Յունուար 10ի օրը, 147 տարի առաջ, հայրենի Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղին մէջ եւ Գէորգ Տէր-Աւետիքեանի ընտանեկան յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ եւ Նիկողայոս անունով մկրտուեցաւ շնորհալի մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդի մտաւորական եւ ակադեմական լուսապայծառ դէմքը մարմնաւորող մեծանուն անմահներէն մէկը։
Աշխարհով մէկ հռչակուած եւ յարգուած պատմաքաղաքական իր հարուստ եւ խորիմաց ժառանգութեամբ՝ Նիկողայոս Ադոնց իրաւամբ հանդիսացաւ Հայ Միտքը նոր հորիզոններու բացող մեծավաստակ հեղինակութիւնը, որ Հայու հպարտութեամբ արժանաւոր բանբերը եղաւ ազգային մեր հոգեմտաւոր ու քաղաքակրթական հարստութեան։
Նիկողայոս Ադոնց սերած էր դիւցազնական Դաւիթ Բէկի աջակից՝ հերոսատիպ Տէր-Աւետիքի տոհմէն։ Ազգային ինքնահաւատարմութեան այդ զուլալ ակունքէն Ն. Ադոնց ըմպեց սեփական ժողովուրդին ու հայրենիքին հոգեմտաւոր պատմութեան ու ժառանգութեան լիարժէք տէր կանգնելու կենարար ջուրը։
Հայ Մտքի ծարաւը յագեցնելու անխոնջ ջանադրութիւնը ուսումնատենչութեան վարար կիրքի մը վերածուեցաւ Ադոնց գրչանունը ընտրած այս մեծ հայուն մէջ, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը թէեւ անցուց հայրենի ոստանէն հեռու՝ Ռուսաստան եւ Եւրոպա, բայց ամէնուր շնչեց ու բոլորին բաշխեց Հայու հայրենիին ու մայրենիին ճանաչողութեան խորագոյն պաշտամունքը։
Այս առումով խօսուն է վկայութիւնը Ն. Ադոնցի ուսանողներէն՝ տաղանդաւոր ու սիրուած բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի, որ «Իմ ուսուցիչներս» անուն գործին մէջ կը գրէ.-
«Հայաստանը չեմ տեսած՝ իմ սերունդիս բոլոր տարագիր տղոց նման։ Գիրքեր ու ճառեր, երգեր ու զրոյցներ տարիներու ընթացքին իմ մէջ ստեղծած են աղօտ, բայց երազային գեղեցկութիւնը մեր հայրենիքի մտապատկերին։ Երբեմն, սակայն, հազուադէպօրէն, ստացած եմ յանկարծ կենդանի, շօշափելի իրականութեան մը հարազատ տպաւորութիւնը։
«Փրոֆ. Ադոնց այն բացառիկ անձերէն էր, որոնց ներկայութեան մարդ կ՚ունենայ ուղղակի Հայաստանի հետ շփման գալու զգացողութիւնը։
«Հայաստանն իսկ էր կարծես Ն. Ադոնց, անոր լաւագոյն յատկանիշներուն մարմնացումը, անոր մարդկային պատկերը։ Հայ մարդն էր ան՝ բառին աւանդական, արդիական եւ ազնուական իմաստով։ Հայոց հինաւուրց մշակոյթի, հերոսական պատմութեան, գեղեցկութեանց եւ հայ նկարագրի առաքինութիւններուն ապրող բերդը, որ գիտէ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչել։ Մեր հողին բոյրը եւ մեր լեռներուն շունչը ունէր ան իր մէջ։ Եթէ կարելի է մարդատիպարով մը բնորոշել ու երեւակայել ամբողջ երկիր մը, փրոֆ. Ադոնց առաջիններէն մէկն էր ապահովաբար Հայաստանը ներկայացնող մեր մտաւորականներուն։
«Միայն իր հայագիտական հմտութիւնը չէր ասոր պատճառը։ Օտար հայագէտներ ալ կան, ինչպէս հայ մտաւորականներ, որոնք իրենց անձով շրջապատին չեն ներշնչեր հայ տոհմային մթնոլորտին ջերմութիւնը։ Ընդհակառակը, կան նաեւ զարգացումէ զուրկ հայեր, Քրիստոսի առաքեալներուն պէս պարզ մարդիկ, որոնց մէջ կը բնակի Հայաստանի սրբազան շունչը։
«Փրոֆ. Ադոնց ունէր երկուքն ալ,– գիտութիւնը եւ հայ ոգին։
«Զինք ճանչնալով կարելի էր սիրել հայոց աշխարհը եւ խորաչափել մասամբ անոր անհուն գանձարանին հարստութիւնները։ Ադոնց կը ներկայանար իբրեւ իր մայր երկրին արժանաւոր զաւակը, ուժեղ եւ կենսայորդ ժառանգատէրը։ Կը զգայիր, թէ ան իր սրտին ու ձեռքերուն մէջ բռնած է հայ դարերուն ոգեղէն ամբողջ վաստակը, սնած անով եւ նոր իմաստութեամբ մը իր կեանքը նուիրաբերած անոր բարգաւաճութեան։
«Օտար համալսարաններուն տուած զարգացումը, օտար ոստաններու եւ մտաւորական շրջանակներու մէջ անցուցած երկար տարիները, օտար լեզուներու տեւական գործածութիւնը եւ ուսուցումը անզօր մնացած էին աղարտելու որեւէ բան Ադոնցի դիմագիծէն։ Իր աշխատանքի եւ որոնումներու ճամբուն վրայ շահածն ու տեսածը ան ծառայեցուցած էր իբրեւ միջոց՝ աւելի լաւ ճանչնալու եւ աւելի լաւ գնահատելու իր երկիրը։ Հայկականին չափ ան ծանօթ էր նաեւ երկրագունդին տիրող մեծ պետութեանց քաղաքակրթութեան, պատմութեան, բարքերուն եւ հոգիին։ Ամէնէն արդիական ու կատարելագործուած զէնքերով կռուող հայ մշակոյթի զինուորն էր ան՝ գիտութեան միջազգային ճակատին վրայ։
«Ահա թէ ինչո՛ւ արդար էր իր հպարտութիւնը եւ բնական՝ իր խրոխտ կեցուածքը։ Ուրիշին եւ հայ ժողովուրդին ունեցածը ամբողջ կէս դար կշիռի զարնելէ վերջ, յաղթական իրաւատէրի մը պէս բարձր էր անոր ճակատը։ Ադոնց գիտէր արժեցնել ինքզինք եւ իր ազգը օտարներուն առջեւ։ Որեւէ տեղ, որեւէ ընկերութեան մէջ յարգանք կը պարտադրէր խօսակիցներուն։ Եւ կ՚ուզէր, որ իր աշակերտներն ալ եւ բոլոր գիտակից հայերը ձերբազատուէին ստորադասութեան տխուր զգացումէն։
«Երբ կը տեսնէր մեզմէ մէկը եւրոպացիի մը առջեւ խոնարհ եւ հաճոյակատար դիրքի մէջ, առիթը կը գտնէր հետագային յանդիմանելու.
«- Գլուխնիդ բարձր բռնեցէք դրանց հետ եղած միջոցին։ Մենք ոչ միայն ետ չենք մնում նրանցից, այլեւ շատ բաներով աւելի վեր ենք։ Զզուելի է հայոց մէջ ստեղծուած շնորհընկալի հոգեբանութիւնը»։
Նման տարողութեամբ դէմք է Ն. Ադոնց, որ իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ յաջորդաբար ծննդավայրի՝ Տաթեւի ծխական դպրոցին, Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական Գիմնազիայի մէջ։ Փայլուն ուսանող՝ 1885ին ընդունուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը ու անոր արեւելեան լեզուներու եւ պատմաբանասիրական բաժանմունքները պատուոյ յիշատակութեամբ ու ոսկեայ պարգեւանշանով աւարտեց 1889ին։ Դասախօս ունեցաւ մեծ հայագէտ Ն. Մառը։ Ուսումնասիրեց եւ տիրապետեց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, լատիներէնի եւ հին յունարէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի, անգլերէնի եւ վրացերէնի։
1889էն 1891, մասնագիտական իր պատրաստութիւնը խորացնելու նպատակով՝ Ադոնց գիտական աշխատանքով անցաւ Եւրոպա՝ Միւնիխ, Փարիզ, Լոնտոն եւ Վենետիկ։ Պատմագիտական, բանասիրական եւ լեզուագիտական իր ընդհանուր պատրաստութեան կողքին, Ադոնց խորացաւ բիւզանդագիտութեան մէջ։ 1893ին վերադարձաւ Կովկաս եւ որոշ ժամանակ Թիֆլիսի մէջ վրացական սկզբնաղբիւրներու վրայ աշխատելէ ետք, հաստատուեցաւ Էջմիածին եւ փարեցաւ Մատենադարանի ձեռագիրներու աշխարհին։
Տարիներու իր այդ աշխատանքին եւ հետազօտութեանց արգասիքը եղաւ 1898ին աւարտած «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում» կոթողական գործը (ռուսերէն), որ հանդիսացաւ վաղ-միջնադարու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած պատմագիտական գլուխ-գործոց երկ մը։ Գիտական այդ մեծարժէք աշխատասիրութեան վրայ, 1908ին, Ադոնց պաշտպանեց Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի իր մագիստրոսական աւարտաճառը եւ արժանացաւ «պրիվատ-դոցենտ» տիտղոսին ու միացաւ համալսարանի դասախօսական կազմին։ 1915ին աւարտեց «Դիոնիսիոս Թրակացին եւ հայ մեկնիչները» աշխատասիրութիւնը, որուն հիման վրայ 1916ին պաշտպանեց իր բարձրագոյն ուսման աւարտաճառը եւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանէն արժանացաւ բանասիրութեան տոքթորի աստիճանին եւ փրոֆեսորի կոչման։ Նոյն տարին իսկ Ադոնց ձեռնարկեց հետազօտական շրջապտոյտի Հայաստանի տարածքին։ Եղաւ Էջմիածին, Մուշ եւ Կարին։ Մասնակցեցաւ նաեւ Վանի հնագիտական պեղումներու արշաւախումբին։
