Անկիւնադարձային իրականութեան մը առջեւ կանգնած է ամբողջ հայութիւնը։ Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութեան եւ հողատուութեան հետեւանքները հիմնովին ցնցեցին այն արժեհամակարգը, որմէ սնունդ ստացաւ հայ ժողովուրդը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին։
9 Նոյեմբերի զինադադարի ամօթալի համաձայնագիրէն ետք, հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ վերլուծումներ կը փորձեն բացատրել մեր պարտութեան պատճառները, անոնց թելը երկարելով նոյնիսկ վերջին երեսուն տարիներու քաղաքական զարգացումներուն մէջ։
Յաղթանակի կամ պարտութեան մը արդիւնքը միայն տուեալ պատմական պահու եղելութիւններուն ազդեցութեան տակ չէ որ յառաջ կու գայ, այլ ազգի մը ապրած ժամանակներու իրերայաջորդ քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ընտրանքներուն, կենսակերպին, ընկերային, տնտեսական ըմբռնումներուն ու անոնց գործադրութեան շղթայի մը օղակներն են, որոնք մէկը միւսին ետեւէն կը յատկանշեն ժողովուրդի մը ընտրած ուղին եւ անոր սպասումները։
Ներկայ ժամանակներու քաղաքական կարգախօսը՝ «Երբ խաղաղութիւն կ՚ուզես, պատրաստուիր պատերազմի համար» տիրական դարձած է, յատկանշականօրէն ցոյց տալով, թէ այսօրուան աշխարհին մէջ իսկ խաղաղ համակեցութեան, ժողովուրդներու բարօր կենակցութեան ու գործակցութեան լոզունգները կը շարունակեն մնալ իմաստազուրկ, որքան ժամանակ խելագարուած մենատէրեր կ՚առաջնորդուին աշխարհակալական այնպիսի երազներով, որոնց պատճառով ցեղային զտումներու եւ միացուլումներու, աշխարհական գրաւումներու, քաղաքակրթութեանց գետին հաւասարեցման վտանգաւոր գաղափարները ենթահող եւ գործադրութեան ճամբայ կը գտնեն զանազան տարածաշրջաններու մէջ։
20-րդ դարու համաշխարհային մեծ ողբերգութիւններու կողքին, հայ ժողովուրդը իր մորթին վրայ զգած ու ճաշակեց փանթուրքիզմի ահաւոր գաղափարախօսութիւնը, իսկ այսօր եւս այն ջիղ ու միս ստացած է Էրտողանի, ցեղակից Ալիեւի ու իրենց հետեւորդներու խելագար երազանքներուն պատճառով։ Ալ չխօսիլ «քաղաքակիրթ» աշխարհի մեղսակցութեան համար, որ զէնքերու մատակարարումէն մինչեւ անտարբեր սուլելու վարքագիծը, միայն մահացու հարուած պատճառեց հայ ժողովուրդի ազգային ազնիւ սպասումներուն։
Նո՛յնն էր 100 տարի առաջ, երբ հայութեան անկախութեան պատուանդանը փուլ եկաւ, նո՛յն պատմական իրադարձութիւններու կրկնումով այսօր Հայաստանն ու Արցախը կը դառնան անդամահատուած, իսկ հայ ժողովուրդը՝ բարոյազրկուած։
Աշխարհակալական նկրտումներուն կողքին, իրաւացի է նաեւ այն համոզումը, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ատենին Արցախի մէջ ունեցած ազգային, ռազմական ու բարոյական մեծ յաղթանակին, հակառակ Հայ դատի կնճռոտ ուղիին վրայ նուաճած իրագործումներուն, չկարողացաւ դրամագլուխի վերածել մեր հայրենիքը տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն աճեցնելու, զայն զարգացնելու իրական առաջադրանքը։
Ազգովին չկարողացանք հայրենի ժողովուրդը դուրս բերել խորհրդային օրերէն արմատաւորուած «հանգստաւէտ» դիւրին մատուցումներու հոգեբանութենէն, Սփիւռք կոչուած դրամագլուխը չներդրուեցաւ հայրենիքի գանձանակին մէջ, Հայաստանի քաղաքացիի ստեղծագործ ուղեղը մնաց արգելափակուած՝ քաղաքական, տնտեսական եւ պետական անյարիր ու վնասակար ընտրանքներու մութ սենեակներու մէջ։
Փոխանակ ազգի իրական վերելքին, անոր քաղաքական, ռազմական ու ստեղծագործական ծաղկումին՝ ունեցանք արտագաղթ, փտած համակարգեր, հաշուարկումներու եւ կաշառակերութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ, որոնց վրայ բարդուեցաւ հայու ազգային դիմագիծէն մերկացումն ու արժեզրկումը, որ առաջնորդեցին ազգի յատկանիշներու գունաթափման՝ որպէս ողբերգական հետեւանք Հայաստանի այժմու իշխանաւորներու ապիկար, անհեռատես ու ամօթալի ռազմաքաղաքական եւ դիւանագիտական ընտրանքներուն։
Պէտք է ընդունիլ, որ Արցախեան պարտութեան պատճառով, երբ Հայաստանը միջազգային գետնի վրայ մեկուսացած կը շարունակէ մնալ, այլեւս կը փակուի պատմական եւ քաղաքական ժամանակաշրջան մը, որ այսուհետեւ կրկնութիւն չի կրնար ունենալ, պէտք չէ՛ ունենայ։
Եթէ հայ քաղաքական միտքը չկարողանայ հաւաքաբար ինքզինք նորոգել, ազգային արժեմահակարգի նոր երանգաւորումներով ճամբայ ելլել, ազգովին մատնուած պիտի ըլլանք դառնաղէտ նոր ճակատագիրի մը տնօրինումին, որ խեղդամահ պիտի ընէ ամէն տեսակի երազանք ու ապագայատեսիլ ձգտում։ Ազգային մեծ ցնցումներու հոլովոյթին տակ, մանաւանդ երբ անոնք ռազմական ու քաղաքական պարտութիւններու կ՚առաջնորդեն, անհրաժեշտ կը դառնայ վերանայիլ ու վերանորոգել այն բոլոր կաղապարուած ըմբռնումները, որոնք սխալ ուղիներու առաջնորդեցին։
Հայաստանի պետական, քաղաքական եւ ընկերային համակարգը կը կարօտին վերընձիւղման, որուն գլխաւոր երաշխիքը պէտք է ըլլայ ինք՝ հայ ժողովուրդը, այնքան պահանջատէր, որքան եւ խիստ իր սպասումներուն մէջ։
Ժողովուրդի մը բարոյական պարտաւորութիւնն է մնալ ինքնամաքրման պահանջը մարմնաւորելու իր բարձր դերին վրայ։ Իսկ այսօր, այն կը պակսի Հայաստանի մէջ, երբ այժմու իշխանաւորներուն հանդէպ հանդուրժող կը մնանք, լուռ ցասումի մը մրմունջին տակ կը սպասենք իրերու զարգացման, առանց ժողովրդային ուժի իրական ձեռքբերման ու ծաւալումին։
Պատերազմն ու ռազմաքաղաքական սխալ ընտրանքները առաջնորդեցին երիտասարդներու ամբողջ սերունդի մը կորստեան, ստեղծարար սքանչելի շերտի մը խոցումին, որ այսօր չկայ մեր մօտ կամ քամուած պիտի մնայ մահճակալներու վրայ։
Ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք փոխարինել ու վերանորոգել կորսուած սերունդի մը այնքան հիմնական դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ֆիզիքական աճման առընթեր, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր կը մնայ մեր ազգի արժեհամակարգի վերանորոգումը։ Այնպիսի արժէքներու ստեղծում՝ որոնք իրենց մէջ պիտի ընդգրկեն պետական մտածողութեան, քաղաքական, տնտեսական, արհեստագիտական, ընկերային, մշակութային ու մանաւանդ ռազմական վերազարթնումի հրամայականը, երաշխաւորելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ծաղկուն ապագան միջազգային ընտանիքէն եւ մանաւանդ՝ տարածաշրջանէն ներս։
Հայ քաղաքական աշխարհը պէտք է իր վրայէն թօթափէ ներկայի ձախողութիւններու ուրուականը, թռիչք ու երազ ներշնչէ ամբողջ հայութեան։
Նոր ժամանակներու մէջ վերաճշդուելիք ուղիի հունաւորումը դիւրաւ ըմբռնելի գործ չէ։ Վստահաբար, մեզի պարտութեան եւ կործանումի տարած իշխանաւորները տեղ չեն կրնար ունենալ նոր մեկնարկին մէջ։ Անոնք քաղաքականօրէն ցամքած ու արժեզրկուած են։ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի դիպուկ ախտաճանաչումով՝ «Առաջնորդներ պէտք են, ոչ թէ՝ փրկիչ»։
Սփիւռքն ալ, այլեւս, չի կրնար անմասն մնալ վերազարթնումի գործընթացէն։ Վերջին 100 տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն մէջ Սփիւռքը իր անփոխարինելի դերակատարութեամբ յաճախ ուղի բացած է Հայաստանի առջեւ։ Կը բաւէ, որ առողջ մտածող հայ քաղաքական միտքը զայն ըմբռնէ եւ շօշափելի նախաձեռնութիւններով ընդմիշտ իրարու ամուր կապած պահէ հայրենիքի եւ Սփիւռքի ձեռքերը։
Սփիւռքեան հարուստ կենսափորձով եւ հայրենիքի մէջ քաղաքական ծաւալուն գործունէութեամբ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ համահայկական առումով մնալ ամէնէն վստահելի գործօնը, որուն վերապահուած է ներազդեցիկ ուժը դառնալու դերը հայկական նոր ռազմավարութեան մը ճշդումի գործընթացին մէջ։
* * *
2021-ին պիտի նշենք հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումի 30-ամեայ իրագործման տարեդարձը։ Հայ ժողովուրդին համար այս անկիւնադարձային խաչմերուկին վրայ, հայ քաղաքական միտքի պարտականութիւնն է ազգային լինելութեան ոգին շաղախ դառձնել արմենեան հողին վրայ կառչած մնացող ստեղծագործ հայու հոգեմտային աշխարհին ու ձգտումներուն հետ։ Միայն այն ատեն պիտի կարողանանք վերագտնել այն ներուժը, որպէսզի Չարենցի պատգամով ամրագրուած հայութեան սպասումները յանգին կենագործ վերազարթնումին։ Ազգային եւ հողային։