթութիւնները։ Հայր սուրբը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր մեր եկեղեցւոյ աւանդական ծննդեան շարականներէն «Խորհուրդ Մեծ»-ի 2-րդ տունը, որ կ’ըսէ. «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի. որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ»։ Անդրադարձաւ Քրիստոսի ծննդեան դրուագին ու սքանչելի խորհուրդին եւ յորդորեց ներկաներուն, ըսելով. «Ձեր հայեացքը ուղղեցէ՛ք դէպի Բեթղեհէմ եւ անկէ պիտի ստանաք Արեւեքէն ծագող Լոյսը, որ նոյնինքն Քրիստոսն է. եւ այդ Լոյս-Քրիստոսին ընդմէջէն փորձեցէք ձեր նմաններուն կեանքը լուսաւորելու եւ ուրախացնելու, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն տակ, երբ ամբողջ աշխարհը մահու-կենաց պայքար կը մղէ յանուն արդարութեան, խաղաղութեան ու առողջութեան ի խնդիր. Քրիստոսի ծնունդը մեծ եւ սքանչելի խորհո՛ւրդ մըն էր, որ յայտնեցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, Բեթղեհէմ քաղաքէն նոր Արքայ, խաղաղութեան Իշխան մը ծնաւ, որպէսզի մարդկութիւնը խոնարհի Անոր առջեւ, որովհետեւ Ան մեզի համար մարմնացաւ. հետեւաբար, սրտով ու հոգիով խոնարհեցուցէ՛ք ձեր գլուխները, որպէսզի բոլորիս պարգեւէ առողջութիւն, երկա՜ր օրեր ու մանաւանդ բնականոն կեանքի վերադարձ»։
Աւարտին, հայր սուրբը, եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան եւ շրջանի միութիւններուն անունով եւ անձնապէս, Ս. Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօներուն առթիւ շնորհաւորեց Թեսաղոնիկէի մէջ բնակուող բոլոր հայորդիները, մաղթելով ամենալաւն ու ամենաբարին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աւետիս, Էմմանուէլ, Մկրտիչ, Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար անուն կրողները։
Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ աջակողմը գտնուող Ս. մկրտարանէն՝ եկեղեցւոյս սպասաւորներուն մասնակցութեամբ եւ «Լոյս ի Լուսոյ..» գեղեցիկ շարականով, Միւռոնաթափ սրբալոյս Միւռոնը բերուեցաւ ու բարձրացուեցաւ Ս. խորան՝ եւ շարականներու, աղօթքներու, քարոզներու, մաղթանքներու, աւետարանի ընթերցանութեամբ, Ս. միւռոնի հեղումով, ինչպէս նաեւ խաչ հանելու աւանդական դրութեամբ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի եկեղեցական արարողութիւնը, որ խորհրդանիշ է Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Աւագ սարկաւագներէն՝ Աւետիս ա. սրկ. Աւետիսեանը։ Ս. Պատարագի վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կողմէ բոլոր ժողովուրդի զաւակներուն բաժնուեցաւ օրհնուած ջուր։
Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Չորեքշաբթի՝ 5 Յունուար 2022-ի երեկոյեան, կատարուեցաւ ճաշու եւ երեկոյեան ժամերգութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթերցուածներու ներկայացում։ Յաջորդաբար, մատուցուեցաւ ճրագալոյցի ս. եւ անմահ պատարագ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ նախատօնակի աւանդական արարողութիւնը, ուր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ եկեղեցւոյս ծառայողներուն ու հայր սուրբի գլխաւորութեամբ երգուեցան «Խորհուրդ Մեծ» եւ «Այսօր Տօն է» շարականները։
Նկատի ունենալով Թեսաղոնիկէի մէջ «Քորոնա» համաճարակի բազմացումը, այս տարի եւս զանց առնուեցաւ Թաղական խորհուրդի գաթայի կտրումն ու Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի աւետիսի շրջագայութիւնը։
Իսկ Ուրբաթ՝ 7 Յունուար 2022-ին, յիշատակ մեռելոց էր։ Այս առթիւ, հայր սուրբը առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի ազգ. գերեզմանատուն եւ կատարեց գերեզմանօրհնէք։ Շաբաթ՝ 8 Յունուարէն սկսեալ, շրջանի հոգեւոր հովիւը Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, սկսաւ Թեսաղոնիկէի ծխայիններուն տուները այցելել եւ տնօրհնէք կատարել։
«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»
ԹՂԹԱԿԻՑ