Աթէնքի համալսարանի ազգագրութեան տոքթոր, բանասէր Նիքոլաոս Քարփուզիսի կողմէ Մարտիրոս Անանիքեանի «Հայկական դիցաբանութիւն» գիրքի յունարէն հրատարակութեան առիթով, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը գիրքի ներկայացումը կատարեց Երկուշաբթի՝ 12 Մարտ 2018ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» սրահին մէջ։ Նման նիւթով առաջին անգամ լոյս տեսնող յունարէն լեզուով այս գիրքը յոյն հանրութեան կը ներկայացնէ հայկական դիցաբանութիւնն ու բանահիւսութիւնը՝ խորանալով հայ ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ առասպելներուն վրայ։ Ծանօթ է թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդները միշտ իրարու մօտ եղած են քաղաքակրթականօրէն ու պատմականօրէն, այսուհանդերձ շատ քիչ բան ծանօթ է հին հայերու մօտ զարգացած դիցաբանութեան եւ առասպելներուն շուրջ, որոնք բազմաթիւ պարագաներու ուղղակի ազդեցութիւն կրած են յունական վիպական աշխարհի հերոսներէն։
Այս բացը գոցելու առաջին փորձ մըն է Նիքոլաոս Քարփուզիսի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը, «Իրոտոթոս» հրատարակչատան կողմէ։ Մարտիրոս Անանիքեանի գիրքին թարգմանութիւնը յունարէնի, այլ մանաւանդ տոքթ. Քարփուզիսի կողմէ վաւերական ներածականը, լոյս կը սփռեն Հայաստանի, Փոքր Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի, Հնդկաստանի ու եւրոպական այլ ժողովուրդներու դիցաբանութեան պատմութիւններուն վրայ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհի Վերժին Կարապետեան, որ խօսեցաւ հայութեան աւանդութիւններուն եւ ազգային մեր ակունքներու նշանակութեան մասին՝ անդրադառնալով Մարտիրոս Անանիքեանի կեանքին ու գործին, որ իր մահկանացուն կնքեց 1924ին Դամասկոսի մէջ։ «Փայլուն գիտնական մըն էր Անանիքեան, որ եթէ այսքան կանուխ իր կեանքը չկորսնըցնէր, հսկայ ու կարեւոր ժառանգութիւն մը ձգած պիտի ըլլար հայ ազգին»,- ըսաւ ընկ. Կարապետեան՝ կրկնելով պրն. Քարփուզիսի կողմէ իրեն յայտնուած կարծիքը Անանիքեանի կատարած աշխատանքին մասին։ Ան շեշտեց նշանակութիւնը «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան միջոցաւ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, որոնք միշտ նպատակ ունին հայ մշակոյթը պահելու, զարգացնելու եւ տարածելու առաջադրանքները։
Յաջորդաբար խօսք առաւ բանասէր Թագուհի Տէր-Յովակիմեան, որ խնամուած ու հմտօրէն պատրաստուած ներկայացումը կատարեց գիրքին։ Ան խօսեցաւ հին հայերու մասին, որոնց մօտ զարգացաւ դիցաբանութիւնը, եւ որու վկայութիւնն է հեթանոսական դիցարաններու, աստուածներու պաշտամունքի եւ տաճարներու առկայութիւնը։ Գիրքին մէջ ներկայացուած են հայոց պատմութենէն մեզի ծանօթ վիպական հերոսները կամ «աստուածացած» նախնիներ, ինչպէս օրինակ՝ Արա Գեղեցիկ, Շամիրամ, Տորք Անգեղ կամ Հայկ Նահապետ եւ Արամազդ ու Վահագն։ Հնագոյն առասպելներու բացայայտ հետքեր պահպանուած են հայոց թագաւորներ Տիգրանի, Երուանդի, Արտաշէսի եւ Արտաւազդի մասին վիպական զրոյցներու մէջ։ Հայոց գրեթէ բոլոր հին առասպելները, որոնք մեզի հասած են գրաւոր աւանդութեան միջոցաւ, առհասարակ ենթարկուած են խիստ պատմականացման ու վիպականացման։ Անոնց մէջ նախկին լուսաւոր աստուածներն ու դիւցազունները դարձած են հայոց նախնիներ ու թագաւորներ։ Վիպական-գաղափարական այս գիծը այնուհետեւ անցած է բոլոր հայ հին ու նոր ժողովրդական վէպերուն մէջէն՝ խարսխուելով հայ ժողովուրդի պատմական երկարատեւ կենսափորձին վրայ։
Դասախօսութեան զուգահեռ՝ հայկական դիցաբանութեան նիւթով գեղեցիկ լուսանկարներու ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ մեծ պաստառի վրայ։
Գիրքի բովանդակութեան ու կառուցուածքին մասին խօսեցաւ Թրակիոյ Տիմոքրիթիօ համալսարանի դասախօս, ազգագրագէտ փրոֆ. Մանոլիս Սերղիս՝ դիտել տալով, թէ գիրքը համակարգուած ձեւով կը հետեւի հայկական դիցաբանութեան նիւթերուն, զանոնք դիտելով ժամանակի քաղաքական ծիրին մէջ եւ սկիզբ առնելով Ուրարտական թագաւորութեան օրերէն։ Կը կարդանք դիցաբանութեան հոլովոյթի զարգացման մասին, իրանեան եւ հրէական հերոսներու պատմութիւններուն զուգահեռ, կը ծանօթանանք Արամազդին, Վահագնին, Անահիտին, Նանէին, կ՚իմանանք Նաւասարդեան տօներու եւ Վարդավառի մասին, կը բացայայտենք ծառերու, բոյսերու, սարերու եւ վիշապներու աստուածային կերպարներու գաղտնիքները։
Փրոֆ. Սերղիս ըսաւ, թէ ժամանակակից ժողովրդական բանահիւսութիւնը հետաքրքրուած չէ ուսումնասիրելու, թէ ո՞ւր ծնունդ առաւ երեւոյթ մը, կամ՝ ո՞ր ազգին մօտ, այլ՝ թէ ինչպէ՛ս զարգացաւ այն, հասնելով մարդոց մօտ ու յարմարելով ազգային ու տեղական պայմաններուն։ «Այդ կը նշանակէ, թէ մեզ բնաւ չի հետաքրքրեր, թէ ուրկէ՞ ծնունդ առաւ դիցաբանութեան երեւոյթը, այլ՝ յատկապէս, թէ ինչպէ՛ս հայերը ընդունեցին, ըմբոշխնեցին, բարեփոխեցին եւ վերջապէս իւրացուցին օտարներէ եկած վէպերը եւ ստեղծեցին իրենց ուրոյն ու հարազատ անցեալը»,- ըսաւ փրոֆեսորը։ Ան բաղդատական ու քննական մօտեցումով վերլուծեց Մարտիրոս Անանիքեանի կատարած աշխատանքը՝ զայն դիտելով ազգային ու քաղաքական տեսանկիւնէ։
Գիրքի հեղինակ Նիքոլաոս Քարփուզիս վերջաւորութեան խօսք առնելով բացատրեց գիրքին նախապատրաստութեան ու հրատարակութեան հետ կապուած իր անձնական փորձառութիւնը՝ խորին շնորհակալութիւն յայտնելով «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան, որ ընդառաջեց իր դիմումին եւ հանրութեան ներկայացուց գիրքը։
Ձեռնարկը գեղարուեստական ելոյթով շէնցուցին Վարդան Աբովեան եւ Փարասքէվի Լինտա, տուտուկի նուրբ հնչումներով եւ երգչուհիի գեղեցիկ ձայնով, որոնք հանդիսատեսներուն հրամցուցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի եւ ժողովրդային եղանակներու շարք մը։ Ճարտար արուեստագէտ Վարդան Աբովեան խօսեցաւ տուտուկի իւրայատկութեան մասին եւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ երգերու կատարումին շուրջ։ Երկու երիտասարդ արուեստագէտներու ելոյթը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Ձեռնարկի աւարտին ժողովուրդին տրամադրուեցան գիրքէն օրինակներ, որոնք մակագրուեցան թարգմանիչին կողմէ։
Գիրքի ներկայացումէն վերջ՝ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ դասախօսներ ու իրենց ընկերացող փրոֆեսէօրներ, «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ ճաշի հիւրը եղան Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան։
Համազգայինի թղթակից