ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ա. ՄԱՍ
Եկէք մտածենք այն չորս տարբեր շրջաններուն մասին, որ յունահայութեան օրաթերթ «Ազատ Օր»ը թեւակոխեց իր 79ամեայ ճանապարհին մէջ։
1923-1940. Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան հաստատուած հայ գաղթականներուն նոր շունչ ու յոյս ներշնչող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրատարակած «Նոր Օր»ը՝ հայութիւնը համախմբող կարեւոր ազդակներէն կը հանդիսանար։ Հետագային, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութի կազմակերպման մէջ չորս կարեւոր բաղադրիչներ իրենց անհրաժեշտ դերը պիտի գտնէին գաղութներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ, թերթ։
1945-1965. Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ Յունաստան ծանրօրէն վիրաւորուած, բայց յաղթական ոգիով, դուրս կուգար պատերազմի ու ներքաղաքացիական կռիւներու դաժան օրերու արհաւիրքէն, «Ազատ Օր»-ը յունահայութեան աշխուժ կեանքին արտայայտիչը կը դառնար։ Դարձեալ նոր հորիզոններու նուաճման ակնկալիքով, շատ աւելի յոյսով։ Որովհետեւ արդէն կը սկսէր զօրաւոր հիմք դնել հայութեան սրտին մէջ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարը, իր բոլոր երեսներով։
1970-1991. Ճոխ ու բազմապիսի գործունէութեամբ կայացած գաղութ ըլլալով, Յունահայութիւնը իր ուժերը կը լարէր, ապահովութեամբ կառուցելով յետագայ իր ընթացքը։ Հայ լեզուն, հայ ոգին, հայ մշակոյթը եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու ճիգը կը դառնար առաջնակարգ։ Մինչեւ այս թուական՝ թերթը տպագիր ամէնօրեայ օրաթերթ էր, սակայն արդէն յայտնի կը դառնար միջազգային մամուլի դաշտէն ներս փոփոխութեան ալիքը, որու արձագանգները կը հասնէին մեր թերթին եւս։ Նոր համակարգչային համակարգ, նոր որակ տպագրութեան մէջ եւ դանդաղ քայլերով ընթացող համացանցային կապ։ Արագ հաղորդակցութեան դաշտը արդէն երբեք նոյնը պիտի չըլլար անկէ ետք։
1991-2021. Առաջնահերթութիւնը կը կեդրոնանար հայրենիքի ամրապնդման եւ հզօրացման խնդրին մէջ, Հայաստանի անկախացումէն ետք։ Հայ ժողովուրդը իր ամբողջական ներուժը կը տրամադրէր հայկական մեր զոյգ պետութիւններու կայացման գործին եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին ծառայելու գերագոյն նպատակներով։ Յունահայութիւնը իր անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերէր, իսկ «Ազատ Օր» իր առաքելութիւնը անգամ մը եւս կը վերահաստատէր, մեր ժողովուրդի իղձերու արտայայտիչը հանդիսանալով։ Նոր կապեր կը հաստատուէին հայրենի մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, մինչ տպագիր օրաթերթի կողքին կ՚աւելնային կայքէջ, Դիմատետր, Եութուպ եւ ժամանակի պարտադրած արդիական միջոցներ։
Ինչո՞ւ հարկը զգացի թուելու այս հանգրուանները
Ինչո՞ւ հարկը զգացի թուելու այս հանգրուանները։ Որովհետեւ իմ եւ վստահաբար շատերու գիտակցութեան մէջ՝ «Ազատ Օր»-ի ճանապարհը նոյնացած է յունահայ գաղութի վերջին 100 տարուայ պատմութեան հետ։ Մեր գաղութի անցած վերիվայրումներու ընթացքը իր արտացոլացումը ունեցած է մեր օրաթերթին վրայ։ Ի զուր չէ որ կ՚ըսենք, թէ «Ազատ Օր» եղած է մեր հասարակական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքի գործունէութեան հայելին։ Հոն տեղ գտած է հայ զանգուածը հետաքրքրող լրատուութիւնը, հայ լեզուն, գիրը եւ գրականութիւնը, պատմուածքը եւ յօդուածը, միտքերու եւ գաղափարներու արտայայտութեան, բաց զրոյցներու եւ քննարկումներու որպէս հարթակ։ Մանաւանդ, ամրապնդած է հայ հաւաքականութեան միջեւ մտային եւ հոգեկան կապը, մէկ ամբողջականութիւն դարձնելով Յունաստանի տարածքին գտնուող հայութիւնը ու զայն կապելով համահայկական շղթային։
Անշուշտ յունահայ ընկերութեան բաղադրութիւնը միատեսակ չէ: Կը տարուբերին մօտեցումները օրաթերթի դերի ու անհրաժեշտութեան գծով: Կարելի է նաեւ հաստատել թէ հայկական օրաթերթի դաստիարակչական դերը թերագնահատուած է, կամ բաւարար հասկնալի չէ մեր գաղութի բոլոր ազգայիններուն մօտ: Եւ այս հետաքրքրական տարբերութիւններն են որ բարելաւումի շարունակական պահանջը կը ստեղծեն, գիտակցելով թէ լայն հորիզոններ կան դեռ նուաճելիք։
Ներկայիս մամլոյ դաշտը փոխակերպուած է։ Հայ մամուլին առընթեր կայ հսկայ այլ աշխարհ մը. ելեկտրոնային եւ ընկերային ցանցերու աշխարհը, որը շատերը կը շփոթեն դասական մամուլին հաւասար սեպելով, ուր սակայն մամուլի կանոնները ի զօրու չեն։ Կան պարագաներ երբ շատ դժուար ու անհասկնալի կը դառնայ ճշմարտութիւնը նշմարելու գործընթացը։ Մինչ թերթերու եւ հաւաստի լրատուական աղբիւրներուն համար լուրի հաղորդումը պէտք է անպայմանօրէն հաստատուած ըլլայ։ Թերթի արժանապատուութեան վերաբերող լրջագոյն նախապայման է այս։
Վերջերս, հետաքրքրութեամբ կը կարդայի Միհրան Քիւրտօղլեանի ստորագրութեամբ նշմար մը, ուր խօսք կ՚ըլլար Սփիւռքի մէջ տիրող անտարբերութեան ու անհոգութեան մասին եւ ահազանգ կը հնչեցնէր այս նահանջողական մտայնութեան վտանգներուն մասին։
Ցեղասպանութենէն ետք ձեւակերպուած Սփիւռքին մէջ արդէն չորրորդ սերունդն է որ կ՚ապրի, հայ մնալու ամէնօրեայ պայքարը տանելով։ Այդ դժուար պայքարին մէջ մեր զէնքերէն մէկը հայկական թերթը պահպանելն է։ Յոյսն ու տեսիլքը մեզ առաջնորդող ազդակներ եղած են միշտ։ Հիմա՛ ալ աւելի անհրաժեշտ են։
Բ. ՄԱՍ
Դարձեալ նոր տարի ու դարձեալ արդիականացման մասին
Դարձեալ արդիականացման մասին խօսելու անհրաժեշտութիւն։ Որովհետեւ արդիականացման հրամայականը եղած է մեր մամուլին համար մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը։ Այլ մարտահրաւէրներու կողքին՝ ինչպէս են հայերէնի պահպանումը, լեզուի անաղարտ օգտագործումը, հաւաստի լրատուութեան տրամադրումը, յօդուածներու եւ կարծիքներու հրատարակումը, արդիականացման հարցը՝ տարբեր¬տարբեր հանգրուաններ թեւակոխած է, միջազգային մամուլին հետ քայլ պահելու, բայց նաեւ հայ ընթերցող հաւաքականութիւնները աւելիով սիրաշահելու նպատակով։
Մեր մամուլը, ինչպէս եւ ազգային ու միութենական մեր կեանքը, յաճախ երկընտրանք մը կը դիմագրաւէ. շարունակե՞լ նոյն ու փորձուած «ապահով» գործելաձեւով, թէ առնե՞լ ռիսք մը, ընդունիլ մարտահրաւէր մը եւ դաշտ նետուիլ նոր ու համարձակ քայլերով։
Ներկայիս ինթերնեթի ցանցը եւ ձեռքի հեռաձայներու օգտագործումը այնպիսի լայն դաշտ մը կը տրամադրեն տեղեկատուական միջոցներու աշխարհին մէջ, որ մարդոց ուշադրութիւնը լիովին կը գրաւեն։ Անշուշտ, երբ բոլորովին նոր միջոցներու պահանջքին առջեւ կը գտնուիս, բան մը կը շահիս ու բան մը կը կորսնցնես։ Այս հանգրուաններէն անցաւ մեր Ազատ Օրը իր կեանքի 79 տարիներուն ընթացքին, բոլորովին ջնջուած այլեւս տպագրական մեթոտներէն անցնելով համակարգչային, ապա՝ լսողատեսողական ու համացանցային ձեւերու։ Աշխարհը երկվայրկեանի մը մէջ իրարու կապող համացանցային լարերը այնքան հմայիչ ազդեցութիւն ունին մեր բոլորին վրայ, որ շատ ալ տեղ չեն ձգեր այլեւս, այլ՝ աւելի հինցած միջոցներու։ Դիմատետր, X համակարգ, Instragram եւ Tic Toc մեր առօրեան լեցնող պահերն են այս դարուս։ Ասոնցմէ ալ որոշները շուտով անցեալին պիտի պատկանին, որովհետեւ ժողովուրդը ագահութեամբ եւ աճապարանքով նորն ու աւելի՛ արդիականը կը փնտռէ։ Պատահական իրողութիւն չէ, թէ ցանցերը լայնօրէն կ՚օգտագործուին կառավարութիւններէ, կուսակցութիւններէ, համաշխարհային հաստատութիւններէ եւ ընդհանրապէս որեւէ բնոյթի խումբերէ, որոնք ըսելիք ունին կամ մարդոց զգացումները եւ միտքերը կը ձեւաւորեն կամ կ՚առաջնորդեն։ Նոյնիսկ անհատներ, որոնք ազատ բեմ կ՚ունենան եւ այդ մէկը լաւապէս կ՚օգտագործեն, ճիշդ թէ սխալ կարծիքներ հաղորդելու (կամ պարտադրելու) նպատակով։
Լրատուութիւն թէ՞ զուարճանք
Նոր իրականութիւն մը ստեղծուած է լրատուական դաշտին մէջ, այն օրէն ի վեր երբ ժողովուրդը սկսաւ լուրերը ստանալ ընկերային ցանցերուն միջոցաւ, որ ըստ իր հաճոյքին եւ ըստ իր նախընտրութիւններուն՝ կողմնորոշուած լրատուութիւն կը տրամադրէ իրեն։ Ձեռքի հեռաձայններու օգտագործումը շատ աւելի արագ զարգացուց լրատուութեան այս ձեւը, որ անվճար եւ զուարճացնող ձեւով կը տրամադրուի անհատին։
Բայց այսքան արագ ու հսկայական ծաւալներով լրատուութիւն, տեղեկութիւն, արդեօ՞ք որքանով կը հետաքրքրէ մարդոց, որոնք մեքենականօրէն մատներու արագ շարժումով մը՝ գրառումներուն վրայէն կ՚անցնին ու կ՚երթան, նոյնիսկ երկու տողը ընթերցած չըլլալով շատ անգամ։
Ահա՛ այս մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուի Ազատ Օրը ներկայիս, որը մասամբ կարողացաւ յաղթահարել, երբ ժամանակ առաջ սկսաւ գործադրել PDF ելեկտրոնային էջադրուած օրաթերթի տարբերակը, որ ելեկտրոնային հասցէներու միջոցաւ կը ղրկուի թերթի բաժանորդներուն։ Իրապէս արդիականացման ուղին բռնած նոր քայլ մը, որու շարունակութիւնը տեսնելու եւ յաւելեալ տարածելու անձկութիւնը կը դիմագրաւէ խմբագրութիւնը։ Արդեօ՞ք այս կը նշանակէ թէ օրին մէկը լրիւ պիտի վերանայ տպագիր տարբերակը։ Պարզ պատասխանը այս հարցումին պիտի ըլլար, թէ՝ այնքան ատեն որ ընթերցող կայ, տպագիր թէ ելեկտրոնային, մեր օրաթերթը պիտի շարունակէ հասնիլ բոլորին։ Իսկ բոլորին ըսելով, մենք պէտք է նկատի ունենանք մեր գաղութի երէց թէ երիտասարդ սերունդները, որոնց առօրեային մէջ ապրող զարկերակ պէտք է շարունակէ մնալ մեր օրաթերթը։
Թիւ 1 առաջնահերթութիւնը
Ազատ Օրի կարեւորութիւնը մեր գաղութէն ներս ուղղակիօրէն շաղկապուած է իր երկար տարիներու ժառանգին հետ։ Այն եղած է հայ հաւաքականութիւններուն միջեւ ամրապնդման ազդակը, մեր միութիւններու, ազգային ու կրօնական կառոյցներու, մեր վարժարաններու եւ ընդհանրապէս յունահայ գաղութի գործունէութեան ծանօթացման ու վարկի բարձրացման միջոցներէն մէկը։ Սփիւռքահայուն մօտ բերած է Հայաստանն ու Արցախը, իսկ հայրենիքին մօտ ծանօթացուցած է յունահայութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը, իր բոլոր բազմերես երեւոյթներով։ Այս պահանջարկը կը շարունակէ մնալ թիւ մէկ առաջնահերթութիւն, որքան ալ տրամադրուող ձեւերուն մէջ նորութիւններ մտցուին։ Թերթի մը դերը միայն լրատուութիւն տրամադրելով չի սահմանափակուիր, այլ հիմնականօրէն զգացում ու գաղափար է որ կը փոխանցէ, իւրայատուկ երկխօսութեան մը մէջ մտնելով իր ընթերցողին հետ։
Որեւէ յարաբերութիւն երկկողմ կ՚ըլլայ։ Ազատ Օրը եւ իր ընթերցողներու հաւաքականութիւնը երկու պարտաւորեցնող կողմեր են։ Մէկը միւսին զօրացնելու եւ մէկը միւսին պահելու առաջադրանքով։ Իսկ կենդանի երկխօսութիւնը այս երկու կողմերուն միջեւ միայն շահեկան կրնայ ըլլալ բոլորին համար։
Ազատ Օրը մեր ամէնօրեայ զրուցակիցն է, իր էջերուն ընդմէջէն, բայց նաեւ իր խմբագրական կազմով, որ թերթի անխափան հրատարակութեան վրայ գուրգուրացող ուժն է։
Հիմա, հայեացքները պէտք է կեդրոնացնել ապագային վրայ, ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ու համացանցի արագութեան այս տարիներուն։ Վերջ ի վերջոյ, իւրաքանչիւր անհատ, հաստատութիւն կամ ընկերութիւն՝ ապագան երաշխաւորելու պայքարն է որ կ՚ապրի իր առօրեային մէջ, դժուար թէ աւելի դժուարացող պայմաններու մէջ, բայց նորը փնտռելով ու այդ նորին միջոցաւ ներշնչուելով ու յանձնառութիւնը պահպանելով։
Ըսինք աւելի վերն ալ։ Նոր միջոցներու պահանջքը լրացնելու ճամբուն վրայ բան մը կը շահիս ու բան մը կը կորսնցնես։ Մեր շահածը թող ըլլայ մեր օրաթերթի յաւելեալ տարածումը, անոր բազմերես դիմագիծի պահպանումով եւ մեր կորսնցուցածը թող ըլլայ հին մտածելակերպի պարտադրած նեղութիւնը։