1917ին ընտրուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի հոգաբարձու-պրոֆեսոր եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1920, երբ խորհրդային կարգերու կաշկանդումներուն հետեւանքով վերջնականապէս անցաւ Եւրոպա, ուր Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ տասնամեակ մը դասախօսական պաշտօններ ստանձնելէ եւ գիտական իր աշխատութիւնները շարունակելէ ետք, 1930ին հրաւիրուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանը՝ ստանձնելու համար նորաբաց հայագիտական ամպիոնի պատասխանատուութիւնը։
Եւրոպական եւ յատկապէս Պրիւքսէլեան տարիները եւս բեղմնաւոր եղան Ն. Ադոնցի կեանքին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշխատասիրութիւններով հարստացուց պատմագիտական, բանասիրական, լեզուագիտական եւ պատմաքաղաքական իր մեծարժէք վաստակը, այլեւ՝ հասցուց սերունդ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ վերանորոգելու իր մեծ ծարաւին ու պաշտամունքին բաժնեկից դարձնելով իր ուսանողները։
Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն Պելճիքան եւս ինկաւ նացիական գրաւման տակ։ Ադոնց դարձեալ դիմագրաւեց նորաբնոյթ ճնշումներ եւ կաշկանդումներ, մինչեւ որ 1941ին փակուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ իր ղեկավարած ամպիոնը։
Եւ 27 Յունուար 1942ին, աշխատելու եւ արարելու իր ծարաւը առանց յագեցուցած ըլլալու՝ մեր աշխարհէն հեռացաւ Հայ Մտքի 20րդ դարու հսկաներէն Նիկողայոս Ադոնց։
Ադոնցի ոգեկոչման ու մեծարման այս էջը կարելի չէ աւարտել՝ առանց անդրադառնալու Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն եւ աւարտին, Հայկական Հարցի ուսումնասիրութեան եւ օտարներու ծանօթացման ուղղութեամբ, Նիկողայոս Ադոնցի կատարած մեծարժէք ներդրումին։ 1918ին անգլերէնով լոյս տեսած իր երկու գործերը՝ «Հայկական Հարցի պատմական հիմքը եւ Թուրքիոյ կործանումը» (Historical Foundation of the Armenian Question and the Collapse of Turkey) եւ «Թուրքիոյ բաժանումը» (The Partition of Turkey) ոչ միայն հիմնաւորեցին պատմաքաղաքական նշանակութիւնը Հայկական Հարցին, այլեւ՝ մեծապէս սատարեցին հայանպաստ տրամադրութիւններու տարածումին ու արմատաւորումին։
Նոյն տարին Ադոնց ռուսերէնով հրատարակեց երկու այլ աշխատասիրութիւն՝ «Թրքական նոթը եւ Արեւմտեան Հայաստանը» (Turkey՚s Note and Western Armenia) եւ «Հայկական Հարցն ու Գերմանիոյ ծրագիրները» (The Armenian Question and Germany Plans), որոնք իրենց կարգին կարեւոր ներդրում ունեցան հայ ժողովուրդի նկատմամբ արդարութիւն գործելու միջազգային զօրաշարժի առաջացման մէջ։ Այդ առումով ամբողջական եղաւ 1920ին անգլերէնով Լոնտոն հրատարակուած Ադոնցի «Հայկական Հարցը Սեւրի մէջ» գործը (The Armenian Question at Sevres)։ Ընդգծելի է, որ պատմաքաղաքական իր այս գործերով՝ Ն. Ադոնց դատապարտեց հաւասարապէս թէ՛ եւրոպական մեծ տէրութիւնները, որոնք Հայկական Հարցը կը ծառայեցնէին Թուրքիոյ վրայ իրենց ազդեցութիւնը զօրացնելու հաշիւներուն, թէ՛ խորհրդայինները, որոնք Պրեսթ-Լիթովսքիի դաշնագրով Արեւմտահայաստանը իրողապէս «ընծայաբերեցին» թուրքերուն…
Այսօրուան պատմաբանները եւ ակադեմականները որքա՜ն շատ բան ունին սորվելիք Մեծն Նիկողայոս Ադոնցէն։
