Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով կառուցուած Մարտակերտի շրջանի Նոր Կիլիկիա շրջանին մէջ 15 բնակարաններ յանձնուած են իրենց տէրերուն:
Բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Խաչատրեան ըսած է, որ այն տարածքը, ուր կառուցուած են բնակարանները, բնակիչներուն համար սուրբ վայր է, որովհետեւ արցախեան գոյամարտի ժամանակ հայ քաջորդիները հակառակորդին յառաջխաղացքը այստեղ կասեցուցած են: «Սկզբնական շրջանին կառուցուած եւ բնակիչներուն բաժնուած են 10 բնակարաններ: Այսօր արդէն 15 բնակարաններ յանձնուած են: Բնակարանները կը համապատասխանեն քաղաքաշինական ժամանակակից պայմաններուն: », ըսած է Վ. Խաչատրեան:
Նոր Կիլիկիա
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ֆինանսաւորումով կառուցուած Նոր Կիլիկիոյ մէջ բնակարաններ ստացած են 15 ընտանիքներ