ՆՇՄԱՐ — Ակամայ մատնանշում

0
140

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­ւե­լի քան 6 ա­միս ան­ցաւ այն հռչա­կագ­րէն, ո­րով Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս խոր­քա­յին վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րե­լէ, սփիւռ­քի սուր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լէ եւ ա­նոնց դի­մագ­րաւ­ման հա­մար ներ­կա­յի մեր մի­ջոց­նե­րուն ան­բա­ւա­րա­րու­թիւնն ու ա­նար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը շեշ­տե­լէ ետք՝ կ­՚ընդգծէր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մին եւ կը պատ­գա­մէր հայ հան­րու­թեան, յատ­կա­պէս իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, որ իբ­րեւ հրա­տապ ու ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր օ­րա­կար­գի հարց դարձ­նեն զայն, վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւին, վե­րաշ­խու­ժա­նան եւ ջա­նան ա­ռաջքն առ­նել «սփիւռ­քի մա­շում»ին, սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կո­րուս­տին…:
­Մա­մու­լի եւ ֆէյս­պու­քեան հար­թակ­նե­րու ճամ­բով որ­քան որ կը փոր­ձեմ հե­տե­ւիլ հայ­կա­կան կեան­քի ան­ցու­դար­ձե­րուն, ցարդ չեմ հան­դի­պած ու­շագ­րաւ ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ գործ­նա­պէս առն­չո­ւած ըլ­լայ վե­հա­փա­ռի կոչ-պատ­գա­մին: Այս­ ուղ­ղու­թեամբ եւ իբ­րեւ ա­ռա­ջին քայլ, ու­շադ­րու­թեան միակ ար­ժա­նին տի­կին ­Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Քա­թա­րի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան Radioayk-ի հրա­տա­րա­կած գիրքն է, ո­րու մա­սին կը կար­դանք, թէ հոն մէկ­տե­ղո­ւած են քսան գրիչ­նե­րու կող­մէ ա­ռա­ջար­կո­ւած գործ­նա­կան ծրա­գիր­ներ:
­Գիր­քը տա­կա­ւին ձեռ­քիս չու­նիմ, որ կա­րե­նամ կար­ծիք կազ­մել, թէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրա­գիր­նե­րը որ­քան ա­ռար­կա­յա­կան են, ի­րա­գոր­ծե­լի եւ ար­դիւ­նա­ւէտ: ­Բայց ան­կախ ա­նոնց բնոյ­թէն, շա­հե­կան է միայն ա՛յն, որ շնոր­հիւ այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ռիթ ստեղ­ծո­ւած է, որ քսան գրող­ներ պահ մը ի­րենց մտա­ծու­մի սե­ւե­ռա­կէ­տը դարձ­նեն սփիւռ­քի սե­րուն­դին ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը ար­թուն պա­հե­լու եւ ամ­րաց­նե­լու խնդի­րը, ինչ որ վե­հա­փա­ռին ու մեր բո­լո­րին անձ­կու­թիւնն է: ­Վարձ­քը կա­տար Radioayk-ին եւ ա­նոր տնօ­րէ­նու­հիին՝ ազն. տի­կին ­Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեա­նին:
(Ի դէպ յայտ­նեմ, որ որ­քան գի­տեմ, նոյն մտա­տան­ջու­թեանց շրջագ­ծին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած երկ­րորդ գիրքն է: Ա­ռա­ջի­նը՝ «Ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն» օ­րա­կար­գով Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մաս­փիւռ­քեան խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցո­ւած զե­կու­ցում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն է, որ վե­հա­փա­ռին թե­լադ­րան­քով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ գիր­քի տես­քով):
­Հոս՝ մատ­նան­շե­լին մեր կա­ռոյց­նե­րուն կա­մա­կո­րու­թիւնն է կամ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը գա­հա­վէժ կա­ցու­թեան մը նկատ­մամբ, ո­րուն մատ­նո­ւած օ­րէ օր կը հիւ­ծի սփիւռ­քը:
­Կը մտա­ծեմ, թէ ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու գլխա­ւո­րու­թեամբ գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րը իբ­րեւ նա­խա­քայլ ու սկիզբ հե­տա­գայ ը­նե­լիք­նե­րու, եւ կամ պար­զա­պէս գէթ իբ­րեւ ըն­դա­ռա­ջում վե­հա­փա­ռի հռչա­կագ­րին՝ չէի՞ն կրնար գա­ղութ­նե­րու մէջ շրջան առ շրջան խորհր­դա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պել ու սփիւռ­քեան լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հա­ղորդ դարձնել մաս­նա­կից­նե­րը, այդ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով տագ­նա­պեցնել զա­նոնք, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ ի­րենց կար­գին այդ տագ­նա­պին ար­ձա­գան­գը տա­նին ի­րենց շրջա­պա­տին:
Ան­շուշտ կրնա­յի՛ն, կրնա՛ն: ­Բայց…:
­Կը թո­ւի, թէ այս մէկն ալ պի­տի են­թար­կո­ւի նա­խորդ հռչա­կագ­րե­րու ճա­կա­տագ­րին: Ըն­թեր­ցում ու վերջ:
­Կը թո­ւի նաեւ, թէ Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնն ալ պա­հան­ջա­տէր չէ ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րէն…:
­Յա­մե­նայն­դէպս։
­Վե­հա­փա­ռին հռչա­կա­գի­րը թէեւ նո­ւի­րո­ւած է 2022 տա­րո­ւան, բայց ա­նով տրո­ւած պատ­գա­մը մէկ տա­րիի կտրո­ւածք չու­նի: Մ­նա­յուն ո­րո­նու­մի եւ մշտա­տեւ ջան­քի պա­հանջք է ան, որ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն ալ պի­տի խթա­նէ ազ­գով ու ազ­գա­յի­նով մտա­տանջ մար­դոց գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց ա­ռաջ­նա­հեր­թը հա­մա­րեն «սփիւռ­քի մա­շու­մին» ա­ռաջքն առ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, իբ­րեւ բո­լո­րին ճի­տին ծան­րա­ցող ան­խու­սա­փե­լի եւ ան­յե­տաձ­գե­լի պարտք:
­Հա­յու­հի մը ­Քա­թա­րէն աշ­խա­տան­քի մղած է 20 գրիչ­ներ: Իսկ մե՞նք…:

Ա­թէնք, 16 ­Յու­լիս 2022