Ատտիկէի նահանգը եւ Աթէնք քաղաքը թագավարակի լուրջ տարածման վտանգին տակ կը գտնուին։ Կառավարութիւնը նոր սեղմումներ յայտարարեց, որոնք ի զօրու դարձած են Երկուշաբթի՝ 21 Սեպտեմբերէն, ջանք թափելով շրջանցել ամբողջական փակման պարագան։ Արդէն, մասնագէտ բժիշկները կը խօսին Ատտիկէի նահանգի փակման մասին, եթէ յայտարարուած միջոցառումները վարակի նուազման սպասուած արդիւնքը չտան։ Աթէնքի մէջ, իրավիճակը կարմիր գիծին հասած է արդէն եւ կացութիւնը մտահոգիչ է, յայտարարեցին կառավարութեան ներկայացուցիչները։
Նոր սեղմումներուն համաձայն՝ ներքին եւ արտաքին վայրերու մէջ, հաւաքներու մասնակցողներու առաւելագոյն թիւը պիտի ըլլայ 9 հոգի։ Կ՚առկախուին ներքին եւ արտաքին վայրերու մէջ նախատեսուած բոլոր համերգները եւ մշակութային ելոյթները։ Պսակի, մկրտութեան եւ թաղման խորհրդակատարութիւնները պիտի ըլլան առաւելագոյն 20 հոգիով։
65 տարեկանէն վեր անձերուն համար, կը թելադրուի, որ յաջորդ 14 օրերուն սահմանափակեն տունէն դուրս փոխադրութիւնները, մարդոց հետ շփումները եւ հանրային փոխադրամիջոցներու գործածութիւնը։
Գրասենեակային աշխատանքի պարագային, պետական եւ անձնական ոլորտի աշխատողներու մօտ 40% տուներէն հեռավար աշխատանք պիտի կատարէ։ Պետական ոլորտի աշխատողները իրենց աշխատանքի վայրերը պիտի հասնին խմբային երեք տարբեր ժամանակացոյցերով, իսկ անձնական ոլորտի աշխատողներուն համար պիտի տրուի հնարաւորութիւնը աշխատանքի ներկայանալ ու անկէ մեկնիլ չորս տարբեր ժամային դասաւորումներու հիման վրայ։