CNN Greece լրատուական համացանցային կայանը ներկայացուց 27 վայրկեանոց վաւերագրական սքանչելի տեսաերիզ մը՝ պատրաստուած լրագրող եւ պատերազմներու առաջին գիծին վրայ գտնուելու միշտ պատրաստ թղթակից Մարիա Քարխիլաքիի եւ նկարահան Եորղոս Ափոսթոլոփուլոսի կողմէ։
Մարիա Քարխիլաքի վերջերս Արցախ գտնուեցաւ եւ նկարահանեց տեսաերիզը՝ «ΝΑΓΚΟΡΝΟ ΚΑΡΑΜΠΑΧ — Στον μαύρο κήπο του Καυκάσου» խորագրով, ուր կը ներկայացնէ 1991ի ազատագրական շարժումէն սկսեալ Արցախի պատմականը՝ տեսակցութիւններ ունենալով Արցախի երիտասարդներուն, Հայաստանի եւ Արցախի կառավարական դէմքերուն, զինուորական ղեկավարներու եւ զինուորներու հետ, վկայութիւններ առնելով անոնցմէ, այդ շրջանի պատերազմի օրերուն անոնց ապրումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց զգացումներուն եւ խաղաղութեան ակնկալութիւններուն մասին։ Տեսակցութիւն ունեցաւ յունական արմատներ ունեցող Արցախի բնակիչներուն հետ, որոնք նոյնչափ ե՛ւ հայ, ե՛ւ յոյն կը զգան։
Տեսաերիզը կը ցուցադրէ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ աւերիչ պատերազմի ազդեցութիւնը շրջանի բնակչութեան վրայ։ Ան այցելեց Թալիշ սահմանամերձ գիւղը, նկարահանեց աւերակ դարձած դպրոցը եւ ազերիներու կատարած վայրագութիւնները խաղաղ բնակչութեան վրայ։
Այս վաւերագրական ժապաւէնը Մարիա Քարխիլաքի կ’աւարտէ հայ երիտասարդ դաշնակահարի մը վկայութեամբ, որ իր ընկերը կորսնցուց պատերազմի ընթացքին եւ հիմա, պատերազմէն վերադարձին, իր ընկերոջ կորուստն ու ցաւը կ’ամոքէ երաժշտութեամբ, որու ընդմէջէն կ’արտայայտէ իր մտածումներն ու զգացումները։
Դիտել տեսաերիզը`