Նշմար (4)

0
63

­Լեզուն հաղորդակցութեան միջոց

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու վերջ, լե­զուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց է, ա­պա նաեւ լեզուամտա­ծո­ղու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մշա­կու­մի գլխա­ւոր կռո­ւան: Խն­դիրն այն է, որ այդ տո­ւեալ լե­զո­ւով ի՞նչ ե­րազ­նե­րու, ինչ­պի­սի՞ յու­շե­րու, ո՞ր ար­ժէք­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու կամ տագ­նապ­նե­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցիս…:
Բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ կան, որ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ միեւ­նոյն լե­զուն խօ­սե­լով հան­դերձ, նոյն ազ­գին չեն պատ­կա­նիր: Եւ հա­կա­ռա­կը՝ տար­բեր լե­զու խօ­սե­լով հան­դերձ, նոյն ազ­գին կը պատ­կա­նին: ­Զո­ւի­ցե­րիա­կան ազ­գը կը բաղ­կա­նայ գեր­մա­նա­խօս, ֆրան­սա­խօս եւ ի­տա­լա­խօս ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ, ո­րոնք տար­բեր լե­զու կը գոր­ծա­ծեն, բայց բո­լորն ալ նոյն հո­գե­րը ու­նին, նոյն խնդիր­նե­րը, ի­րենց գոր­ծա­ծած տար­բեր լե­զու­նե­րով կը հա­ղոր­դակ­ցին նոյն նպա­տակ­նե­րու հետ եւ կ’ապ­րին միեւ­նոյն տագ­նապ­նե­րը: Իսկ ա­րա­բա­խօս, անգլիա­խօս, ֆրան­սա­խօս կամ այլ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ, նոյն լե­զուն գոր­ծա­ծե­լով հան­դերձ, տար­բեր ազ­գե­րու կը պատ­կա­նին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք նոյն լե­զո­ւով տար­բեր նպա­տակ­նե­րու, տար­բեր տես­լա­կան­նե­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցին-կը յա­րա­բե­րին եւ տար­բեր հո­գե­րով կ­’ապ­րին: Այս բո­լո­րը ը­սե­լէ ետք, կը գի­տակ­ցիմ, որ բա­ցի նոյն նպա­տակ­նե­րէ, ե­րազ­նե­րէ, տես­լա­կան­նե­րէ ու տագնապ­նե­րէ, այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ոտ­քին տակ կայ հայ­րե­նի հո­ղը եւ հա­մա­խումբ կեան­քը, ո­րոնց բա­րե­րար ներ­գոր­ծու­թե­նէ զրկո­ւած ենք մենք եւ մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դը: Զր­կո­ւած է ողջ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը:
­Փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը բա­ցա­ռե­լով, հաս­տա­տե­լի է, որ մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դը (եւ ոչ միայն նո­րա­հաս) ա­ռօ­րեայ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ իր բնա­կած երկ­րին լե­զուն կը գոր­ծա­ծէ: ­Հա­յե­րէն չի գի­տեր կամ մե­ծա­պէս կը դժո­ւա­րա­նայ եւ չի կրնար իր մտա­ծու­մը հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տել:
Իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մեր վար­ժա­րան­նե­րը չա­փա­զանց ան­բա­ւա­րար են: Ան-բա-ւա-րար:
­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, հե­տաքրք­րու­թեանս ար­դիւն­քը ե­ղած էր այն, որ օ­րի­նակ՝ ամ­բողջ Ա­մե­րի­կա­յի մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տաց հան­րա­գու­մա­րը շուրջ 10.000 (տաս հա­զար) էր, մինչ միայն Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քի օ­տար դպրոց յա­ճա­խող հայ ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը կ­’են­թադ­րո­ւէր նոյն­պէս՝ 10.000: Ֆ­րան­սա­յի մէջ, շուրջ 1.500-ի դի­մաց, կ’են­թադ­րո­ւի, թէ 60.000 դպրո­ցա­կան տա­րի­քի հայ տղաք կան: ­Նոյ­նիսկ հա­յատ­րոփ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, հայ­կա­կան եւ օ­տար դպրոց յա­ճա­խող­նե­րու թի­ւե­րը ի­րար կը հա­ւա­սա­րեց­նեն՝ 5.000-5.000 (երկ­րի տնտե­սա­կան տագ­նա­պէն ա­ռաջ, նաեւ ներ­կա­յի են­թադ­րեալ թի­ւերն են): ­Հար­ցա­կան է տա­կա­ւին, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու ա­ռօ­րեայ, կեն­ցա­ղա­յին ու ըն­թա­ցիկ լե­զուն հա­յե­րէնն է, թէ ոչ…:
Արդ, կրնա՞նք շրջել այս կա­ցու­թիւ­նը: Դպրո­ցա­կան ցան­ցեր ստեղ­ծել ա­մէ­նուր: Ըստ ին­ծի՝ չենք կրնար: ­Կարգ մը տե­ղեր նոր դպրոց­ներ կը բա­ցո­ւին թէեւ, բայց այլ տե­ղեր կը փա­կուին…:
Այս ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց ի՞նչ կրնանք ը­նել, որ օ­տա­րա­խօս մեր տղա­քը ի­րենց գոր­ծա­ծած լե­զո­ւով հա­ղոր­դակ­ցին-յա­րա­բե­րին ազ­գա­յին մեր տագ­նապ­նե­րուն, նպա­տակ­նե­րուն, յու­շե­րուն եւ ­Հա­յաս­տան հայ­րե­նի­քի ի­րա­կա­նու­թեան հետ: Ա­հա բուն խնդի­րը եւ այս «նշմար»նե­րու գրու­թեան նպա­տա­կը:

Ա­թէնք, 9-12-23
(Շա­րու­նա­կե­լի)