ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ը­սին, որ յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կը ան­ցած է եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հար­ցեր չեն լու­ծո­ւիր յե­ղա­փո­խու­թեան ճամ­բով…
­Մեր ժո­ղո­վուր­դին վախ­ցու­ցին, որ մեզ շրջա­պա­տող թուրքն ու ատր­պէյ­ճան­ցին ան­մի­ջա­պէս կը յօ­շո­տեն ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը, ե­թէ քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան՝ նոյ­նիսկ խա­ղաղ ըմ­բոս­տաց­ման ճամ­բով մեր ժո­ղո­վուր­դը ոտ­քի ել­լէ իր փճա­ցած եւ բռնա­կալ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն ու զա­նոնք պահ­պա­նող ստո­ւե­րա­յին ու­ժե­րուն, այ­լեւ շա­հա­գոր­ծող ցե­ցե­րուն դէմ։
­Շե­փո­րե­ցին, որ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեր­տու­մին մէջ ե­զա­կի ներդ­րում ու­նե­ցած է ­Սերժ ­Սարգ­սեան եւ հարկ է պե­տու­թեան ղե­կին զայն պա­հել՝ ի հար­կին սահ­մա­նադ­րու­թիւն փո­խե­լով եւ ա­նոր ա­ւար­տած եր­կու շրջան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­նո­րո­գումն ու եր­կա­րաձ­գու­մը «օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լով»…
Ու­րիշ բա­ներ ալ ը­սին եւ ա­մէն աղ­բիւ­րէ ջուր բե­րին ար­դէն հի­մա պատ­մու­թեան ան­ցած ­Հին ­Հա­յաս­տա­նի «դրօ­շա­կիր», ի­մա՛ մա­կա­բոյծ վեր­նա­խա­ւին շա­հա­տակ­նե­րը, հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ իշ­խա­նա­ւո­րի եւ թէ ընդ­դի­մա­դի­րի դիր­քե­րէն։
Ար­դիւն­քը ի՞նչ ե­ղաւ։
Ե­ղա՛ւ ժո­ղո­վուր­դին յաղ­թա­նա­կը։
Ե­ղա՛ւ վե­րած­նուն­դը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան։
Ե­ղա՛ւ շղթա­յա­զեր­ծու­մը ­Նոր ­Հա­յաս­տա­նին։
­Գի­տենք եւ ոչ ո­քի հա­մար գաղտ­նիք է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ կամ­քը ա­մէն կար­գի ընտ­րա­կան մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րով չա­րա­փո­խած եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը բռնագ­րա­ւած ­Հին ­Հա­յաս­տա­նի սերժ-սարգ­սեա­նա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խա­ժա­մու­ժը տա­կա­ւին իր ձեռ­քին մէջ կը պա­հէ պե­տա­կան-կա­ռա­վա­րա­կան հա­զա­րու­մէկ լծակ­ներ, որ­պէս­զի փոր­ձէ խո­չըն­դո­տել ու ար­գե­լա­կել ըմ­բոս­տա­ցած մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ յատ­կա­պէս պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մե­րօ­րեայ յե­ղա­փո­խա­կան յաղ­թար­շա­ւը։
­Տե­սանք եւ պատ­ճառ չու­նինք ա­նակն­կա­լի գա­լու, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի սերժ-սարգ­սեա­նա­կան նո­րա­կազմ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը դէմ քո­ւէար­կեց վար­չա­պե­տի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան թեկ­նա­ծո­ւին ընտ­րու­թեան։
­Յան­ցա­գործ եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան դա­տաս­տա­նի եւ ար­դար պա­տի­ժի ար­ժա­նի իշ­խա­նու­թեան մը վեր­ջին՝ հի­ւան­դա­գին գա­լա­րում­ներն են ա­սոնք, ո­րոնք թէեւ յու­սա­հա­տա­կան են եւ ի վեր­ջոյ դա­տա­պար­տո­ւած են պար­տու­թեան՝ ժո­ղովր­դա­յին ճնշու­մի ա­լի­քին տակ, բայց նաեւ միա­ժա­մա­նակ ա­հա­ւոր ու ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու սպառ­նա­լի­քին տակ կը դնեն ­Նոր ­Հա­յաս­տանն ու բա­ցա­ռա­պէս օ­րի­նա­կան ու խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով յա­ռաջ շար­ժող վե­րած­նեալ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։
Ան­շուշտ կը գի­տակ­ցինք, որ ժո­ղո­վուր­դի եւ հան­րա­պե­տու­թեան կե­ղե­քու­մով ի­րենց կա­ռու­ցած փար­թամ ա­պա­րանք­նե­րուն մէջ յղփա­ցած նստած՝ ­Հին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր վար­չա­խում­բին ա­ռաջ­նորդ­նե­րը այ­սօր կը խա­ղար­կեն ժա­մա­նա­կի գոր­ծօ­նին վրայ։ ­Սերժ-սարգ­սեա­նա­կան ճամ­բա­րէն կը տրո­ւին սպառ­նա­կան ազ­դան­շան­ներ, թէ ­Հին ­Հա­յաս­տա­նի «տէ­րեր»ը վճռած են ա­մե­նայն հանգս­տու­թեամբ օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թիւ­նը ի­րենց սե­փա­կան ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հել… մին­չեւ որ ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը յոգ­նի, կա­մաց-կա­մաց կծկո­ւի եւ ե­րէ­կի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն վրայ թու­լա­նայ վե­րած­նեալ յե­ղա­փո­խու­թեան ա­հեղ ճնշու­մը։
Ա­յո՛, ­Նոր ­Հա­յաս­տա­նը իր ա­ռա­ջին ծանր քննու­թիւ­նը պի­տի յանձ­նէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ­Մա­յիս 1ի ան­փա­ռու­նակ քո­ւէար­կու­թե­նէն ետք։
­Վե­րած­նեալ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը վե­րա­նո­րոգ թա­փով իր ձեռ­քին մէջ պի­տի պա­հէ ժա­մա­նա­կի գոր­ծօ­նը եւ պի­տի գտնէ օ­րի­նա­կան ու խա­ղաղ այն ճա­նա­պար­հը, ո­րուն շնոր­հիւ ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին հա­շո­ւե­տու եւ են­թա­կայ դարձ­նե­լու այս­պէս կո­չո­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը՝ ե՛ւ հա­ւա­քա­բար, ե՛ւ ան­հա­տա­բար։
Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հետ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան կեան­քը հու­նա­ւո­րող եւ հա­կակշ­ռող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը եւս կ­՛անդ­րա­դառ­նան, որ ­Նոր ­Հա­յաս­տա­նի վե­րած­նուն­դը իր սնա­րին մէջ խեղ­դե­լու մէկ ու միակ ու­ղի կայ, որ սադ­րան­քի, հրձի­գու­թեան ու մե­քե­նա­յու­թեանց ո­րո­գայթն է՝ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը դուրս բե­րե­լու հա­մար իր ան­պար­տե­լի ու­ժին գլխա­ւոր հու­նէն, խա­ղաղ եւ սահ­մա­նադ­րա­կան ճամ­բով ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը գե­րիշ­խան դարձ­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թե­նէն։
­Սերժ-սարգ­սեա­նա­կան հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րը պար­զա­պէս ի­րենց բախ­տը կը փոր­ձեն եւ կը սպա­սեն յար­մար պա­հուն, որ­պէս­զի կա­րե­նան ճեղք բա­նալ խա­ղաղ եւ օ­րի­նա­պահ բո­ղո­քի շար­ժու­մին մէջ՝ բա­խում­ներ եւ մին­չեւ իսկ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն հրահ­րե­լով։
­Հայ­րե­նիքն ու սե­փա­կան պե­տու­թիւ­նը կրա­կի տա­լու գնով իշ­խա­նու­թեան ղե­կին կառ­չած մնա­լու այ­դօ­րի­նակ վար­քա­գի­ծը միշտ ալ բնո­րո­շած է սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի հա­շո­ւոյն յղփա­ցող մա­կա­բոյծ­ներն ու վնա­սա­կար ցե­ցե­րը՝ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու եւ բո­լոր մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ։
Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա մէ­կու­կէս դա­րէ ի վեր կը դի­մագ­րա­ւէ միեւ­նոյն պատ­մա­կան չա­րի­քը։ Ա­մէն ան­գամ, որ ար­տա­քին ո­սո­խին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան սպառ­նա­ցող թշնա­մի ու­ժե­րուն դէմ ան­հա­ւա­սար կռո­ւի կը նե­տո­ւի՝ ա­կա­մայ կը պար­տա­ւո­րո­ւի ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ ցա­խա­ւե­լը ձեռք առ­նե­լու, հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մաք­րե­լու իր կեանքն ու կամ­քը կրծող ներ­քին ցե­ցե­րէն։
­Հին ­Հա­յաս­տա­նի դառն ու տխուր է­ջը վեր­ջա­պէս փա­կե­լու այ­սօ­րո­ւան իր հպար­տու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեան մէջ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ դէմ յան­դի­ման կանգ­նած է ներ­սէն իր դի­մադ­րա­կա­նու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը խո­ցել փոր­ձող տար­րե­րէն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։
­Նոր ­Հա­յաս­տա­նը եւ վե­րած­նեալ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը այս վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ի­րենց մէջ յայտ­նա­գոր­ծե­ցին եւ ամ­րագ­րե­ցին բա­ւա­րար եւ անհ­րա­ժեշտ ու­ժը՝ օ­րի­նա­կան եւ խա­ղաղ, ան­զէն եւ հա­մե­րաշխ ըմ­բոս­տա­ցու­մով ու­ղի հար­թե­լու մեր սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հո­րի­զոն բա­նա­լու նաեւ ու մա­նա­ւանդ աշ­խար­հով մէկ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յաղ­թար­շա­ւով ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գու­մի ա­ռաջ­նոր­դող կա­րե­լի եւ յաղ­թա­նա­կած օ­րի­նակ փնտռող բո­լոր ի­րա­ւազր­կեալ­նե­րուն առ­ջեւ։