Վերջին աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթի դառն երեւոյթը նոր իրականութիւններ ստեղծեց Սփիւռքի մէջ, որոնցմէ զերծ չմնաց նոյնիսկ յունահայ գաղութը։
Այսօր, Յունաստանէն ներս աւանդական համայնքներուն կողքին, մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայաստանէն հաստատուած հայրենակիցներով նոր համայնքներու, որոնք մէկտեղուած ըլլալով զանազան քաղաքներու մէջ, տակաւին չեն վերածուած կազմակերպուած հաւաքականութիւններու։
Այսպէս, երկրի ու տեղական պայմաններուն արագ կերպով համակերպելու փութկոտութեան պատճառով, անոնք ենթակայ են միջավայրի սուր ազդեցութեան, որ ծրագրուած կերպով կը տանի այլասերումի, լուծման, ազգային ինքնութեան կորստեան, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք, թէ այդ անկազմակերպ հաւաքականութիւններուն մէջ գոյութիւն չունին համայնքային կառոյցներ։
Նորաստեղծ համայնքներու կարգին կը դասուի նաեւ Գալամաթայի հայ հաւաքականութիւնը, որ վերջին տարիներուն, շնորհիւ ազգային կառոյցներու ջանքերուն, կարողացաւ ունենալ իր սեփական եկեղեցին եւ անոր կողքին՝ թաղային խորհուրդ մը, վարելու համար նախնական կազմակերպչական որոշ աշխատանքներ։ Անիկա կը փորձէ իր առաջին վեհերոտ քայլերը ընել կազմակերպուած համայնքի մը հունին մէջ մտնելու համար, որ սակայն, տակաւին երկար եւ դժուար ճամբայ ունի կտրելիք։
Օրեր առաջ, թերթիս էջէրէն ականատես եղանք նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարի բացման հանդիսութեան, որ յառաջ եկաւ Գալամաթայի հայ համայնքի փափաքով, ապա իրագործուեցաւ քաղաքապետարանի, ազգային իշխանութեանց եւ Հայ դատի յանձնախումբի համատեղ գործակցութեամբ։ Այսօր, Գալամաթայի հայութիւնը հպարտութիւն կը զգայ, իր եկեղեցւոյ կողքին, ունենալ նաեւ կոթող մը, ակնկալելով, որ անիկա ազդակ մը եւս պիտի հանդիսանայ համայնքի ինքնութեան պահպահման համար։
Այսուհանդերձ, պատրանք կրնայ դառնալ այն համոզումը, թէ երբ արդէն եկեղեցի եւ յուշակոթող գոյութիւն ունին, կարելի է գոհացած ըլլալ ցարդ ձեռք բերուած նուաճումներով։
Հոս է, որ այլեւս յառաջ կու գան նոր մարտահրաւէրներ՝ Գալամաթայի ու անոր նման համայնքներու կազմակերպման ու հզօրացման ուղղութեամբ։
Եթէ այսօր պիտի զբաղինք այդ համայնքներու ներքին կեանքի կազմակերպութեամբ, պարտաւոր պէտք է զգանք մշակելու ամբողջական ծրագիր մը, ապա անոնց հետ զբաղումը պէտք չէ թողուլ պատահականութեան, կամ՝ բաւարարուիլ միմիայն որոշ տարրական պարտաւորութիւններու կատարումով։
Իսկ, ի՞նչ պէտք է հասկնալ ամբողջական ծրագիրի մը մասին խօսելով։
Նախ եւ առաջ, նոր համայնքներու կազմակերպման աշխատանքը կը պահանջէ կառուցային մասնակցութիւն, որ պէտք է ընդգրկէ ազգային, կազմակերպական, միութենական եւ ընկերային մեր բոլոր կառոյցներու լիարժէք մասնակցութիւնը եւ պատասխանատուութեանց ստանձնումը։
Օրինակ ունենալով Գալամաթայի նորաստեղծ համայնքը, հրամայական կը դառնայ կազմակերպել ընտանիքներու մարդահամար։ Կը ներկայացուին զանազան թիւեր, որոնք յաճախ իրար կը հակասեն եւ որոնք արդիւնք են սեփական գնահատումներու։ Ապահոված ըլլալով համայնքներու իրական պատկերը, կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ համապատասխան ծրագիրներու մասին։
Երբ կ՚ակնարկենք ծրագիրներուն, այլեւս պէտք է ճշդել թէ ո՞ր ուղղութեամբ կարելի է շարժիլ։ Արդեօ՞ք բաւարարուած կը զգանք եկեղեցւոյ մէջ կարգ մը արարողութիւններով, կա՞մ կրնանք աւելին յաջողիլ հաւաքատեղիի մը՝ ակումբի մը գոյութեամբ։ Իսկ, եթէ հաւաքատեղիի պահանջ յառաջ կու գայ, ի՞նչ կը մտածենք անոր արդիւնաւէտ գործածութեան մասին։
Այսպէս, կարիքը կա՞յ հայեցի կրթութեան պայմաններ ստեղծելու համար։ Փափաք կա՞յ տեղւոյն հայ ընտանիքներուն կողմէ, գէթ շաբաթը անգամ մը, իրենց զաւակներուն հոգիներն ու սրտերը ջերմացնել մեր մեսրոպեան ոսկի տառերով եւ հայ լեզուի ուսուցման ծառայութեամբ։
Համայնքի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու ու անոնց մէջ հայու ինքնութիւնը կորուստէ փրկելու նախանձախնդրութեամբ, կրնա՞նք մտածել մշակութային շարժումներու ստեղծումին մասին։
Իսկ, այս սեղմ նախնական մտածումներուն շօշափելի արդիւնքները վայելելու համար, կարողութիւնը ունի՞նք տեւաբար գործիչներ ղրկելու կամ պատրաստելու։ Անոնք կրնան ըլլալ մնայուն հոգեւոր հովիւ մը, ուսուցիչ մը, միութենական գործիչ մը, վարչական պատասխանատու մը։
Վերեւ յայտնուած միտքերը ամբողջական չեն, սակայն, հիմնական այս մտահոգութիւններու ուրուագծումին վրայ յենուած է արդէն համայնքային գործունէութեան դաշտը։
Ցեղասպանութենէն եւ Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, Յունաստանի մէջ կազմուած Գալամաթայի, Գորֆույի, Փաթրասի եւ այլ շրջաններու համայնքները տարիներու ընթացքին եւ առագ թափով ընդմիշտ լուծուեցան, նոյնիսկ մնացած սակաւաթիւ հայերը միաձուլուեցան տեղական զանգուածներուն մէջ։
Կ՚ըսուի թէ պատմութիւնը եղելութիւններու կրկնութիւն մըն է։
Այսօր, պատմութեան իրադարձութիւնները մեր կազմակերպ գաղութը երես առ երես կը բերեն Գալամաթայի, Քոսի, Վոլոյի, արեւմտեան Յունաստանի մէջ կայք հաստատած զանգուածներուն, որոնք անգամ մը եւս այլասերումի յորձանուտին մէջ ընդմիշտ կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուին։
Կրնա՞նք պատմութեան կրկնութիւնները շրջել։ Պիտի կարողանա՞նք գաղութային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ փրկութեան լաստ նետել մեր հայորդիներուն։
«Ազատ Օր»