Ն. Ադոնց ժառանգ ձգեց շուրջ 80 անուն հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած արժէքաւոր գիտական աշխատութիւններ` նուիրուած գլխաւորապէս հայ ժողովուրդի միջնադարեան պատմութեան ու գրականութեան, հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններուն, հայ-յունական բանասիրութեան, առասպելաբանութեան, կրօնին, լեզուաբանութեան: Ատոնք մեծ մասամբ կարճ, մենագրական բնոյթի ուսումնասիրութիւններ են:
Իր կոթողական «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում» աշխատութիւնը համընդհանուր գնահատումով կը նկատուի 20րդ դարու հայագիտութեան խոշոր նուաճումներէն մէկը: Հոն մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած են Հայաստանի պատմական-աշխարհագրական եւ հասարակական-քաղաքական կառուցուածքին, հայ-բիւզանդական յարաբերութեանց, նախարարական տոհմերուն հետ կապուած խնդիրները, առաջին անգամ գիտական վերլուծութեան են ենթարկուած հայ աւատատիրութեան եւ հայ գիւղացիութեան առընչուող շարք մը հարցեր:
Հետագային, Ադոնց հայ գիւղացիութեան պատմութեան կապուած խնդիրները աւելի հանգամանօրէն քննարկեց «Հայ հին շինականութիւնը» (1927 թ) կոչուած իր ուսումնասիրութեան մէջ: Միւս ծաւալուն աշխատութիւնը` «Արուեստ Դիոնիսեայ Քերականի եւ հայ մեկնութիւնք նորին», հայ-յունական բանասիրութեան մասին առաջին խոշոր գործն է, ուր գիտական բարձր մակարդակով Ադոնց վերլուծած է Թրակացիի քերականութեան հայերէն թարգմանութիւնը եւ անոր վեց հայ մեկնիչներուն բնագիրները, կատարած է բանասիրական կարեւոր շտկումներ: Շարք մը այլ յօդուածներու մէջ, Ադոնց վեր հանած է հայ-բիւզանդական անուանի ընտանիքներու եւ Բագրատունիների տոհմաբանութիւնը: Ի մի բերելով յոյն հեղինակներու կցկտուր տեղեկութիւնները` բացայայտած է բիւզանդական զօրավար Արտաւան Արշակունիի, անոր եղբօր Վարդ Մամիկոնեանի, Վասիլի Առաջինին եւ Մօրիկ կայսրերուն ու այլ հայազգի գործիչներու կերպարները («Պատմական ուսումնասիրութիւններ», 1948): Մեծ արժէք ունին նաեւ Ադոնցի աղբիւրագիտական ու բանասիրական ուսումնասիրութիւնները` նուիրուած Փաւստոս Բիւզանդին, Կորիւնին, Եզնիկ Կողբացիին:
«Մաշտոց եւ նրա աշակերտները ըստ օտար աղբիւրների» (1925) անունով իր աշխատութեան մէջ, Ադոնց ցոյց տուած է հայ գրերու ստեղծման պատմական իրադրութիւնը` մաշտոցեան գրերու ստեղծումը դնելով 382-392ի միջեւ: Ադոնց ձեռնարկած էր գրել հայ ժողովուրդի ամբողջական պատմութիւնը, որուն առաջին հատորը (հնագոյն շրջան) լոյս տեսաւ ֆրանսերէն եւ հայերէն (1946, 1972): Ուշագրաւ են Պրոքհաուզի եւ Էֆրոնի հանրագիտարաններուն մէջ Հայաստանի մասին Ադոնցի յօդուածները:
Ադոնց նաեւ հմուտ գրականագէտ էր, գրած է շարք մը յօդուածներ, իսկ 1903-1904ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ խմբագրած է «Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերականը:
Մտաւորական եւ ակադեմական իր այս վիթխարի վաստակով՝ Նիկողայոս Ադոնցի ծննդեան տարեդարձը ինքնաճանաչողութեան յուշարար առիթ մըն է Հայ Մտքի մերօրեայ երախտաւորներուն համար, որպէսզի ազգային մեր հոգեմտաւոր հարստութեան տէր կանգնելով՝ սերունդներուն նորովի յուշեն եւ սորվեցնեն պատմութեան դասերը չանտեսելու իմաստութիւնը, որքան ալ դառն ու դաժան ըլլան հայ ժողովուրդին բաժին հանուած փորձութիւնները։
Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942)
Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942). Հայ մտաւորականի եւ ակադեմականի լուսաւոր դէմքը Ն.