Շա­ղիկ Ս­րու­րեան «Գանձասար»

Ա­ռա­ւօ­տեան ա­ճա­պա­րան­քով աշ­խա­տան­քի մեկ­նե­լու պա­հուն, երբ ժա­մը ի­մա­նա­լու հա­մար ձեր ձեռ­քը գրպա­նը կ­՛եր­կա­րէք եւ չէք գտներ ձեր բջի­ջա­յի­նը, այդ պա­հուն հա­ւա­նա­բար թե­թեւ մը խու­ճա­պի եւ հիաս­թա­փու­թեան` նո­մո­ֆո­պիա­յի մատ­նո­ւիք:
­Նո­մո­ֆո­պիան. ա­ռանց բջի­ջա­յի­նի մնա­լու, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թե­նէ զրկո­ւե­լու, ե­լեկտրա­կա­նու­թեան լից­քի պար­պու­մին եւ կամ հա­շի­ւի սպա­ռու­մին հե­տե­ւան­քով՝ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նը օգ­տա­գոր­ծել չկա­րե­նա­լու ան­տե­ղի վախն է:
­Ֆո­պիան ինք­նին անտ­րա­մա­բա­նա­կան վախն է, որ կը յա­ռա­ջա­նայ զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րէ կամ ա­ռար­կա­նե­րէ, ինչ­պէս փակ կամ բարձր տեղ գտնո­ւե­լէ, զա­նա­զան կեն­դա­նի­նե­րէ, նոյ­նիսկ ման­րէ­նե­րէ:
­Նո­մո­ֆո­պիա­յի պա­րա­գա­յին վա­խը ան­տե­ղի կը դառ­նայ, երբ նո­մո­ֆո­պիա­յէն տա­ռա­պո­ղին մօտ կը յա­ռա­ջա­նայ այն սաս­տիկ ան­հանգս­տու­թիւ­նը, երբ ան պար­զա­պէս բջի­ջա­յին օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թե­նէ զրկո­ւի:
­Նո­մո­ֆո­պիա եզ­րը կազ­մո­ւած է անգ­լե­րէն «no mobile phobia» ար­տա­յայ­տու­թե­նէն, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծո­ւած է Անգ­լիոյ մէջ 2008-ին կա­տա­րո­ւած հե­տա­զօ­տու­թեան մը մէջ, ուր կը յի­շո­ւէր, որ բջի­ջա­յին օգ­տա­գոր­ծող­նե­րուն 53 առ հա­րիւ­րը կ’ան­հանգս­տա­նայ, երբ չի կրնար գոր­ծա­ծել բջի­ջա­յի­նը, իսկ ա­ւե­լի քան կէ­սը բջի­ջա­յի­նը եր­բեք չ’ան­ջա­տեր: ­Վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն այս տո­կո­սը բա­ւա­կան աճ ար­ձա­նագ­րած է:
­Հո­գե­բան­ներ պատ­րաս­տած են հար­ցում­նե­րու շարք մը` նո­մո­ֆո­պիա­յի աս­տի­ճա­նը ստու­գե­լու հա­մար: Այս 20 հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով կրնաք գիտ­նալ, թէ կը տա­ռա­պի՞ք նո­մո­ֆո­պիա­յէ կամ` ոչ:

Ար­ձա­նագ­րե­ցէք ձեր «ա­յո» պա­տաս­խան­նե­րուն քա­նա­կը:
1.- Ա­ռանց բջի­ջա­յի­նիս ան­հան­գիստ եւ կոր­սո­ւած կը զգամ:
2.- ­Կը տխրիմ, ե­թէ վայր­կեա­նը վայր­կեա­նին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկա­րե­նամ ստա­նալ:
3.- Ջ­ղա­յին կը դառ­նամ, ե­թէ ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով հե­ռա­խօսս դադ­րի գոր­ծե­լէ:
4.- ­Կը զայ­րա­նամ, ե­թէ ու­զած պա­հուս չկա­րե­նամ օգ­տա­գոր­ծել հե­ռա­խօ­սիս ըն­ծա­յած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:
5.- ­Խու­ճա­պի կը մատ­նո­ւիմ, երբ բջի­ջա­յի­նիս մաս­նակ­ցու­թեան հա­շի­ւը կը սպա­ռի:
6.- Ե­թէ կապ չկայ կամ չեմ կրնար օգ­տո­ւիլ Wi-Fi-էն, ա­նընդ­հատ կը ստու­գեմ կա­պի առ­կա­յու­թիւ­նը:
7.- Ե­թէ բջի­ջա­յինս խան­գա­րո­ւի, բո­լո­րո­վին տար­բեր անձ մը կը դառ­նամ:
8.- ­Գոր­ծի մէջ եւ ա­մէ­նու­րեք հե­ռա­ձայնս միշտ ձեռքս կը պա­հեմ:
9.- Ե­թէ մնա­յուն կա­պի մէջ չըլ­լամ բա­րե­կամ­նե­րուս հետ, ան­հան­գիստ եւ կոր­սո­ւած կը զգամ:
10.- Ե­թէ հե­ռա­ձայնս ո­րե­ւէ տեղ մոռ­նամ, կ­՛ան­հանգս­տա­նամ` մտա­ծե­լով որ հա­րա­զատ­ներս պի­տի չկա­րե­նան հետս կա­պո­ւիլ:
11.- Ե­թէ հե­ռա­ձայնս տեղ մը մոռ­նամ, աշ­խար­հէն կտրո­ւած եւ ա­նա­պա­հով կը զգամ:
12.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, տա­րօ­րի­նակ կը զգամ, քա­նի որ ու­րիշ ը­նե­լիք չու­նիմ:
13.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, կը ջղայ­նա­նամ, քա­նի որ բա­րե­կամ­ներս կա­պի մէջ են, իսկ ես` ոչ:
14.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, հե­ռու կը մնամ աշ­խար­հի վեր­ջին նո­րու­թիւն­նե­րէն:
15.- Ե­թէ տեղ մը մոռ­նամ բջի­ջա­յինս, կու լամ:
16.- Ե­թէ կորսնց­նեմ բջի­ջա­յինս, կը դառ­նամ յար­ձա­կո­ղա­կան եւ կը վի­ճիմ բո­լո­րին հետ:
17.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, ան­մի­ջա­պէս կը մտա­ծեմ նոր մը գնե­լու մա­սին:
18.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, շունչ կը քա­շեմ, «քա­նի մը օր հան­գիստ» մնա­լու հե­ռան­կա­րով:
19.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, կը փոր­ձեմ հաշ­տո­ւիլ կա­ցու­թեան հետ:
20.- Ե­թէ կորսնց­նեմ զայն, ինք­զինքս աշ­խար­հի ա­մէ­նէն դժբախտ ան­ձը կը զգամ:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Ե­թէ «ա­յո»նե­րուն թի­ւը 5ը չ­՛անց­նիր, հանգս­տա­ցէ՛ք, բջի­ջա­յի­նէ կա­խո­ւա­ծու­թիւ­նը չի սպառ­նար ձե­զի:
Ե­թէ 6 – 10 «ա­յո» ու­նիք, դուք թե­թեւ կա­խո­ւա­ծու­թիւն մը ու­նիք:
Ե­թէ 11 – 15 «ա­յո» ու­նիք ան­հանգս­տա­լու ա­ռիթ ու­նիք:
Իսկ ե­թէ 16էն ա­ւե­լի են «ա­յո»նե­րը, դժբախ­տա­բար նո­մո­ֆո­պիան ձեզ կուլ տո­ւած է…: