«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ապ­րիլ 2ին, «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցաւ նո­րա­կա­ռոյց ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րոն, որ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­հայ բա­րե­րար ­Ռի­շար Օ­հա­նէ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ: ­Կեդ­րո­նի կա­ռու­ցու­մը հա­մատն­տե­սա­ւո­րեց Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը:

­Հան­դի­սու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով ­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նոյ ա­տե­նա­պետ ­Պետ­րոս ­Թեր­զեա­նի եւ իր տիկ­նոջ ու­ղեկ­ցու­թեամբ Ար­ցախ ժա­մա­նեց բա­րե­րար ­Ռի­շար Օ­հա­նէ­սեան՝ իր տիկ­նոջ հետ: ­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան, «­Հա­յաս­տան» ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան, բարձ­րաս­տի­ճան այլ պաշ­տօ­նեա­ներ եւ հիւ­րեր:

­Նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նը կը սպա­սար­կէ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րը: Ե­ռա­յարկ ժա­մա­նա­կա­կից բժշկա­կան հաս­տա­տու­թեան մէջ կը գոր­ծեն ար­դի բժշկա­կան ախ­տո­րո­շիչ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ: ­Կեդ­րո­նը նա­խա­տե­սո­ւած է 35 հի­ւան­դի հա­մար: ­Բու­ժա­կան այլ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին հի­ւանդ­նե­րը ստոր­գետ­նեայ ան­ցու­մով կը տե­ղա­փո­խո­ւին յա­րա­կից հան­րա­պե­տա­կան բժշկա­կան կեդ­րոն: Ն­կու­ղա­յին յար­կին վրայ կա­ռու­ցո­ւած են լայ­նար­ձակ պա­հուս­տա­յին հի­ւան­դա­սե­նեակ­ներ՝ նա­խա­տե­սո­ւած ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու հա­մար:

«­Մեծ ու­րա­խու­թիւն է տես­նել, որ օ­րէ­ցօր Ար­ցա­խը զար­գա­նում է, ստեղծ­ւում է  նո­րը, բնա­կիչ­նե­րի կեն­սա­մա­կար­դակն էլ զու­գա­հե­ռա­բար բարձ­րա­նում է: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր նրանց, ում շնոր­հիւ այս կեդ­րո­նը ի­րա­կա­նու­թիւն է դար­ձել»,- ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ը­սաւ բա­րե­րար ­Ռի­շար Օ­հա­նէ­սեան, որ նոյն օ­րը Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի կող­մէ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ «Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն» մե­տա­լով՝ «­Հա­յաս­տան» ­Հիմ­նադ­րա­մի ար­ցա­խեան ծրագ­րե­րուն ներդ­րած մեծ ա­ւան­դին հա­մար:

«­Պա­տա­հա­կան չէ, որ այս կեդ­րո­նի բա­ցու­մը տե­ղի է ու­նե­նում Ապ­րիլ 2ին: ­Սա  խորհր­դան­շա­կան է եւ ու­ղերձ՝ բո­լո­րին, որ պէտք է շա­րու­նա­կենք կա­ռու­ցել Ար­ցա­խի հո­ղում  եւ մաս­նակ­ցել նրա վե­րել­քին»,- ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րուն՝ ը­սաւ ­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նոյ ա­տե­նա­պետ ­Պետ­րոս ­Թեր­զեան:

Լ.Ղ.Հ. գլխա­ւոր ու­ռուց­քա­բան, ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ար­մէն ­Հայ­րիեան կը ներ­կա­յաց­նէ.- «­Ժա­մա­նա­կա­կից ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րո­նի կա­րիք Ար­ցա­խում վա­ղուց կար: Այս­տեղ տա­րո­ւայ կտրո­ւած­քով ու­ռուց­քա­բա­նա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող շուրջ 650 հո­գի մաս­նա­գի­տա­ցած բուժ­ման կամ վե­րահս­կո­ղու­թեան կա­րիք է ու­նե­նում: 60ա­կան թո­ւա­կան­նե­րից սկսած՝ այս հի­ւանդ­նե­րը սպա­սարկ­ւում էին այլ նպա­տա­կով կա­ռու­ցո­ւած մի շէն­քում, ո­րը չէր հա­մա­պա­տաս­խա­նում ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լոր­տի պա­հանջ­նե­րին»:

Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մարմ­նոյ օ­ժան­դա­կու­թեամբ հաս­տա­տու­թեան կը նո­ւի­րա­բե­րո­ւի կա­հոյք եւ նո­րա­գոյն բժշ­կա­կան սար­քա­ւո­րում: Ար­դէն տե­ղադ­րո­ւած են մահ­ճա­կալ­նե­րը: ­Յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցախ պի­տի հաս­նին անհ­րա­ժեշտ սար­քա­ւո­րում­ներ: Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Հիմ­նադ­րա­մի հետ հա­մա­տեղ կը շա­րու­նա­կէ հո­գալ մնա­ցած կա­րիք­նե­րը: ­Կեդ­րո­նին մէջ ար­դի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան բժշկա­կան սպա­սար­կում ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ մաս­նա­գէտ­նե­րու խումբ մը ներ­կա­յիս կը վե­րա­պատ­րաս­տո­ւի Ֆ­րան­սա­յի մէջ: ­Հայ-­Մեդ ֆրան­սա­կան բժշկա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան թեք­նիք ա­ջակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կան պի­տի ըլ­լայ: