Նորօհնեալ սրբալոյս Միւռոնով ջրօրհնէք

0
80

­Կի­րա­կի, 7 Օ­գոս­տոս 2022-ին, Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գի պի­տի կա­տա­րո­ւի, 1 ­Յու­լիս 2022–ին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի ­Մայ­րա­վան­քին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ օրհ­նո­ւած նոր ­Միւ­ռո­նով ջրօրհ­նէք։
­Սուրբ պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ եւ ջրօրհ­նէ­քը կա­տա­րէ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ

­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան

­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­րա­ւոր հո­գե­ւոր եւ բա­րե­պաշտ գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, իւ­րա­քան­չիւր թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տէն ստա­նա­լէ ետք նո­րօրհ­նեալ սրբազ­լոյս միւ­ռո­նը, իր թե­մի ծխա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը այ­ցե­լե­լով, ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին նո­րօհ­նեալ ­Միւ­ռո­նով ջրօհ­նէք կը կա­տա­րէ։
­Կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­տա­ցեալ զա­ւակ­նե­րը ներ­կայ ըլ­լա­լու սուրբ աա­տա­րա­գին եւ ջրօհ­նէ­քի մի­ջո­ցաւ ըն­դու­նե­լու նո­րօրհ­նեալ ­Միւռո­նին ­Սուրբ ­Հոգ­ւոյն օրհ­նու­թիւն­նե­րը եւ հո­գե­պէս վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