Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի
յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝

­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի
հիմ­նադր­ման 100-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս ­Սի­րոս կղզիի մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­պե­րը ­Սի­րոս կղզիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու մարզ­պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ եր­կար տա­րի­ներ կը հա­շո­ւեն, տար­բեր տե­սա­կի գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ Ար­ցա­խէն փոք­րիկ­նե­րու հիւ­րըն­կալ­ման յա­տուկ ծրագ­րի ի­րա­գոր­ծու­մով, որ 25 տա­րիէ ա­ւե­լի կը հա­շո­ւէ։
Այս տա­րի, ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեա­կի նշման նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Սի­րոս-Էր­մու­փո­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հետ գոր­ծակ­ցա­բար, նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Էր­մու­փո­լիի կեդ­րո­նա­կան ­Միաու­լի հրա­պա­րա­կի, ­Վա­թի շքեղ ցու­ցաս­րա­հէն ներս։
­Բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու մարզ­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան ու պե­տա­կան բա­ժան­մունք­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­րութ Ս­պար­թա­լեան, բաց­ման խօս­քին մէջ, անդ­րա­դար­ձաւ նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Սի­րոս կղզիի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րուն, շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք յայտ­նե­լով ի­րե­րա­յա­ջորդ քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն եւ տե­ղա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ի­րենց ան­սա­կարկ զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան 100-ա­մեայ պատ­մու­թեան անդ­րա­դար­ձող վի­տէօ ե­րի­զի մը ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, խօսք ա­ռաւ ­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Նի­քոս ­Լի­վա­տա­րաս, որ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ա­ռաջ քարթ փոս­թալ­նե­րու իր անձ­նա­կան հա­ւա­քա­ծո­յէն նմուշ­ներ տրա­մադ­րած է ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Ան խօ­սե­ցաւ իր անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն մա­սին, դրո­ւա­տե­լով նման ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու դաս­տիա­րակ­չա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
­Սոյն մի­ջո­ցա­ռու­մը կը վա­յե­լէր ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք ըն­թեր­ցեց տի­կին Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեա­նը։
Ա­պա, իր ո­գեշն­չող խօս­քը ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ո­րու խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։
Ն­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ե­րեք տար­բեր թե­մա­թի­կա­կան բա­ժին­ներ կը նե­րառ­նէ, սկսե­լով Զ­միւռ­նիոյ մէջ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան կեան­քի պայ­ման­նե­րէն ու հա­րուստ մշա­կու­թա­յին կեան­քէն, անց­նե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէտ­նե­րու ոճ­րա­գոր­ծու­թեանց եւ հաս­նե­լով 1923-էն ետք հայ­կա­կան հա­մայն­քի հիմ­նադ­րու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րուն։
Ա­ռան­ձին տեղ տրա­մադ­րո­ւած է ­Սի­րո­սի մէջ ա­մե­րի­կեան բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թեան որ­բա­նո­ցին, ուր 1923-էն մին­չեւ 1930 հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան հայ եւ յոյն մեծ թի­ւով որ­բեր, ա­ղէ­տէն փրկո­ւե­լով ու վե­րապ­րու­մի նոր յոյս ստա­նա­լով, ի­րենց մատ­ղաշ կեան­քի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։
Ա­պա նաեւ, ա­ւե­լի քան 30 լու­սան­կար­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, բա­ժին մը տրա­մադ­րո­ւած է ­Քի­նիի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս Ար­ցա­խէն փոք­րիկ­նե­րու հիւ­րըն­կալ­ման ծրագ­րին, որ մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն կը վա­յե­լէ կղզիի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մօտ։
­Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դը եւ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կ­þայ­ցե­լեն ցու­ցա­հան­դէ­սի վայ­րը, մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րե­լով լու­սան­կար­նե­րը, քար­տէս­նե­րը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը անձ­նա­կան մտա­ծում­ներ եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք կը հսկեն ցու­ցա­հան­դէ­սի լրիւ գոր­ծադ­րու­թեան։

Այ­ցե­լու­թիւն ­Սի­րոս զօ­րա­նոց

­Զօ­րա­վար ­Զա­ֆի­րի­սի ա­նո­ւան զօ­րա­նո­ցը, ո­րը նա­խա­պէս գոր­ծած է որ­պէս ­Նիար Իսթ ­Ռի­լիֆ հաս­տա­տու­թեան հին որ­բա­նո­ցը, կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն մըն է ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան եւ կը շա­րու­նա­կէ զգա­ցա­կան զօ­րա­ւոր կա­պը մնալ ներ­կա­յի հետ։ ­Զօ­րա­վա­րին մէջ յա­տուկ թան­գա­րա­նա­յին բա­ժին մը կը գոր­ծէ, պատ­մա­կան լու­սան­կար­չա­կան ճոխ բա­ժի­նով,  որ­բե­րէն մնա­ցած խա­ղա­լիք­նե­րու, հա­գուս­տե­ղէն­նե­րու եւ գոր­ծա­ծա­կան ի­րե­րու ցու­ցադ­րու­թեան յա­տուկ մա­սով։
­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Նի­քոս ­Լի­վա­տա­րա­սի, ­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ դես­պա­նու­թեան խորհր­դա­կան Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեա­նի ու Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ զօ­րա­նոց, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու զօ­րա­վար ­Պու­րա­սի կող­մէ, մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լով զօ­րա­նո­ցի պատ­մու­թեան։