Նշմար (2)

0
74

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Նա­խորդ հրա­պա­րա­կու­միս մէջ կը նշէի, թէ վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի ու ա­նա­ռիթ ա­հա­զան­գել, որ սփիւռ­քը կը մա­շի, կ­՚ու­ծա­նայ, կը ձու­լո­ւի եւ այլն, ե­թէ այդ ա­հա­զան­գին պի­տի չըն­կե­րա­նայ վտան­գին ա­ռաջքն առ­նե­լու կամ զայն քիչ մը հե­ռաց­նե­լու գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ կամ գէթ փնտռտու­քի մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: (­Տես­նել նա­խորդ նշմարս):
Ա­հա այս տե­սակ փնտռտու­քի մը նա­խա­ձեռ­նած էր ­Տու­պա­յէն տի­կին ­Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեան (անձ­նա­պէս ին­ծի ան­ծա­նօթ), ո­րու ջան­քե­րով հա­տո­րի մը մէջ մէկ­տե­ղո­ւե­ցան տե­սա­կէտ­ներ՝ սփիւռ­քի գրող­նե­րէ: ­Նա­խա­ձեռ­նող տի­կի­նը ջա­նա­ցած էր, որ ա­ռա­ջարկ­նե­րը ըլ­լան գործ­նա­կան՝ ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ ներ­կա­յա­ցո­ւած տես­քով…: Իմ գրու­թիւնս օ­րի­նակ, եր­կու-ե­րեք ան­գամ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ-ետ դար­ձաւ, քա­նի որ ան իր տես­քով չէր հա­մա­պա­տաս­խա­ներ տի­կին ­Շա­քէի կամ խմբագրա­կան յանձ­նա­խում­բի պատ­կե­րա­ցու­մին: Իմ օ­րի­նակս տո­ւի, ընդգծե­լու հա­մար բծախնդ­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կող անձ(եր)ին: ­Հոս պի­տի խու­սա­փիմ դա­տե­լէ, որ գործ­նա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով եւ ընդ­հան­րու­թեան մէջ ու­շագ­րաւ ա­ռա­ջարկ­ներ կա­յի՞ն կամ ոչ, բայց հարց է, թէ քա­նի՞ հո­գի, յատ­կա­պէս մեր կա­ռոյց­նե­րէն եւ սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման կո­չո­ւած մար­մին­նե­րէն քա­նի ան­դամ­ներ, պարզ հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար, աչք մը նե­տած ըլ­լան այդ գրքին վրայ…: Կ­ռա­հե­լի է, որ շատ անն­շան թիւ մը: ­Խէրն ա­նի­ծած մեր ամ­բողջ օ­րը կը կլա­նէ ֆէյս­պուքն ու հա­մա­ցան­ցը:
Իմ կար­ծի­քով, այդ հա­տո­րին մէ­ջէն կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ եւ իր բո­վան­դա­կու­թեամբ յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ տոքթ. Ա­րա ­Սա­յե­ղի (այս ա­նու­նին ա­ռա­ջին ան­գամ այդ հա­տո­րին մէջ կը հան­դի­պէի) գրու­թիւ­նը, որ հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մըն է՝ խոր­քա­յին ա­ռա­ջարկ­նե­րով: ­Բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րով յա­գե­ցած այդ ծան­րակ­շիռ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը կրնայ դրո­ւիլ ո­րե­ւէ պե­տու­թեան մը նա­խա­րա­րա­կան սե­ղա­նին, ի քննու­թիւն ու գոր­ծադ­րու­թիւն, բայց խոս­տո­վա­նինք, որ մեր ու­սե­րուն հա­մար շատ ծանր է ան, նոյ­նիսկ մա­սամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէն: ­Տար­տամ պատ­կե­րա­ցում իսկ չու­նինք տա­կա­ւին, թէ մեր ղե­կա­վա­րած հա­մայն­քին գի­տա­կան-մաս­նա­գի­տա­կան միտ­քը, իբ­րեւ օգ­տա­գոր­ծե­լի ա­տաղձ, ինչ պատ­կեր կը ներ­կա­յացնէ, տրա­մադ­րե­լի մար­դու­ժով ինչ կրնանք կամ չենք կրնար ը­նել եւ այլն, եւ այլն: ­Գի­տենք ու կը ճանչ­նանք մեր շրջա­պա­տի մար­դի­կը եւ կ­՚օգ­տա­գոր­ծենք ա­նոնց կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը միայն:
Ու­զենք թէ չու­զենք այս է սփիւռ­քեան չոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:
Ու­րեմն, Ի՞նչ ը­նել: Ա­հա գլխա­ւոր հար­ցը, դժուար մար­տահ­րա­ւէ­րը:
Եր­կու-ե­րեք տա­րիէ ի կա­խար­դո­ւած «սփիւռ­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու» կար­գա­խօ­սէն՝ յա­մե­ցանք ա­նոր հմա­յիչ բա­ռե­րուն վրայ եւ ան­տե­սե­ցինք հրա­մա­յա­կան ու ան­յե­տաձ­գե­լի շեշ­տը հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մին, ո­րուն հա­մար հա­յա­գա­ղու­թէ հա­յա­գա­ղութ կը շրջա­գա­յի Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սը, իսկ մենք նո­ւա­զա­գոյն ճի­գը չփոր­ձե­ցինք կա­տա­րել այդ ուղ­ղու­թեամբ:
Անդ­րա­դառ­նանք, որ սե­րուն­դը կոր­սո­ւե­լու վտան­գին մէջն է ար­դէն եւ ժա­մա­նա­կը մե­զի դէմ կը գոր­ծէ: Մ­տա­ծենք, թէ ներ­կայ մեր տրա­մադ­րե­լի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով ինչ կրնանք ը­նել՝ նո­րա­հաս սե­րուն­դին մէջ մշա­կե­լու հա­մար ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն: