­Մեր ե­րէ­կո­ւան թի­ւով հա­ղոր­դած էինք, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­ցած Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դի­սու­թեան, ե­րի­զագ­րո­ւած յա­տուկ տե­սա­նիւ­թով ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն եւ ան­կեղծ բա­րե­կամ, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նիս։ ­Հա­յա­սէր ե­րես­փո­խա­նի խօս­քը կու տանք ստո­րեւ։ «Ա­նունս ­Նի­քի­թաս ­Գաք­լա­մա­նիս է եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ նա­խա­գահն եմ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին ու­րա­խու­թիւն եւ պա­տիւ կը զգամ՝ ող­ջու­նե­լով ձեր խորհր­դա­ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը։ Հռ­չա­կա­ւոր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող մեր հայ եղ­բայր­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նէ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան միաս­նու­թիւ­նը՝ ընդ­դէմ մեր ընդ­հա­նուր թշնա­մի­նե­րուն, բայց նաեւ մե­զի բա­րե­կամ ձե­ւաց­նող­նե­րուն։ ­Միաս­նու­թիւն, որ կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ թէ վաղ թէ ուշ կու­գայ պա­հը, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի ար­դա­րա­նայ տաս­նեա­մեակ­ներ շա­րու­նակ մղած ա­րիւ­նա­լի պայ­քար­նե­րուն հա­մար։ Այ­սօր, այս պա­տեհ ա­ռի­թով, ինձ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու­տաք ընդգ­ծե­լու հե­տե­ւեալ­նե­րը։ ­Յոյ­ներ եւ ­Հա­յեր, ­Հա­յեր եւ ­Յոյ­ներ՝ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­ներն ենք, որ կը միա­ւո­րո­ւինք շատ հար­ցե­րու մէջ, բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Ա­զա­տու­թեան հա­մար կռիւ­ներն են, որ մղած ենք դա­րեր շա­րու­նակ՝ Օս­մա­նեան լու­ծը թօ­թա­փե­լով մեր վրա­յէն։ ­Կիպ­րոսն ու Ար­ցախն են, մեր Ուղ­ղա­փառ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատքն ու ա­ւան­դու­թիւն­ներն են։ Ըն­տա­նի­քի եւ մշա­կոյ­թի հան­դէպ սէրն է։ ­Հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փարն է, որ մեր մտքե­րուն մէջ կայ, բայց հիմ­նա­կա­նօ­րէն մեր սրտե­րուն մէջ, ուր ալ գտնուինք։ ­Բո­լոր այն ան­փո­փոխ հա­մո­զում­ներն են ու ար­մա­տա­ւո­րո­ւած ար­ժէք­նե­րը, որ նոյ­նիսկ այ­սօ­րո­ւայ տար­բեր եւ տա­րօ­րի­նակ ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, մեր ու­ղե­ցոյցն են դէ­պի ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ։