Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի կողմէ իրագործուած նախաձեռնութիւնը՝ Արցախի տառապող ժողովուրդին անմիջական մարդասիրական օգնութիւն ընձեռելու համար, անսպասելիօրէն շատ մեծ արձագանգ ունեցաւ եղբայրակից յոյն ժողովուրդին մօտ։ Բացի անհատներէ, յունական հասարակական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու նկատառելի թիւ մը ընդառաջեց Յունաստանի Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներու կոչին եւ բժշկական իրերով ու այլ միջոցներով սատար հանդիսացաւ այս մեծ ծրագիրին։
Անոնցմէ մէկն էր նաեւ Նիքէայի Պոնտական միութիւնը, որ օրին նիւթապէս իր մասնակցութիւնը բերած էր մարդասիրական օգնութեան հաւաքումին։
Շաբաթ՝ 23 Յունուարին, միութեան ներկայացուցիչները «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցան Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Պոնտական միութեան համաձայն, հանդիպումի նպատակն էր անգամ մը եւս զօրակցութիւն յայտնել Արցախի մարտնչող ժողովուրդին, իրազեկ պահել Հ.Կ.Խաչը իրենց կատարած նուիրատուութեան մասին եւ Արցախի գոյապայքարին ի նպաստ զօրակցական նամակ մը յանձնել Կապոյտ Խաչին։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ յուզիչ մթնոլորտի մէջ, ուր արծարծուեցան արցախեան վերջին պատերազմի հետեւանքները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ։ Երկուստեք խոստում տրուեցաւ շարունակել գործակցական կապերը եւ զանոնք ընդլայնել, մանաւանդ թագավարակի հիւանդութեան արգիլումներու վերացումէն ետք։
Պոնտական միութեան նամակին մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարչակարգերու յարձակողականութիւնը Արցախի վրայ, որու հետեւանքով Ղարաբաղի հայութիւնը անգամ մը եւս թիրախ դառձաւ երկու երկիրներու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան։
«Որպէս պոնտական ծագումով յոյներ, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութիւնը պաշտպանող մարդ արարածներ, խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակումները եւ զօրավիգ կը կանգնինք հայ ժողովուրդին։
Ցեղասպանութիւն ճաշակած ազգերու՝ Արեւելքի յոյներու, հայերու եւ ասորիներու հասարակաց ճակատագիրը ամրագրած է ազգերու եղբայրութեան ու բարեկամութեան կապերը։ Դժբախտաբար, պատերազմը կորսուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած ամօթալի համաձայնագիրով։ Սակայն, Արցախի լեռներն ու հողերը պիտի մնան ընդմիշտ հայկական։
Միջազգային ընտանիքէն եւ քաղաքակիրթ մարդկութենէն կը պահանջենք դէմ կանգնիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան։
Այդ քաղաքականութիւնը յղի է աւելի տարածուն բռնկումի մը վտանգներով, որոնք կրնան պատերազմական ծանր հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին մէջ», ըսուած է նամակին մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