ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Ֆէյս­պու­քեան հար­թակ­նե­րու վրայ եւ մա­մու­լի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պիմ գրու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կ­’ա­հա­զան­գեն, թէ ա­մէն ա­ռու­մով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան նա­հան­ջը հա­սած է այն աս­տի­ճա­նին, ուր­կէ կը սկսի ձու­լու­մի սպառ­նա­լի­քը…:
Չ­գիտ­ցող չկայ, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սփիւռ­քը դար­ձած է ան­հոգ ու ան­տար­բեր՝ ինք­զին­քին հան­դէպ: Ան­տար­բե­րու­թիւն մը, որ ա­ւե­լի ա­հար­կու է քան ա­մէ­նէն ա­հեղ թշնա­մին, քա­նի որ անզ­գա­լա­բար կը կրծէ ու կը հիւ­ծէ ան սե­փա­կան ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը, դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ առ ո­չին­չի կը վե­րա­ծէ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան էա­տար­րե­րը: Ս­փիւռ­քեան նո­րա­հաս սե­րուն­դը ար­դէն իսկ ու­ծաց­ման ճամ­բուն մէջ է եւ ա­ռա­ջին ու մեծ զո­հը լե­զուն է, հա­յե­րէ­նը ե­ւ այլն, ե­ւ այլն:
Այս­քա­նը գի­տենք: ­Բայց դժուար է հասկ­նալ, թէ ին­չի՞ կը ծա­ռա­յեն բազ­միցս կրկնո­ւող ա­հա­զան­գե­րը, վտան­գը մատ­նան­շող հաս­տա­տում­նե­րը, երբ ա­նոնց չեն ըն­կե­րա­նար գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնց ի­րա­գոր­ծու­մով քիչ-շատ թե­րեւս հե­ռաց­նեն վտան­գը:
­Կը կար­ծեմ, թէ վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի կամ ա­նա­ռիթ վտան­գի մա­սին խօ­սիլն ու գրե­լը, ե­թէ ա­նոնք պի­տի չյան­գին կա­ցու­թիւ­նը գէթ մեղ­մե­լու փնտռտու­քին: ­Յա­ճա­խա­կի կա­տա­րո­ւած ձու­լու­մի խօս­քե­րը կրնան ա­նուղ­ղա­կի նպաս­տել, որ ընդ­հան­րա­կան մտայ­նու­թեան վե­րա­ծո­ւի ան եւ ձու­լու­մի գա­ղա­փա­րին հետ հաշտ գո­յակ­ցի­լը եւ ա­նոր ըն­կա­լու­մը դիւ­րա­նայ՝ ան­տար­բե­րու­թեան ախ­տէն վա­րա­կո­ւած սփիւռ­քա­հա­յու մտա­ծո­ղու­թեան մէջ:
­Փաստ է, որ սփիւռ­քա­ցած ­Կի­լի­կիոյ, ­Պոլ­սոյ, ­Պարս­կաս­տա­նի, թե­րեւս նաեւ այլ վայ­րե­րու մէջ հա­յու­թիւ­նը եր­կար դա­րեր դի­մա­ցաւ, հա­կա­ռակ իր դի­մագ­րա­ւած տա­ռա­պան­քին ու տա­րա­տե­սակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն: ­Կը գի­տակ­ցիմ, որ այդ վայ­րե­րու մէջ կը նպաս­տէին կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թեան եւ այլ, միով բա­նիւ՝ մշա­կոյ­թի ազ­դա­կը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­խումբ կեան­քը: ­Բայց ի վեր­ջոյ փաստ է, որ դի­մա­ցաւ:
Ու­րեմն, փո­խա­նակ ծունկ ծե­ծե­լու մտա­ծենք, թէ սփիւռ­քեան մի­ջա­վայ­րին մէջ ինչ­պի՞­սի ազ­դակ­ներ կը տո­կաց­նեն մեզ. ա­հա ա­ռա­ջար­կո­ւած փնտռտու­քը…:
Ըստ ին­ծի , վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի ու ա­նա­ռիթ վտան­գի մա­սին խօ­սիլ-գրե­լը:

Ա­թէնք, 4-12-23
(­Շա­րու­նա­կե­լի)