­Մար­տիկ ­Մա­տէն­ճեան ժա­մա­նա­կագ­րա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ դար­ձած է. իր «­Նոր օ­րե­րու ֆե­տա­յի­ներ. ­Լի­բա­նա­նի մեր տղա­քը» գիր­քին կը յա­ջոր­դէ մէկ ու­րիշ գիրք՝ դար­ձեա՛լ մեր տղոց սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան 2016ի Ապ­րիլ 1էն մին­չեւ Ապ­րիլ 5, երբ զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ:
­Սա­կայն, ա­զե­րի կող­մը եր­բե՛ք չյար­գեց եւ մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը խախ­տէ զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը՝ գրե­թէ ա­մէն օր մեր տղոց­մէ զո­հեր խլե­լով:
­Գու­նա­ւոր կող­քով, 254 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած եւ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հե­րոս տղոց նկար­նե­րով հարս­տա­ցած՝ հա­յոց պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն թէժ մար­տերն ու ե­րե­խայ կար­ծո­ւած մեր հե­րոս պա­տա­նի­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը նկա­րագ­րէ սոյն գիր­քը:
­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ ու­զե­ցին բնաջն­ջել մեզ: ­Հա­րիւր տա­րի ետք, այս ան­գամ՝ ա­զե­րի թուր­քը, փոր­ձեց կայ­ծակ­նա­յին յար­ձա­կու­մով մեր պա­տա­նի­նե­րը ա­նակնկա­լի բե­րել, բայց շնոր­հիւ մար­տա­կան անձ­նո­ւի­րու­թեան մեր հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք յա­գե­ցած են մեր ֆե­տա­յի­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թեանց պատ­մու­թիւն­նե­րով եւ ներշն­չո­ւած ի­րենց հայ­րե­րուն ա­զա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մի հե­րո­սա­պա­տում­նե­րէն, ա­նոնք ցոյց տո­ւին ամ­բողջ աշ­խար­հին եւ մա­նա­ւա՛նդ թուր­քին, որ ի­րենք ար­ժա­նի զա­ւակ­ներն են Ար­ցա­խի այ­սօ­րո­ւան սահ­ման­նե­րը գծած ի­րենց հայ­րե­րուն: Ի­րենց անձ­նո­ւի­րու­թիւ­նը օ­րի­նակ դար­ձաւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն եւ մա­նա­ւա՛նդ դիր­քե­րու ե­տին զի­րենք փո­խա­րի­նող այ­սօ­րո­ւան զին­ծա­ռա­յող­նե­րուն:
Ամ­բողջ հայ ազ­գը սրտի խոր ցա­ւով սգաց ա­նոնց նա­հա­տա­կու­թիւ­նը, բայց նաեւ ազ­գա­յին հպար­տան­քի ա­ռիթ­ներ տո­ւին ա­նոնք մեր ժո­ղո­վուր­դին:
­Մա­տէն­ճեան իր գրքին մէջ կ­՛ը­նէ հե­տե­ւեալ մէջ­բե­րու­մը, ուր վե­թե­րան-ա­զա­տա­մար­տի­կը իր հիա­ցու­մը կը յայտ­նէ այդ «ե­րե­խայ» տղոց հան­դէպ. «­Մենք կար­ծե­ցինք, որ ե­րե­խե­քը տակ­նուվ­րայ ե­ղած ըլ­լա­լու են սաս­տիկ ռմբա­կո­ծում­նե­րէն: ­Բայց այդ­պէս չէ՛ր: Ի­րենք մեզ կը քա­ջա­լե­րէին եւ սիրտ կու տա­յին»:
Ա­պա՝ կ­՛անդ­րա­դառ­նայ նաեւ բժիշ­կին հիա­ցու­մի ար­տա­յայ­տու­թեան՝ մեր տղոց մա­սին. «Ի՜նչ սիրտ, ի՜նչ քա­ջու­թիւն տղոց մօտ, որ մենք ուղ­ղա­կի կը զար­մա­նա­յինք:
­Կը կար­ծէինք, որ վի­րա­ւոր զի­նո­ւո­րը պի­տի չկրնայ տո­կալ, բայց ոչ թէ տո­կալ, այլ այն­քա՛ն ա­րագ կ­՛ա­պա­քի­նէր, որ կը զար­մաց­նէր բո­լորս: Կ­՛ու­զէին ետ դառ­նալ եւ ի­րենց դիր­քի ըն­կեր­նե­րուն հետ ըլ­լալ, հայ­րե­նի հո­ղը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար»:
­Գիր­քին մէջ տեղ գտած են նաեւ հրա­մա­նա­տար­նե­րու սիր­տի ցա­ւը, բայց նաեւ՝ հպար­տան­քը ար­տա­յայ­տող խօս­քե­րը, այն­պի­սի՛ սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք եր­բե՛ք չեն լսո­ւած աշ­խար­հի ոե­ւէ զի­նո­ւո­րի հա­մար. «Ողջ մնա­լու մա­սին մտա­ծող չկա՛ր: Թշ­նա­մին սպան­նե­լու տեն­դէն բռնո­ւած՝ անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նակ­ներ տո­ւին: Թշ­նա­միէն քա­նի մը զի­նո­ւոր եւս սպան­նե­լու սի­րոյն, յանձ­նո­ւե­լու փո­խա­րէն՝ ի­րենց ձեռ­քի ռում­բը կը պայ­թեց­նէին, ի­րենց հետ տա­նե­լով թշնա­մի զի­նո­ւո­րը: ­Մենք միայն հիա­ցու­մով կը յի­շենք ա­նոնց նո­ւի­րա­բե­րու­մը»։
­Մա­տէն­ճեան կը նշէ նաեւ տար­բեր պատ­մու­թիւն­ներ ա­զե­րի զի­նո­ւո­րին ան­մարդ­կա­յին վե­րա­բեր­մուն­քին մա­սին, ո­րուն հա­մար թրքե­րէն կ­՛ը­սեն՝ «Էօլ­միւշ քե­տիէ փչաք չէ­քի­յօր»… Թր­քա­կան բնազ­դին մա­սին է, որ կը թարգ­մա­նո­ւի հե­տե­ւեալ ձե­ւով. «­Սատ­կած կա­տո­ւին վրայ դա­նակ կը քա­շէ»: Ու­նե­ցանք գլխա­տո­ւած զի­նուոր­ներ, ա­կանջ­նե­րը կտրո­ւած զին­ծա­ռա­յող­ներ, խոշ­տան­գո­ւած ան­մեղ տա­րեց գիւ­ղա­ցի­ներ…
­Մա­տէն­ճեան կը գրէ. «­Մեր ե­րե­խե­քը երկ­րորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը կան­խե­ցին: ­Փա՜ռք ա­նոնց յի­շա­տա­կին, ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցին առ­թիւ»:
­Թող այս գիր­քը իբ­րեւ ծաղ­կեպ­սակ ծա­ռա­յէ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին, իսկ իբ­րեւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք՝ ողջ մնա­ցող­նե­րուն հա­մար: