Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 17 ­Յու­նի­սին  այ­ցե­լած է հան­րա­պե­տու­թեան ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նա­գի­ծի հա­տո­ւած­նե­րէն մէ­կը՝ ծա­նօ­թա­ցած տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին եւ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին: ­Զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին հետ հրա­ւի­րո­ւած խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­գա­հը անդ­րա­դար­ձած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման վեր­ջին դէպ­քե­րուն` զա­նոնք ո­րա­կե­լով ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի կոպ­տա­գոյն խախ­տում: Երկ­րին ղե­կա­վա­րը ընդգ­ծած է, որ նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ ան­պա­տիժ պի­տի չմնան: ­Նա­խա­գա­հին կ­՛ըն­կե­րակ­ցէին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան եւ պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձեր: