Մկրտիչեան Կ.
Եօթանասուն եւ հինգ ամեակ «Ազատ Օր»ի…
Երկար ժամանակաշրջան մը չէ, հաւանաբար պարծենալ փորձուելու համար կամ ալ թերեւս ոմանց համար, ժամանակի անհունութեան մէջ, անհեթեթ նկատուի 75 տարիներու գործունէութեան յոբելենական յիշատակումը անոր:
Սակայն փաստացի իրողութիւնը մէկ է, որ ան մինչեւ այսօր մեր ազգային գոյապայքարի ճակատին վրայ յամառող յառաջընթաց մարտիկներէն մէկն ըլլալէ չէ դադրած, եւ որ այս գոյապատճառով ու ապագային ձգտող իր տեսիլքներով ու երազներով իսկ, երկվայրկեանները կ’իմաստաւորուին յաւիտենականութեան պատմուճանին ներքեւ: Հետեւաբար ժողովուրդի գիտակցութեան մօտ, տարիները, դարերը, նոյնիսկ վայրկեանները եւ կամ ալ պատմութեան մղոնաքարերը կ’իմաստաւորուին ու կը հասնին կայացման, շնորհիւ տարուած գործունէութեան ու նուիրումի իրենց տարողութենէն միայն:
Վերջին հարիւրէ աւելի հայ սփիւռքեան կեանքի տարիներու տեւողութեան մէջ ու անոր կազմաւորում-կազմակերպում հոլովոյթին ընդմէջէն՝ յատկապէս հայոց լեզուի պահպանման անմար մեր մշակութային ակութներուն դպրոցներուն կողքին ու զուգահեռաբար հայու գրական մշակումի անդաստանին պահապան զրահներէն մին եւս եղաւ մեր մամուլը, ընդհանրապէս իր պարբերականներու անթիւ հրատարակութիւններէն անդին ու յատկապէս մեր առօրեայ կեանքի հարթակին վրայէն հայաշունչ ոգի սրսկելով մեր ժողովուրդին՝ անթիւ օրաթերթերու միջոցաւ:
Հաստատում մըն է, որուն կարիքը զգացինք այսօր, կարենալ անդրադառնալու համար «Ազատ Օր»ին՝ յունահայութենէն մեծապէս սիրուած ու յարգուած օրաթերթին, որը շատ արագ մեր գաղութի ամենէն ամուր կռուաններէն մէկը դառնալէն ետք, մինչեւ օրս կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ 75 տարիներու գոյութիւն մը բոլորելով, յատկապէս եւրոպական աշխարհագրային այս գօտիէն ներս՝ ազգային, մշակութային ու գրական գոյապայքարի եւ յատկապէս անցեալի նորագոյն սերունդներէն՝ սկսնակներու կամ ալ խոստումնալից երիտասարդներու համար՝ ինքնամշակումի բեմ ու ժամադրավայր դառնալով:
Հարկ է խոստովանիլ ու ընդգծել, որ շատ բնական մղում մը կը նկատենք, երիտասարդներու մօտ, ինքզինք արժեւորելու ու յատկապէս ինքնահաստատուելու նախանձախնդրութիւնը:
Քանի «Ազատ Օր»ի ընդհանուր գրական եւ լեզուական նպաստին ակնարկեցինք, հոս հարկը կը զգանք աւելցնելու, որ յատկապէս նախապատերազմեան շրջանին, ան որպէս հրատարակչատուն ու իբրեւ, անջատ գործերու հրատարակութեան միջոց եւս իր դրական նպաստը բերաւ այս անգամ սկսնակ գրողներու գործերու հրատարակութեանց:
Դժբախտաբար այս նորագոյն «փթթում»ը շատ կարճ տեւողութիւն ունեցաւ, քանի անոր յաջորդեց երկրորդ աշխարհամարտը ու անկէ ժայթքած հրահեղուկի հոսքին տակ ամէն բան խամրեցան:
«Ազատ Օր»ի անդրանիկ թիւը լոյս տեսաւ՝, 1945-ի Փետրուար 25-ին արտօնատիրութեամբ՝ Յովհաննէս Չաքրեանին, որ 1948-ին Լիբանան փոխադրուելուն պատճառով, իր այդ հանգամանքը փոխանցեց Օննիկ Զաքարեանին:
Մինչեւ 1950-ի Ապրիլը, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը վարեց Սեդրակ Գոհարունի: Երբ այդ թուականին, հիւանդութեան պատճառով գործէն քաշուեցաւ, խմբագրութիւնը ստանձնեց բանաստեղծ՝ Վազգէն Եսայեան, այլ վաստակաւոր նուիրեալի մը՝ ամէնէն մեծ վաստակին հասած աշխատաւորի կողքին՝ Ահարոն Ստեփանեանին՝ «Ազատ Օր»ի նշանաւոր գրաշարին:
Գրեթէ նոյն կենսագրութիւնը ունեցող այս երկու սուրբերուն քով-քովի գալու հանգամանքը պատահական երեւոյթ չէր կրնար ըլլալ:
Ատիկա հասկնալի է ու պատահած է անոր համար, որ թէ Ստեփանեան եւ թէ Եսայեան անցած են տառապալից նոյն ճանապարհներէն, ապրած են որբութիւնը, չքաւորութիւնը, թշուառութիւնը տարագրութեան դժոխքներուն մէջ եւ խոցուած են ազգային եւ մարդկային նոյն ցաւերով, միեւնոյն միջավայրերուն մէջ:
Գիտենք, թէ ի՜նչ քաջութիւն-համբերութիւն, ջիղերու ամէնօրեայ ի՜նչ պրկում ու ցաւագին ի՜նչ ճիգ կը պահանջուէր, այս ըմբռնումներով ապրող երկու անձերէն…
Ընդհանրապէս մամուլը ու յատկապէս հայ մամուլը, մեր «անհայրենիք» մնացած սփիւռքեան ամայի ու անծայրածիր տարածքներուն վրայ ապրող մեր հոգիին խորը ծուարած հնոց մըն է եւ որ վառ պահելու համար, հարկ է որ շարունակ անհրաժեշտ փայտով մատակարարել զայն:
Ի բնէ գործածուած ատաղձները իրարու չեն նմանիր, անոնք ամէն մէկն առանձին կը զանազանուին, իրենց տածած-տուած ու ապա մեզի փոխանցուած ջերմութեան աստիճանաւորումներէն, ինչպէս զայն վառ պահելու մեր հետեւողականութենէն ապահովելու համար փնտռտուածը՝ հայաշունչ ու ջերմիկ մթնոլորտի ստեղծում-երկարաձգումը ուր կարելի պիտի ըլլայ շօշափելի ներկայութեան մը ստեղծումէն անդին ապրիլ մեր հայութիւնը, հայ մամուլի բեղուն էջերէն ծանօթանալով մեր տոկունութեան ու յարատեւելու մեր մեծագոյն կամքին ու նկարագրի մեր այն գիծերուն, որոնցմով միայն կարելի եղած է դիմանալ այլասերումէ, վատասերումէ, ջարդերու ինքնակամ անձնատուութիւններէ, որոնց շարքը, այո՛ շատ երկար է, բայց նաեւ նոյնքան երկար է այն ոգիին ներկայութիւնը, որով կը հաղորդուինք, ամէն անգամ երբ անծանօթ բառի մը կը հանդիպինք անոր էջերուն վրայ ու զարմանալիօրէն, անծանօթ մղումէ մը թելադրուած զայն էապէս ըմբռնելու համար կը փորձենք քանի մը անգամ մեղմիկ արտասանելէ ետք, բոլորովին տարուած, զայն բարձրաձայն արտասանելու կարիքը կը զգանք:
Վստահաբար լինելութեան ձայնն է, որ կ’արձագանգէ…
Այո՛, ընդհանուր մեր ազգային կառոյցներու յոբելենական-տարեդարձներու գոյատեւման ու արդիւնաւորման խորերէն ետք ուղի կամ ուղղութիւն փնտռելու անձկալի հեւքը ջանքն է: Մեր այս օրին-օրերէն ետք տակաւին հայրենիք-սփիւռքեան ճգնաժամէն դուրս գալու համար մեր ապագայ՝ եռամեծ սուրբին, Մեսրոպի «Մտքի ճրագարանի» փնտռտուքն է, որպէսզի հպարտութեամբ լեցուելու, մեր կամքը զինելու, վերանորոգելու հայութիւնը մեր եւ մեզ աւելի տոկուն դարձնելու՝ դիմադրել կարենալու համար, կրկին մեր ցեղային-հողային ափերը կրծող մաշեցնող նորօրեայ հորդաներուն՝ բանթուրքիզմի գաղափարաբանութեան ծառայողներուն:
***
Ծաւալումի որեւէ փորձէ պիտի խուսափէինք, սակայն «Ազատ Օր»ի, մեր մամուլի եօթանասունհինգամեայ հոբելենականի այսօրուայ համապատկերին սեւեռող մեր այս ակնարկին մէջ թելադրական ներուժութեամբ միշտ վերանորոգ մնալու համար, քանի մը անուններ միայն վկայութեան պիտի կոչենք անդարձ մեկնած ու մինչեւ մեր օրերը ապրող դէմքերու փաղանգէն՝ գրական հրապարագրային-տպագրային ծիրէն ներս իրենց «սեւ աշխատանքի» տասնամեակներու հայադրոշմ, ազնուական, պիրկ ու ճկուն, ու նամանաւանդ անվրէպ ու կենսալիր ինքնութիւնը տարազած ըլլալու համար:
«Ազատ Օր»ի անձնակազմ
1945-2020
ԱՐՏՕՆԱՏԷՐԵՐ
Լազեան Գաբրիէլ, Զաքարեան Օննիկ, Եսայեան Վազգէն, Պարազեան Յովսէփ, Hellenic-Armenian Forum:
ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ — ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ
Լազեան Գաբրիէլ, Գոհարունի Սեդրակ, Եսայեան Վազգէն, Ստեփանեան Ահարոն, Պարազեան Յովսէփ, Յարութիւնեան-Եաղուպեան Հռիփսիմէ, Չիլինկիրեան Մայք, Էքիզեան Քերոբ:
ՕԳՆԱԿԱՆ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ
Աճէրեան Նուպար, Ճամուզեան Նազիկ, Դաւիթեան Գրիգոր, Մարուխեան Շաղիկ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Դանիէլեան Դանիէլ, Սեւակեան Արշակ, Մինասեան Կարօ, Խաչատուրեան Խեչօ, Օննիկեան Օննիկ, Բոշեան Պօղոս, Աւագեան Գէորգ, Մխիկեան Յարութիւն, Քիւրտօղլեան Միհրան, Մկրտիչեան Կիրակոս, Շեմմաս Ստեփան, Մանկոյեան Արա, Գոլանեան Գէորգ, Շահինեան Հրայր, Էրջէնեան Գրիգոր, Գույումճեան Սերգօ, Պզտիկեան Վահան, Աճէրեան Նուպար, Կարինեան Խաչիկ, Երկանեան Ռիքարտօ, Ղեւոնդեան Արլէն, Սելիմեան Տիգրան, Ռաֆֆի Գազարեան, Վահան Պզտիկեան:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ
Լազեան Նաթալի, Մանուկեան Արմէն, Պարազեան Ռեփեկա:
ՏՊԱԳՐՈՂՆԵՐ
Սերասիս Խրիսթոս (Փլաքա-Աթէնք), Մանուկեան Արմէն (Փլաքա-Աթէնք), Մինասեան Գրիգոր (Սարքուտինու-Ֆիքս), Մկրտիչեան Գարեգին (Սարքուտինու-Ֆիքս), Չոպանեան Սիլվա (Սարքուտինու-Ֆիքս), Պալթայեան Պօղոս (Օմոնիա-Աթէնք), Համբարձումեան Համբարձում (Վոթանիքոս), Միլոնաս Տիմիթրիս (Փերիսթերի):
LINOTYP-Ի ԳՐԱՇԱՐՆԵՐ
Պարազեան Յովսէփ, Մխիկեան Աւետիս, Մինասեան Սերգօ, Մինասեան Գրիգոր, Քէրքեան Աբրահամ, Մկրտիչեան Գարեգին, Յովսէփեան քհնյ. Վարագ:
ՄԱՔԷԹԻՍԹՆԵՐ
Գալայճեան Կարօ, Աթթարեան Ալիս, Սարգիսեան Կարօ, Չիլինկիրեան Մայք:
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ
Սավուլեան Վարուժան, Սավուլեան Մանուէլ, Ապարեան Խաչիկ, Միսաքեան Մանուկ:
ԳՐԱՇԱՐՆԵՐ
Ստեփանեան Ահարոն, Ստեփանեան Մարօ, Մեհրապեան Համօ, Տաղլեան Արտաւազդ, Սիմիթեան Կարապետ, Օննիկեան Մարօ, Ստեփանեան Ռենա, Օրմանեան Շահէն, Տէօվլէթեան Վարդուհի, Տէօվլէթեան Ովսաննա, Աւետիքեան Աւետուհի, Պալեան Արմինէ, Պալեան Արսինէ, Սեւակեան Անահիտ, Սահակեան Ազատուհի, Սոլաքեան Երջանիկ, Սոլաքեան Ագապի:
COMPUGRAPHIC-Ի ԳՐԱՇԱՐՆԵՐ
Ղեւոնդեան Եղիս, Յարութիւնեան Ալիս, Ճամուզեան Նազիկ, Չոպանեան Սիլվա, Եդիմեան Ռոզիթա, Թորոսեան Այտա, Չիլինկիրեան Անի, Դաւիթեան Գրիգոր:
COMPUTER-Ի ԳՐԱՇԱՐՆԵՐ
Ամիրալեան Տաթեւ, Եդիմեան Ռոզիթա, Չիլինկիրեան Անի, Խանիկեան Աղաւնի, Մարուխեան Շաղիկ, Գարակէօզեան Գոհար, Եաղուպեան Հռիփսիմէ, Միքայէլեան-Մաւուշեան Վիկտորիա, Յարութիւնեան Ալիս, Քոսակեան Լինտա:
ՀԱՇՈՒԱՊԱՀՆԵՐ
Տիւզեան Վահան, Մովսէսեան Ստեփան, Աւագեան Գէորգ, Ղեւոնդեան Եղիս, Յարութիւնեան Ալիս, Դաւիթեան Գրիգոր, Չիլինկիրեան Անի, Գարակէօզեան Գոհար, Եաղուպեան Հռիփսիմէ, Մանուկեան Մանուկ, Մովսէսեան Յարութիւն, Էլմասեան Վարուժան, Միքայէլեան-Մաւուշեան Վիկտորիա, Տամաթեան Ժագ, Պապօղլեան Շողիկ, Միքայէլեան Սոֆիա:
ԹՂԹԱԿԻՑՆԵՐ
Ալեքսանտրուպոլիս.- Մամիկոնեան Աշոտ, Գավաֆեան Նատիա, Մարուքեան Համբօ, Սարգիսեան Լուսի:
Գոմոթինի.- Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Կիւմիւշեան Տիգրանուհի, Գասպարեան Տիգրանուհի, Նազիկ Պալթայեան, Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան:
Քսանթի.- Պալատլեան Զապէլ:
Գավալա.- Աշըրեան Մաննիկ:
Թեսաղոնիկէ.- Քիւփճեան Վարազդատ, Աւետիսեան Թագւոր, Ճլկունի Լեւոն, Աբէլեան Արմենուհի, Կոմիտաս վրդ. Օհանեան, Մուշեղ վրդ. Մարտիրոսեան, Գասապեան Յակոբ, Գասապեան Կիւլա, Գոստիկեան Հռիփսիմէ, Գոստիկեան Մարգրիտ, Նատեան Ժիրայր, Խորէն Ծ.վրդ. Տողրամաճեան, Գասպարեան Կարապետ, Գասպարեան Սեպուհ, Մակար աբղ. Աշգարեան, Քիւսպէքեան վրդ.Գեղարդ, Մարուքեան Սեսիլ, Վիրապեան Գոռ, Գասապեան Յովիկ, Հալաճեան Պետրոս, Գանապեդեան Աստղիկ, Գանապետեան Արաքսիա, Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան:
Սերրէս.- Յարութիւնեան Գոհար, Թամազեան Անահիտ:
Ֆիքս.- Գույումճեան Կարպիս, Օննիկեան Արմէն, Տէտէյեան Գրիգոր, Մինասեան Սերգօ, Գարապաճաքեան Կիւլա, Տէրանեան Յասմիկ, Պարազեան Լոռի, Մինասեան Վիգէն, Մովսէսեան-Սափրիչեան Արշալոյս, Եդիմեան Սերգօ:
Գոքինիա.- Մինասեան Կարօ, Արշակունի Տիգրան, Էլմասեան Շաքէ, Մանկոյեան Արա, Սպարթալեան Սոնա, Ամիրալեան քհնյ. Վարանդ, Յովսէփեան քհնյ. Վարագ, Մինասեան Հայկանուշ, Սլտրեան Մանուշակ, Էքիզեան Քերովբէ, Չաքմաքճեան Հայկան, Ալիանաքեան-Տանկուրեան Գոհար, Թագեսեան Մարլէն, Տէօքմէճեան Անի, Սպարթալեան Յարութիւն:
Աթէնք.- Յովսէփեան քհնյ. Վարագ, Չալեան Նուարդ, Խաչերեան քհնյ. Պարետ:
Գարէա.- Կիւզէլեան Ժիրայր, Կարապետեան Ալիս, Կիւզէլեան Փայլիկ, Ղազէրեան Շաքէ, Աճէրեան Նուպար, Աճէրեան Շաքէ:
ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ.- Աճէրեան Նուպար, Ամիրալեան քհնյ. Վարանդ, Աշըրեան Մաննիկ, Ամուրեան Անտրէ, Արշակունի Տիգրան, Բարսեղեան Շնորհիկ, Գալայճեան Վրէժ, Գայեան Լեւոն, Գասապեան Յակոբ, Գույումճեան Գարպիս, Դաւիթեան Գրիգոր, Զաքարեան Օննիկ, Էլմասեան Շաքէ, Էքիզեան Քերոբ, Թերզեան Վռամ, Թէօլէլեան Մինաս, Թոփճեան Ռուբէն, Կարապետեան Ալիս, Կարապետեան Գասպար, Կէմճեան Սողոմոն, Կիւզէլեան Ժիրայր, Կիւզէլեան Փայլիկ, Ղազարեան Գրիգոր, Ղազէրեան Պայծառ, Ճամուզեան Նազիկ, Ճէլալեան Յակոբ, Մեհեան Կարօ, Մէքթուպճեան Յարութիւն, Մանկոյեան Արա, Մանուկեան Մկրտիչ, Մարուխեան Շաղիկ, Մինասեան Սերգօ, Մխիկեան Աւետիս, Մխիկեան Յարութիւն, Մկրտիչեան Կիրակոս, Յովսէփեան քհնյ. Վարագ, Շառոյեան Լեւոն, Չալեան Նուարդ, Պէշիկտաշլեան Նշան, Պապօղլեան Յովիկ, Պզտիկեան Վահան, Պէրպէրեան Էվա, Պէօրէքճեան Նուարդ, Պէլեան Աբօ, Պասմաճեան Նշան, Սահակեան Յակոբ, Սարաճեան Անահիտ, Սարգիսեան Պատրիկ, Սպարթալեան Սոնա, Սվաճեան Օննիկ, Ստեփանեան Ահարոն, Սօս-Վանի, Տէմիրճեան եպս. Վարդան, Տէտէյեան Գրիգոր, Տողրամաճեան Ծ.վրդ. Խորէն, Փաթթուքեան Վահէ, Փափազեան Արամ, Փոլատեան Կարօ, Քէհէյեան վրդ. Նշան, Քիւրտօղլեան Միհրան, Քիւրքճեան Մարօ, Քիւրքճեան Յարութիւն, Քիւրտօղլեան Զարմինէ, Գույումճեան-Քիւրտօղլեան Նորա, Կոմիտաս եպս. Օհանեան, Օհանեան Սեդրակ, Օննիկեան Լուսի, Օննիկեան Մարօ, Օննիկեան Օննիկ, Ֆարաճեան Ալիս, Ֆարաճեան Շահան, Սահակեան Վիգէն, Պէրպէրեան Նազարէթ, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Վերապատուելի Չոլաքեան Վիգէն, Շէֆիքեան քհնյ. Ռափայէլ, Գեր. Յովսէփ Պէզազեան, Պարազեան Լոռի, Մալքիտիս Ֆանիս, Մարկոսեան Մարիա, Տամատեան Ժագ:
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ.- Ահարոնեան Լեւոն (Տանըմարք), Աճէմեան Հրանդ (Ֆրանսա), Դաւիթեան Արթօ (Կիպրոս), Եսայեան Նուպար (Հոլանտա), Ծովիկեան Սուրէն (Իտալիա), Մեսրոպ Պողիկ (Պուլկարիա), Մեսրոպ Ֆիլիփ (Պուլկարիա), Յովհաննիսեան Էտիկ (Գերմանիա), Յակոբեան Ռաֆայէլ (Գերմանիա), Յովհաննէսեան Լեւոն (Երուսաղէմ), Հեքիմեան Կարօ (Երուսաղէմ), Սուրդուքեան Աբօ (Երուսաղէմ), Շարապխանեան Մարգար (Գանատա), Պալեան Յակոբ (Ֆրանսա), Պետրոսեան Համօ (Գերմանիա), Հայր Ռաֆայէլ Պզտիկեան (Վենետիկ), Պզտիկեան հայր Վահան (Վենետիկ), Զէքիեան Լեւոն (Վենետիկ), Տիգրանեան Տիգրան (Անգլիա), Տօնիկեան Տիրան (Պուլկարիա), Մահսութեան Լորիս (Կիպրոս), Տէմիրճեան Պետօ (Լիբանան), Վարտիքեան Տիգրան (Լեհաստան), Յարութիւնեան Գոհար (Սերպիա), Էքմանեան Յարութ (Սուրիա), Կարպիս-Արմէն (Գանատա), Մահսէրէճեան Սարգիս (ԱՄՆ), Պետիկեան Գէորգ (Գանատա), Արմենեան Կարօ (ԱՄՆ):
ՑՐՈՒԻՉՆԵՐ
Պօղոսեան Ասատուր, Գաբրիէլեան Գաբրիէլ, Ճիզմէճեան Նազար, Ճէրէճեան Ասատուր, Ճամուզեան Կարօ, Գարէացի Օննիկ, Օհանեան Յակոբ, Պալեան Սերգօ, Մինասեան Սերգօ, Մինասեան Գրիգոր, Մանուկեան Ռոզիկ, Քէրքեան Աբրահամ, Ալահվերտեան Արսէն, Ալահվերտեան Վարդան, Հիլտա (Պարսկաստան), Կիլտա (Պարսկաստան), Մուրատեան Արամ, Գրիգորեան Յարութիւն, Հայրապետեան Հայրապետ, Գիւմրիօղլու Արմէն, Յակոբեան Արմէն, Խոճոյեան Մկրտիչ, Արտաշ Գարլօ, Խչէյեան Մանուկ, Ճենապեան Գարլօ, Լազարեան Սամուէլ, Քապուրիս Եաննիս, Եորտաքէ Ֆլորին: