ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այ­սօր ար­դէն մեր ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­ւունք ու­նի տօ­նե­լու իր սահ­մա­նադրւ­թեան մեծ յաղ­թա­նա­կը։ Հ.Հ. սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կրցաւ յա­ջո­ղա­պէս դի­մա­կա­յել երկ­րի քա­ղա­քա­կան ճգնա­ժա­մը եւ վե­րապ­րիլ որ­պէս մեր երկ­րի տնօ­րէն օ­րէն­քը։ Ա­ռա­ւե՛լ։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ ի՛նք, իր բո­լոր խա­ւե­րով, կրցաւ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր իսկ ստեղ­ծած սահ­մա­նադ­րա­կան հա­մա­կար­գին. կրցաւ յաղ­թա­հա­րել իր սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ կան­գնիլ ոտ­քի որ­պէս մէկ ազգ և ­մէկ հայ­րե­նիք, լիի­րաւ և­ ան­բա­ժա­նե­լի, իր նո­րըն­տիր վար­չա­պե­տով, իր հրա­ժա­րեալ վար­չա­պե­տով, կա­ռա­վա­րա­կան իր ա­նե­րեր գոր­ծըն­թա­ցով, իր ի­մաս­տուն խորհր­դա­րա­նով, իր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րով, իր պայ­ծառ ե­րի­տա­սար­դու­թեամբ, իր զգաստ բա­նա­կով, իր ար­թուն ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րով, բայց մա­նա­ւանդ այս բո­լո­րին խա­րիս­խը հան­դի­սա­ցող իր անն­կուն հա­ւատ­քով դէ­պի իր ա­պա­գան եւ դէ­պի ճշմար­տու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւ­նը։
­Հա­յոց երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պատ­մու­թիւն գրե­ցին Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ յե­ղաշր­ջում բե­րե­լով մեր երկ­րի ի­րա­կա­նու­թեան եւ այդ մէ­կը ը­րին ա­ռանց դոյզն ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան եւ բռնա­րարք­նե­րու։ ­Կը շնոր­հա­ւո­րենք Պր. ­վար­չա­պե­տը իր ընտ­րու­թեան առ­թիւ եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք իր ա­ռա­քե­լու­թեան։
Այ­սօր նաեւ այն օրն է, երբ մենք պար­տա­ւո­րո­ւած ենք բա­նա­լու երկ­րի տագ­նա­պա­լի հար­ցե­րու հա­շո­ւե­տո­մա­րը։ ­Պար­տա­ւո­րո­ւած ենք միաս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու այն գրո­հը, որ ար­դէն իսկ կը բա­խէ մեր դռնե­րը։
Այս կէ­տին վրայ, պէտք է ան­պայ­ման քննարկ­ման տակ առ­նենք նա­խորդ իշ­խա­նու­թեան վի­ճա­կա­ցոյ­ցը եւ դա­սեր քա­ղենք վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի իր փոր­ձէն։ ­Մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը գի­տակ­ցա­բար մտաւ նա­խորդ իշ­խա­նու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին դա­շին­քի մէջ ա­ռանց րո­պէ մը իսկ մոռ­նա­լու, որ ­Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը մեր գա­ղա­փա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րը չէին և ­չէին կրնար ըլ­լալ։ ­Մեր եր­կի­րը ու­նէր սուր հրա­մա­յա­կան­ներ եւ մենք հա­մո­զո­ւած էինք — եւ ենք այ­սօր — որ մենք ազ­գո­վին պի­տի լծո­ւէինք այդ հար­ցե­րը լու­ծե­լու դժո­ւա­րին պար­տա­կա­նու­թեան։ ­Մենք ­Դա­շին­քին առջև դրինք Հ.Յ.Դ. պլատ­ֆոր­մը, որ ծնած էր Հ.Յ.Դ. Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Ժո­ղով­նե­րու ո­րո­շում­նե­րէն։ ­Մեր պլատ­ֆոր­մը կը բխէր մեր ժո­ղո­վուր­դի սուր կա­րիք­նե­րէն, մեր պե­տա­կա­նու­թեան լի­նե­լիու­թեան հրա­մա­յա­կան­նե­րէն, մեր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ար­մատ­նե­րէն, մեր հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թեան ան­զան­ցա­ռե­լի եզ­րե­րէն։
Այ­սօր պի­տի ըն­դու­նինք, որ ­Դա­շին­քը չար­դա­րա­ցուց ինք­զինք։ ­Թէ­պէտ որ­դեգ­րե­լով մեր պլատ­ֆոր­մի կէ­տե­րը՝ օ­րո­ւան նա­խա­գահն ու օ­րուան վար­չա­պե­տը ի­րենց հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րով պաշ­տօ­նա­պէս խոս­տա­ցան յե­ղաշրջ­ման տա­նիլ եր­կի­րը, բայց դժբա­խա­տա­բար այդ բո­լո­րը մնա­ցին թուղ­թի վրայ եւ ան­հետ­ևանք։ ­Մե­ծա­մաս­նա­կան կող­մը մնաց լայ­նօ­րէն ա­նըն­դու­նակ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հո­ղին վրայ մե­զի հետ ար­մա­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան եր­թա­լու։ ­Մեր պլատ­ֆոր­մի էա­կան պատ­գամն էր կեան­քը փո­խե՛լ. ձեր­բա­զա­տո­ւի՛լ երկ­րին կեան­քը մթագ­նող յա­րա­ցոյ­ցէն (paradigm). մե­նաշնոր­հա­յին հա­մա­կար­գը տա­նիլ դէ­պի մրցակ­ցա­յին դաշտ. լու­ծում­ներ բե­րել աշ­խա­տա­տեղ­նե­րու, աղ­քա­տու­թեան եւ ար­տա­գաղ­թի կնճռոտ հար­ցե­րուն։ Այ­սօր ու­նինք նոր վար­չա­պետ եւ շու­տով կ­՚ու­նե­նանք նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն, որ պի­տի ներ­կա­յա­նայ խորհրդա­րան իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու փա­թե­թով (ծրա­րով)։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւն եւ խորհր­դա­րան միաս­նա­բար պի­տի ընտ­րեն այն ճա­նա­պար­հը, որ մեզ պի­տի տա­նի դէ­պի նոր ­Հա­յաս­տան, դէ­պի նոր քա­ղա­քա­կան մշա­կոյթ, դէ­պի նոր քա­ղա­քակր­թու­թիւն։ ­Պա­հանջ­կոտ տես­լա­կա՛ն մը՝ ո­րուն պէտք է տրա­մադ­րո­ւին կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր ու­ժե­րը։
­Յա­մե­նայն դէպս մենք ազ­գո­վին պի­տի գիտ­նանք, որ յե­ղաշրջ­ման գոր­ծը նոր է, որ կը սկսի։ Այն փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մա­սին կը խօ­սո­ւի ­Ժո­ղովր­դա­յին ­Շար­ժու­մի ղե­կա­վար շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ, այն իսկ ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­ներն են, զորս ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վա­ղուց դրած է իր պլատ­ֆոր­մին մէջ։ Այն ինչ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չկրցաւ ի­րա­գոր­ծել ­Դա­շին­քին ընդ­մէ­ջէն եւ մե­ծա­մաս­նա­կան կող­մի բա­ցա­յայտ մեղ­քով, այժմ դրուած է Հ.Հ. նո­րըն­տիր վար­չա­պե­տին առ­ջեւ։ Եւ դրո­ւած է ան­սա­կար­կե­լի ան­մի­ջա­կա­նու­թեա՛մբ։ ­Փաս­տը այն է, որ կեան­քը շատ հե­ռու է փո­խո­ւած ըլ­լա­լէ։ ­Կեան­քը նոյնն է դեռ։ ­Հին «մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը» կը շա­րու­նա­կէ մե­ծա­մաս­նու­թիւն մնալ խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Հ.Հ. ազ­գա­յին տնտե­սու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ մե­նաշ­նոր­հա­յին։ ­Կա­շա­ռա­կե­րու­թիւնն ու զեղ­ծա­րա­րու­թիւ­նը իշ­խող կա­ցու­թա­ձեւ­ներ են, ո­րոնք ար­մա­տա­ցած են հա­սա­րա­կու­թեան կեան­քին մէջ։ ­Մէկ օ­րէն միւ­սը չէ, որ հին հա­մա­կար­գի տէ­րե­րը պի­տի դադ­րին խմե­լէ երկ­րին ու­ժա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­հոս­քե­րու ան­բաւա­րա­րու­թիւն, աշ­խա­տա­տեղ­նե­րու սով, աղ­քա­տու­թիւն, ար­տա­գաղթ. այս հար­ցե­րը կը կա­րօ­տին եր­կա­րա­ժամ­կէտ, հե­տե­ւո­ղա­կան, բազ­մա­մա­կար­դակ, ճկուն եւ միա­ժա­մա­նակ վճռա­կան ու հա­մա­պար­փակ ռազ­մա­վա­րու­թեան մը, որ­պէս­զի յե­ղաշր­ջու­մը ըլ­լայ ի­րա­կան եւ ար­մա­տա­կան։ ­Վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեան այժ­մէն իսկ պէտք է սկիզ­բը դնէ այս կեն­սա­կան գոր­ծըն­թա­ցին՝ իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով այս գոր­ծին տես­լա­կա­նը ու­նե­ցող բո­լոր ձեռն­հաս ու­ժերն ու մար­դիկ։
Ըստ օ­րի­նի՝ այս օ­րո­ւը­նէ սկսեալ այս օ­րա­կար­գը ի՛րն է։ Ի՛րն է նաև պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւ­նը։ Եւ սա­կայն, ըն­կեր­նե՛ր, Ա­բո­վեա­նի թա­խան­ձա­գին բա­ռե­րով՝ «իմ ա­զի՛զ ժո­ղո­վուրդ», այս օ­րո­ւը­նէ սկսեալ եւ ո­րե­ւէ ա­տե­նէ ա­ւե­լի, այս օ­րա­կար­գը մե՛րն է։ Ա­սի­կա մեր թան­կա­գին պա­տե­հու­թիւնն է նոր եր­կիր հրա­շա­գոր­ծե­լու։ ­Նոր միտք ձևա­ւո­րե­լու։ ­Նոր հա­սա­րա­կու­թիւն հո­յա­կեր­տե­լու։ ­Հա­սա­րա­կու­թիւ՛ն՝ որ ըլ­լայ ար­ժա­նա­ւոր ի­րա­ւա­ժա­ռան­գոր­դը մեր պատ­մու­թեան բո­լոր մեծ ա­րարք­նե­րուն եւ հպարտ կեր­տի­չը վա­ղո­ւան մեր սխրա­գոր­ծու­թեանց։ ­Կեց­ցէ՛ք բո­լորդ։