Էվա Պէրպէրեան
Արդէն 20 տարուան կեանք ունի Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանայն Վարչութեան կազմակերպած տարեկան Մեծ Պազարը, կամ աւելի ճիշդ՝ «Սիրոյ Պազար»ը, զոր միշտ ալ հովանաւորած են Հայաստանի Առաջին Տիկինները, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս աջակցած են այս ձեռնարկին։
Միութեան ստուար անդամուհիներու հոգածութեան, խնամքին եւ բծախնդիր աշխատանքին արժանացող այս նախաձեռնութիւնը այնպիսի ձեռնարկ մըն է, որուն մասին երբ կը խորհրդածենք՝ կ՚անդրադառնանք, թէ կարելի չէ գտնել նոյնիսկ մէկ ընկերուհի, որ չգիտակցի անոր անհրաժեշտութեան, անոր բերելիք կամ ունենալիք օգտակարութեան՝ միութեան բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ բարեսիրական ու կրթական ծառայութիւններու իրագործման համար։
Քսան տարիներու բաւական երկար ճամբայ կտրած «Սիրոյ Պազար»ը հաւաքական սիրոյ, հաւաքական ներդրումի սքանչելի օրինակ մըն է, որ չի կրնար անտարբեր ձգել, եւ փաստօրէն տարիներէ ի վեր խորապէս կը տպաւորէ ոչ միայն հայ, այլեւ օտար այցելուները։
Անցեալ 20 տարիներու ընթացքին ամէն տեսակի պայմաններու մէջ իր գործն ու ծառայութիւնը շարունակեց, այլեւ՝ զարգացուց այս միութիւնը։ Ունեցաւ համեմատաբար նիւթական թէ՛ նեղ, թէ՛ լայն օրեր։ Ինչ ալ որ եղան պայմանները սակայն, անցեալի եւ ներկայի Հայ Կապոյտ Խաչի վարչութիւնները , Շրջանային վարչութեան կամ մասնաճիւղերու վարչութեանց մակարդակով, չհանդիպեցան դժկամութեան, անտարբերութեան եւ կամ անփութութեան՝ նուիրական այս գործին նկատմամբ։
Հոս տեղը չէ մանրամասնօրէն անդրադառնալու այս ձեռնարկի որակին, ներկայացուած ուտեստներու այլազանութեան։ Տեղին է սակայն ընդգծել, որ պազարի այցելուն, պազարի սկզբնական օրերէն, երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր, միշտ ինքզինք կը գտնէ ամէն բան լաւապէս մտածուած, լաւապէս սերտուած եւ բացառիկ բծախնդրութեամբ դասաւորուած արդիւնքներու դիմաց ։ Այս հաստատումը կ՛ընեն 20 տարիներու «Սիրոյ Պազար»ի այլեւս հաւատարիմ դարձած այցելուները, որոնցմէ շատերուն խոստովանութեամբ՝ մեղուաջան աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող այս ձեռնարկին բոլորը, հայ թէ օտար, կը սպասեն անհամբեր։
Նման արդիւնքներու ետին, արդար պէտք է ըլլանք եւ ընդգծենք ներդրումը մեր ընկերուհիներուն։ Չենք կրնար անտարբերութեամբ անցնիլ այն տրամադրութեան եւ այն պատրաստակամութեան վրայէն, որոնք կը ցուցաբերուին Կապոյտ Խաչի բազմաթիւ նուիրեալներուն կողմէ։
Տամ օրինակ մը։
Պազարի պատրաստութեան աշխատանքներու օրերուն, փորձեցէք իրենց տան մէջ գտնել պազարի գործին վրայ եղող մեր խաչուհիները… Անոնք տունը չեն։ Հաւաքուած են իրենց շրջանի ակումբները եւ լծուած են աշխատանքի, օրին հասցընելու համար պազարին վաճառուելիք իրենցմէ սպասուած պատրաստութիւնը։
Այսպէս կ’աշխատին մեր խաչուհի ընկերուհիները։ Երբեմն իրենց հետ բերելով նոյնիսկ իրենց հայ կամ յոյն դրացուհիները, որոնք սիրով կուգան օժանդակելու այս գործին, երբ կ՛իմանան նպատակը…
Եւ այս՝ ահաւասիկ 20 տարիներէ ի վեր։
****
Եւ ո՞ւր փնտռել գաղտնիքը «Սիրոյ Պազար»ին ստեղծած նուիրաբերման այս ոգիին եւ վարակիչ խանդավառութեան…
Փաստերը ցոյց տուած են, որ կանացի մեր մեծ միութեան՝ աշխարհատարած Հայ Օգնութեան Միութեան Յունաստանի միաւորի ընկերուհիները ունին անցեալի անհրաժեշտ փորձառութիւնը եւ մանաւանդ խաչուհիի անձնուիրութեան հարուստ աւանդը՝ հայ կեանքի նոր հրամայականներուն ընդառաջելու ճամբուն վրայ։
Տասնամեակներէ ի վեր մեր խաչուհիները գործած են մեծ անձնուիրութեամբ, մարմնաւորած են հոգածու մօր եւ հանրանուէր կնոջ անձնդիր տիպարը։ Եւ այսպէս, տարբեր սերունդներու պատկանող խաչուհիներ կը շարունակեն ծառայել մեր ժողովուրդին։
Տասնամեակներէ ժառանգուած նուիրումը եւ անխտրական ոգիով բարեգործութիւն ընելը հասած է մեր օրերուն, ներկայի մեր խաչուհիներուն, երբ անոնց մօտ կը շարունակենք տեսնել նուիրում, ծառայելու պատրաստակամութիւն։
Ամբողջ տասնամեակներ խաչուհիներ ծառայած են մեր ժողովուրդին։ Հայ կինը, Հ.Կ. Խաչի կամ Հ.Օ.Մ.ի շարքերուն մէջ, ընտանիքին նուիրուած օրինակելի մայր ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգին նուիրուած անհատականութիւն մը, որ կը գիտակցի իր առաքելութեան։
Այդպէս է նաեւ ներկայիս։ Միշտ մաղթած ենք եւ սպասած, որ նոր անդամուհիներ գան եւ իրենց ուժը միացնեն արդէն գոյութիւն ունեցող ուժերուն՝ այսպէսով աւելի եւս զօրացնելով կազմակերպութիւնը։ Ուրախութեամբ կը տեսնենք, թէ անցեալէն եկող ու անցեալէն ժառանգուած վերոյիշեալ գործերու ետին, հետզհետէ եկած են եւ կուգան միանալու փորձառուներու հոգածութեամբ ու գուրգուրանքով պատրաստուած խաչուհիներ։
Բոլորին կը մաղթենք անսպառ եռանդ, նորանոր նուաճումներ։ Կը մաղթենք նաեւ, որ ձեռնարկի մը 20ամեակը խթան հանդիսանայ նոր ձեռքբերումներու՝ անշուշտ սպասելով նաեւ, որ բոլորս միասին անվերապահ աջակցութեամբ զօրավիգ կանգնինք այս կազմակերպութեան, թէ՛ նիւթական միջոցներով եւ թէ բարոյական խրախուսիչ կեցուածքով, որպէսզի աւելի եւս զօրանայ կազմակերպութիւնը եւ կարենայ առաւել եւս ուռճացնել ու պտղաբեր դարձնել իր այնքա՜ն կենսական դերը մեր գաղութէն ներս։
****
20 տարի շարունակաբար յաջողութեամբ կազմակերպել նոյն ձեռնարկը, նոյնինքն փաստն է կազմակերպուածութեան եւ բծախնդրութեան եւ գործին նկատմամբ հաւատքի, որուն համար կ՛արժէ մեր սրտերու ազնուագոյն զգացումներով կազմուած ծաղկեփունջ մը ընծայել այս միութեան՝ նորանոր նուաճումներ մաղթելով անոր։