Նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն

Նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հե­ղի­նա­կու­թեամբ. «The Armenian Church»

0
1470

Անգ­լե­րէ­նով գրո­ւած եւ 240 է­ջե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի յի­շեալ գիր­քին նպա­տակն է, ինչ­պէս ինք կը յի­շեց­նէ գիր­քի նե­րա­ծա­կա­նին մէջ, դա­րա­ւոր հայ ե­կե­ղե­ցին ծա­նօ­թաց­նել օ­տար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րուն մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մօ­տէն հա­ղորդ դարձ­նել հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, ար­ժէք­նե­րուն եւ դա­ւա­նան­քին: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը փոր­ձած է ո­րոշ չա­փով հե­ռու մնալ ա­կա­դե­մա­կան վեր­լու­ծում­նե­րէ եւ ժո­ղովր­դա­յին մօ­տե­ցում­նե­րէ` փոր­ձե­լով ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով հասկ­նա­լի դարձ­նել իր ո­ճով, մօ­տե­ցու­մով ու վեր­լու­ծու­մով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ առն­չո­ւած յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­ներն ու դէպ­քե­րը:
­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը չէ, զոր ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, այլ պատ­մա­կան խոր­քի վրայ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­ւոյթ­նե­րը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­տա­րած ա­ռանց­քա­յին դե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ, միշտ ամ­փոփ գի­ծե­րով, լու­սար­ձա­կի տակ բե­րած է հայ ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնն ու միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը:
­Հե­տե­ւա­բար, մօ­տէն հա­ղորդ ըլ­լալ այս գիր­քին բո­վան­դա­կու­թեան՝ կը նշա­նա­կէ մօ­տէն ծա­նօթ ըլ­լալ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան:
­Գիր­քը նաեւ պի­տի թարգ­մա­նո­ւի ա­րա­բե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, սպա­նե­րէ­նի եւ ի­տա­լե­րէ­նի: