Նոր Գիրք

Լոյս տե­սաւ «­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րը» խո­րագ­րով աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը

0
2611

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կած է ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րուն անդ­րա­դար­ձող յու­նա­րէ­նով նոր գիրք մը՝ ­Շա­հէն Ա­ւա­գեա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ։
Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը 8 ամ­փոփ գլուխ­նե­րու մէջ կը քննէ ­Ղա­րա­բա­ղի ի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գը ձե­ւա­ւո­րած պատ­մա­կան ու հանգրո­ւա­նա­յին պայ­ման­նե­րը՝ սկսե­լով նա­խա-խորհր­դա­յին շրջա­նէն, անց­նե­լով խորհր­դա­յին ժա­նա­կաշր­ջա­նէն եւ հաս­նե­լով «փե­րեսթ­րոյ­քա­յի» ու յետ¬խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րուն։
­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի հիմ­նախնդ­րի ճշգրիտ ըմբռ­նու­մը շատ կա­րե­ւոր է, թէ՛ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, թէ՛ թիւր կամ մի­տում­նա­ւոր կեր­պով մշա­կո­ւած պատ­մա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու պատ­ճա­ռով։ Այս վի­ճա­կէն թե­լադ­րո­ւած՝ պի­տա­նի կը դառ­նայ տո­ւեալ գիր­քին մէջ տեղ գտած փաս­տե­րու նշու­մը՝ ա­պա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար, թէ Ար­ցա­խը եր­բեք մաս չէ կազ­մած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։
­Գիր­քը կ’անդ­րա­դառ­նայ նաեւ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թեան դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի վա­րած ցե­ղա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, այն­պէս՝ ինչ­պէս պէտք է դի­տել զայն մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի գծած սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ա­պա՝ յա­ւե­լեալ բա­ժին­նե­րով կը հրա­տա­րա­կո­ւին Խ.Ս.Հ.Մ. ժա­մա­նա­կէն ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձեւ­նե­րու, Մ.Ա.Կ.ի ու Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան խորհր­դա­րա­նի քո­ւէար­կած ո­րո­շում­նե­րու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դա­յին հան­րա­քո­ւէ­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու փաս­տա­թուղթ­նե­րը։
­Շա­հէն Ա­ւա­գեան Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ֆ­րան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւանց հար­ցե­րու դա­սա­խօս է։ Ան ա­ւար­տած է ­Փա­րի­զի ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, մաս­նա­գի­տա­ցում ստա­նա­լով մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գի եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւանց նիւ­թե­րու շուրջ։