«Լեզուն ազգն իսկ է, եւ՝ ինքնութիւն»
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Այս վերնագիրը իբրեւ անբեկանելի ճշմարտութիւն հաւատացողները եւ զայն ինքնութիւն մշակելու համար իբրեւ վճռական ուղեցոյց դաւանողները կը մոռնան, որ մօտ անցեալին, ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիա-Լիբանան եւ այլուր ցիրուցան Կիլիկիոյ թրքախօս, հայերէն չգիտցող, թրքական երգ-շարքիներուն սիրահար հայ մարդիկն էին, որ գաղթականի առօրեայ հացէն բաժին հանեցին, որպէսզի սերունդին հայակրթութեան համար իրենց բնակած վայրերը դպրոց-եկեղեցիներու ցանցով օժտեն, համայնք կազմակերպեն՝ յարակից գործօններով: Կը մոռնան նաեւ, որ հայկական սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր հազարներով, թերեւս միլիոնը գերազանցող թիւերով պատանի-երիտասարդներ հայերէն չեն գիտեր, չեն խօսիր, անոնց շրթներուն չի ծաղկիր մեր մայրենին: Քանի այդպէս է, գի՞ծ քաշել ուրեմն անոնց վրայ եւ զանոնք «հալա՞լ» ընել օտարութեան: Չի՞ բաւեր մեր կորսնցուցած քանակը: «Լեզուն ազգն իսկ է» դաւանողներուն համար արդեօք կը նշանակէ, թէ հայ ըլլալու չափանիշը հայերէն խօսի՞լն է միայն: Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրներէն Իւսթիւկեան հրապարակային զրոյցի մը ընթացքին վկայեց, թէ Համշէնի մէջ բարբառային հայերէնով խօսող շրջանակներ կան, բայց անոնց բոլորն ալ իրենք զիրենք համշէնցի կը դաւանին…:
Մատնուած ենք դժխեմ կացութեան մը, որու պայմաններու մէջ մեր նորահաս սերունդին մեծ մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր, հայերէն չի գիտեր, պիտի յանդգնիմ ըսելու նաեւ, որ հայերէն գիտցող փոքր փոքրամասնութիւնն ալ հայերէնը իբրեւ ամէնօրեայ խօսակցական լեզու չի գործածեր, բայց… ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԻՏԱԿԻՑ Են ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԻՆ, այսինքն՝ գիտեն, թէ իրենք հայ են ու ֆրանսացի, հայ ու ամերիկացի, հայ եւ յունաստանցի, եւ այլն:
Ամէն դրական երեւոյթ իր մէջ կը կրէ ժխտականին սաղմը եւ հակադարձաբար՝ ժխտականն ալ կ՚ունենայ իր դրական բաժինը: Մեր ներկայ սերունդին «երկակենցաղ»ութեան ժխտական երեսին դրական բաժինը այն է, որ այդ երկու հանգամանքները զիրար կը հարստացնեն, զիրար կ’ամբողջացնեն, պայմանաւ, որ ժամանակին դէմ մրցումի ելլենք եւ անոնց մէջ «հայ»ը ամրապնդենք:
Ժամանակը սրընթաց մեզի դէմ կը գործէ: Եթէ յամենանք ու միջոցներու մասին չմտածենք, սերունդը պիտի կորսնցնէ «ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂԻ» այժմու գիտակցութիւնն ալ եւ կորսուողը առաջին մասը պիտի ըլլայ, այսինքն՝«հայ»ը, եւ այն ատեն ի զուր ծունկ պիտի ծեծենք, իմաստ պիտի չունենայ լալն ալ, ողբերգու ըլլալն ալ: Գրիգոր Զօհրապ «կոտրելէն ետք» վերնագրով պատմուածքին մէջ կ՚ըսէ, թէ յախճապակիէ սրուակին կոտրելէն ետք իմաստ չունեցաւ գիտնալը, թէ կոտրածը թանգարժէք էր՝ Լուի 14-րդ թագաւորին գործածած սրուակը եղած էր…: «Կոտրելէն ետք»ի վիճակը բազմիցս ապրելէ ետք, դասը սորված պիտի ըլլայինք շատոնց: Նորագո՞յնը… չգիտցող չկայ:
Այս ըսուածներէն ետք, անձս ալ իր կարգին համոզումով կ՚ընդգծէ, որ մայրենի լեզուն կենսական է, կեանքի չափ կարեւոր է, նպատակ է եւ գլխաւոր կռուանը՝ ազգային լեզուամտածողութիւն մշակելու եւ ինքնութիւն կռանելու համար: Ասկէ անդին սակայն, կա՛յ իրականութիւն մը, մե՜ծ մարտահրաւէր մը, զոր պէտք է դիմագրաւենք:
Աթէնք, 7-12-23
(Շարունակելի)