Նոր հրա­տա­րակութիւններ

«Գաղտնի դպրոց»ի բազում երեսները. հայերու պարագան թրքական տիրապետութեան տակ

0
13807

«Գաղտնի դպրոց»ի բազում երեսները. հայերու
պարագան թրքական տիրապետութեան տակ

­Վեր­ջերս, յու­նա­կան «Ελίκρανον» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ լոյս տե­սաւ հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն մը, նիւթ ու­նե­նա­լով՝ ««­Գաղտ­նի դպրոց»ի բա­զում ե­րես­նե­րը. հա­յե­րու պա­րա­գան թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ» (Οι πολλές όψεις του «Κρυφού σχολείου», η περίπτωση των Αρμενίων υπό τουρκοκρατία), որ պատ­րաս­տո­ւած է Եոր­ղոս Ար­ղի­րա­քո­սի եւ ­Քոնս­թան­թի­նա-­Քո­րա­սոն Ար­ղի­րա­քու­յի կող­մէ։
­Գիր­քի 96 է­ջե­րուն մէջ հան­գա­մա­նօ­րէն կը քննո­ւին թրքա­հա­յու­թեան գաղտ­նի կրթու­թեան մի­ջոց­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս՝ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի սկիզ­բէն մին­չեւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն։
­Նա­խա­պէս, հե­ղի­նակ­նե­րը հա­յոց պատ­մու­թեան մա­սին նշում­ներ կը կա­տա­րեն, ա­պա կը ներ­կա­յաց­նեն 16րդ ­դա­րէն սկսեալ մին­չեւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը հայ ժո­ղո­վուր­դի լե­զո­ւա­կան, կրթա­կան եւ հրա­տա­րակ­չա­կան զար­գա­ցու­մը։
Ա­պա, գիր­քին գլխա­ւոր նիւ­թը կը կեդ­րո­նա­նայ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հայ եւ յոյն գաղտ­նի քրիս­տո­նեա­նե­րու պատ­մու­թեան վրայ, զայն կա­պե­լով լե­զո­ւի գաղտ­նի ու­սու­ցու­մին եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի պահ­պա­նու­մին հետ։
Աշ­խա­տու­թիւ­նը յատ­կա­պէս կ­՚անդ­րա­դառ­նայ ­Պոն­տո­սի հա­յե­րուն մա­սին, ո­րոնք բռնի կեր­պով իս­լա­մա­ցան 17րդ­ եւ 18րդ ­դա­րե­րու ըն­թաց­քին, իսկ յատ­կան­շա­կան է գիր­քի հե­ղի­նակ­նե­րու եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը թէ.- «Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մու­սուլ­ման զան­գո­ւած­նե­րը յա­ռաջ ե­կան քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բռնի կրօ­նա­փո­խու­թե­նէն։ Այս իո­րո­ղու­թիւ­նը ան­ցեա­լին յե­նո­ւած էր պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու վրայ, սա­կայն այ­սօր ա­նի­կա կը փաս­տո­ւի նաեւ ծա­գում­նա­բա­նու­թեան (γενετική) գի­տու­թեան ար­դի մի­ջոց­նե­րով»։
­Գիր­քը պատ­մա­կան կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ապ­րած հայ եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան եր­թին մա­սին։