­ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

­Քա­նի մը օր ա­ռաջ, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Յու­նի­սին, ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան տո­ւած է մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րուն մէկ հա­տո­ւա­ծը տե­ղադ­րո­ւած է «­Հա­յե­լի» լրա­տու կայ­քէ­ջին մէջ։
Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան անդ­րա­դար­ձած է ար­խի­ւա­յին խնդիր­նե­րու, սփիւռ­քի զա­նա­զան վայ­րե­րու կամ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ պահ դրուած ար­խիւ­նե­րուն, նե­րա­ռեալ՝ Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւին, ­Պոս­թըն։
Ան կ’ը­սէ, թէ «տխուր ի­րա­վի­ճակ» կայ սփիւռ­քի մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ար­խիւ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ հոն աշ­խա­տող­ներ չկան։ «Օ­րի­նակ, ­Պոս­թը­նի (Վ.Բ. ֊ Այ­սինքն Հ.Յ.Դ.ի) ար­խի­ւը, ի­րենց բա­ռով ա­սած՝ փակ է, գո­ցո­ւած է, բա­նա­լիով փակ է. աշ­խա­տող չու­նեն։ Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեանն էր վեր­ջին աշ­խա­տո­ղը, որ ար­դէն 84 տա­րե­կան է… տա­րին եր­կու ա­միս գնում է էն­տեղ, ի­րեն ինչ որ բա­ներ պատ­րաս­տում է, ընտ­րում է հրա­տա­րա­կե­լու, նո­րից…», ա­պա՝ կ’անց­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի (պատ­րիար­քա­րա­նի) ու այլ վայ­րե­րու ար­խիւ­նե­րուն։
Այս­քա՛ն։
Ար­խի­ւի մա­սին, մա­նա­ւանդ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­խի­ւին մա­սին Ա. ­Վի­րա­բեա­նի այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կրնայ (նոյ­նիսկ ա­կա­մայ) թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դել՝ ձգե­լով այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ան­փոյթ վե­րա­բե­րում մը կայ։
Ա­յո՛։ ­Մենք ա­սու­լի­սի տե­սաե­րի­զէն մէջ­բե­րե­ցինք իր խօս­քե­րը այն­քա­նով, որ տե­ղադ­րո­ւած տե­սանք «­Հա­յե­լի»ի կայ­քէ­ջին վրայ։ ­Սո­վո­րա­կան հայ մար­դը, կար­դա­լով (կամ դի­տե­լով) այս հա­տո­ւա­ծը, կ’ու­նե­նայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ Հ.Յ.Դ.ի ար­խի­ւը «բա­նա­լիով փակ» է, ան­հա­սա­նե­լի է, կի­սալ­քո­ւած վի­ճակ կը պարզ է («աշ­խա­տող­ներ չկան»), իսկ Ե­րուանդ ­Փամ­պու­քեա­նը տա­րին ան­գամ մը «ինչ որ» բա­ներ կը հրա­պա­րա­կէ։ ­Մէկ խօս­քով՝ իր բախ­տին ու պա­տա­հա­կա­նու­թեան լքո­ւած վայր մը։

ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ո­րոշ շրջան մը ուղ­ղա­կի առն­չո­ւած ըլ­լա­լով Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւին, այս յօ­դո­ւա­ծագ­րին ու­նե­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, ­Ռոս­տո­մէն յե­տոյ, Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­նե­րուն մէջ եր­կար ա­տեն աշ­խա­տած են ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան (որ նաեւ ո­րոշ նիւ­թեր հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է «­Դի­ւան Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան» խո­րագ­րով), Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեան, ­Ժի­րայր ­Լի­պա­րի­տեան, ­Թա­թուլ ­Սո­նենց-­Փա­փա­զեան, Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեան, Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան ու թե­րեւս ու­րիշ­ներ ալ։
Այս աշ­խա­տանք­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, նախ՝ դա­սա­ւո­րո­ւած են ար­խիւ­նե­րը ըստ կազ­մա­կեր­պա­կան շրջան­նե­րու, բո­վան­դա­կու­թեան, ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գով ե­ւայլն։ Ու այս բո­լո­րը՝ յա­տուկ թղթա­պա­նակ­նե­րով, մա­կագ­րո­ւած ու մին­չեւ 1924 թո­ւա­կա­նը՝ յա­տուկ կար­գա­թի­ւե­րով։
­Մին­չեւ 1924 թո­ւա­կա­նի ար­խիւ­նե­րը (թե­րեւս մի­լիո­նի հաս­նող էջ) կա­րե­լի ե­ղած է «մայք­րո­ֆիլ­մի» առ­նել ու շատ ա­ւե­լի ուշ, նոյն այդ «մայք­րո­ֆիլ­մե­րը» թո­ւայ­նաց­նել. այ­սինքն, հա­մա­կար­գի­չի յա­տուկ շտե­մա­րա­նի (hard drive) վրայ «փո­խադ­րել»՝ քա­նի մը օ­րի­նա­կով։
2009էն սկսեալ, երբ դրա­մա­կան մի­ջոց­ներ տրա­մադ­րե­լի դար­ձան (ուղ­ղա­կի Հ.Յ.Դ.ի կող­մէ յատ­կա­ցում­ներ, ինչ­պէս նաեւ «­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թե­նէն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն, ­Զա­ւէն Ե­կա­ւեա­նի տնօ­րէ­նու­թեան օ­րով), ար­դի թո­ւա­յին մի­ջոց­նե­րով սկսան նկա­րո­ւե­լու ար­խիւ­նե­րը ու հա­մա­կար­գի­չի մէջ փո­խադ­րո­ւե­ցան շուրջ 25 հա­տոր­նոց ցու­ցակ­նե­րը։
­Սա­կայն ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ո­րո­շու­մով, վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն հսկա­յա­կան քա­նա­կու­թեամբ ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան 12 մե­ծա­դիր հա­տոր­նե­րով՝ «­Նիւ­թեր Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան» խո­րագ­րով։ 12րդ ­հա­տո­րը լոյս տե­սաւ քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ։ Այս հա­տոր­նե­րէն ա­ռա­ջին չոր­սը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տեց ու խմբագ­րեց Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեան, իսկ յա­ջոր­դող 8ը հա­տոր­նե­րը՝ Ե­րուանդ ­Փամ­պու­քեան։

ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

­Նախ եր­կու խօսք, թէ ի՞նչ կը պա­րու­նա­կեն այս ար­խիւ­նե­րը։ Բ­նա­կա­նա­բար ու ա­մէ­նէն ա­ռաջ, կու­սակ­ցա­կան նիւ­թեր. այ­սինքն՝ նիս­տե­րու ա­տե­նագ­րու­թիւն­ներ, զե­կու­ցում­ներ (ան­հատ­նե­րու կամ մար­մին­նե­րու կող­մէ), շրջա­բե­րա­կան­ներ, ներ­քին թէ ար­տա­քին թղթակ­ցու­թիւն­ներ, քննիչ ու դա­տա­կան մար­մին­նե­րու նիւ­թեր, Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րու ո­րո­շում­ներ ու յա­րա­կից նիւ­թեր (ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ սուլ­թան ­Հա­մի­տի մա­հա­փոր­ձին առն­չո­ւած նիւ­թեր, ո­րոնք նաեւ հրա­տա­րա­կո­ւած են «­Նիւ­թեր»ուն մէջ), միջ ֊ ­կու­սակ­ցա­կան բնոյ­թի նա­մա­կագ­րու­թիւն­ներ ե­ւայլն։ ­Կան մին­չեւ իսկ այ­ցե­քար­տեր ու պա­հա­րան­նե­րը այն նա­մակ­նե­րուն, ո­րոնք ստա­ցո­ւած են, բո­լորն ալ ի­րենց կար­գա­թի­ւե­րով։
­Կայ նաեւ յա­տուկ բա­ժին մը, որ կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան. այ­սինքն դի­ւա­նա­գի­տա­կան փաս­տա­թուղ­թեր, զի­նո­ւո­րա­կան քար­տէս­ներ, դես­պա­նա­կան զե­կու­ցում­ներ։ Բ­նա­կա­նա­բար նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան «ծննդեան վկա­յա­գիր»ը, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ստո­րագ­րու­թեամբ, 28 ­Մա­յիս 1918 թո­ւա­կիր։ Բ­նա­կա­նա­բար մեծ է թի­ւը օ­տար լե­զու­նե­րով ար­խիւ­նե­րու՝ ռու­սե­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­նե­րէն ե­ւայլն։
Եր­կու խօսք ալ ցարդ հրա­տա­րա­կո­ւած 12 հա­տոր­նե­րուն մա­սին։
Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, իբ­րեւ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար գլխա­ւո­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւն, գոր­ծած է մեծ մա­սամբ բռնա­տի­րա­կան տի­պի քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րէ ներս (Օս­մա­նեան եւ ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թիւն­ներ)։
­Հե­տե­ւա­բար, գաղտ­նա­պա­հու­թիւ­նը ե­ղած է պայ­ման։ Ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րուն մէջ (նա­մակ­ներ, տե­ղե­կա­գիր­ներ ե­ւայլն) տե­ղա­նուն­նե­րու ու անձ­նա­նուն­նե­րուն հա­մար գոր­ծա­ծո­ւած են կեղ­ծա­նուն­ներ։ Օ­րի­նակ Սմ­բատ Օ­հա­նեա­նէն նա­մակ Էլ­լէ­նին։ ­Կամ՝ ­Քա­րի շրջա­նէն «­Գու­սան» ստո­րագ­րու­թեամբ խնդրանք Մր­գաս­տա­նին՝ քա­նի մը սնտուկ խնձո­րի մա­սին։ Ո­րո՞նք են սա Սմ­բատ Օ­հա­նեանն ու Էլ­լէ­նը, ո՞ւր է ­Քա­րի շրջա­նը, ի՞նչ է Մրգաս­տա­նը. հա­պա՞ «խնձոր»ը . ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը երկ­րա­գոր­ծա­կան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րո՞վ ալ զբա­ղած է…։
Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեան, բայց մա­նա­ւանդ Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան, խմբագ­րա­կան հսկա­յա­կան ու ման­րակր­կիտ աշ­խա­տանք տա­րած են տո­ղա­տա­կի ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով ըն­թեր­ցող հան­րու­թիւ­նը (նե­րա­ռեալ ա­կա­դե­մա­կան ու­սում­նա­սի­րող­նե­րը) լու­սա­բա­նե­լու, որ Սմ­բատ Օ­հա­նեա­նը ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի կեղ­ծա­նուն­նե­րէն մէկն է, իսկ Էլ­լէ­նը ու­րիշ մէ­կը չէ, ե­թէ ոչ՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նը։ ­Գա­լով ­Քա­րին, այդ մէ­կը ե­ղած է այդ օ­րե­րու Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը (­Գիւմ­րի), ­Գու­սա­նը Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեանն է, որ շրջան մը ե­ղած է Հ.Յ.Դ.ի այդ շրջա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ ­Գա­լով «խնձոր­նե­րուն», ա­տոնք պար­զա­պէս ձեռ­նա­ռում­բեր են, ե­ւայլն։
­Վեր­ջին 8 հա­տոր­նե­րուն մէջ, Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան ոչ միայն նիւ­թի հա­մա­ձայն հա­մախմ­բած է ար­խիւ­նե­րը, այլ նաեւ՝ ներ­կա­յա­ցու­ցած է պատ­մա­կան հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րը, հիմ­նա­կա­նին մէջ ի­րենց պատ­մա­կան ճիշդ պա­րու­նա­կին մէջ զե­տե­ղե­լով տո­ւեալ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րը։ Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, հրա­տա­րա­կո­ւած նիւ­թե­րուն մէկ կա­րե­ւոր մա­սը կ’առնչո­ւին Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րու (նե­րա­ռեալ ա­տե­նագ­րու­թիւն­ներ), ուր կը ճշդո­ւին Հ.Յ.Դ.ի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը եւ գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։ Իսկ վեր­ջին, 12րդ ­հա­տո­րին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ ա­նոր մէջ, որ բո­լոր նիւ­թե­րը կ’առն­չո­ւին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։
­Մէկ խօս­քով, տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, հսկա­յա­կան գործ կա­տա­րո­ւած է ու այս հսկա­յա­կան գոր­ծը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին «վրի­պած» է…­Վի­րա­բեա­նի աչ­քէն։ ­Գէթ այս տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ստա­նայ իր­մէ։ Ան իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս վե­րը տե­սանք, ո՛չ մէկ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րէ ցարդ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին մա­սին, գէթ՝ հրա­տա­րա­կու­թեանց մա­սին («ինչ որ բա­ներ»…)։
Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւի գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ են թէ՛ մաս­նա­գէտ­ներ եւ թէ՛ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ։ Իսկ Հ.Յ.Դ.ն ­չէ զլա­ցած նիւ­թա­կա­նը՝ երբ նե­րած են իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։
­Ճիշդ է, որ ար­խիւ­նե­րը «գոց են», ո­րով­հե­տեւ մար­դու­ժի խնդիր կայ։ ­Սա­կայն միա­ժա­մա­նակ, նոյն այդ ար­խիւ­նե­րը կը գտնո­ւին ֆի­զի­քա­պէս ա­պա­հով պայ­ման­նե­րու մէջ, չհրկի­զուող յա­տուկ սե­նեա­կի մէջ՝ հա­մա­պա­տաս­խան մե­տա­ղեայ դու­ռով։
­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»ի շէն­քին ներք­նա­յար­կը ա­պա­հով կեր­պով տե­ղադ­րո­ւած ար­խիւ­նե­րը, անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, օգ­տա­գոր­ծած են բազ­մա­թիւ ա­կա­դե­մա­կան­ներ։ Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը իր՝ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը վա­րած օ­րե­րուն (1990ա­կան­նե­րու սկիզբ­նե­րը), ա­կա­նա­տես ե­ղած է բազ­մա­թիւ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու այ­ցե­լու­թեանց ու աշ­խա­տան­քին, Ար­խի­ւէն ներս։
Այս բո­լո­րին հան­րա­գու­մա­րը այն է, որ Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւը մեծ հա­շո­ւով «գոց» չէ ե­ղած. զայն գոր­ծա­ծած են ա­կա­դե­մա­կան­ներ, 12 հա­տո­րով ալ ար­խիւ լոյս ըն­ծա­յո­ւած է։
­Ճիշ­դը կ’ըլ­լար այն, որ Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան, իր հան­գա­ման­քին բե­րու­մով, նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նէր տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին հա­մար։
­Գա­լով այն հար­ցին (որ ի դէպ՝ հրա­տապ է այս յօ­դո­ւա­ծագ­րին կար­ծի­քով), թէ Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւին գոր­ծը ինչ­պէ՞ս պէտք է շա­րու­նա­կել, այդ մէ­կը կը վճռեն Հ.Յ.Դ. հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րը, կամ ժո­ղով­նե­րը։ Այս խնդրի թեք­նիք ե­րե­սին պա­րա­գա­յին, բնա­կա­նա­բար Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան ու իր մաս­նա­գէտ­նե­րու խում­բը թե­րեւս կա­րե­նան օգ­տա­կար ըլ­լալ։
­Սա­կայն հոն հաս­նե­լու հա­մար, ­Վի­րա­բեա­նէն կ’ակն­կա­լո­ւի, ա­մէ­նէն ա­ռաջ՝ հա­մա­հայ­կա­կան սրտա­ցա­ւու­թիւն ու խոր­քա­յին մօ­տե­ցում ու ոչ թէ թիւ­րի­մա­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող ե­լոյթ­ներ (կը կրկնենք՝ շատ հա­ւա­նա­բար ա­կա­մայ), ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին հա­շո­ւով, Հ.Յ.Դ. Ար­խի­ւը ու­նի հա­մա­հայ­կա­կան ար­ժէք ու նշա­նա­կու­թիւն։ ­Մա­նա­ւանդ ա­նոր հա­մար, որ Հ.Յ.Դ.ի պատ­մու­թիւ­նը սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած (նոյ­նիսկ եր­բեմն միա­ձու­լո­ւած) է մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան հետ։