ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՍՊԱՐԷԶ».- Երեքշաբթի՝ 8 Մայիսին, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին, Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետ: Խորհրդարանի մէկ երրորդին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած Նիկոլ Վովայի Փաշինեանին կողմ քուէարկեցին 59 եւ դէմ՝ 42 պատգամաւորներ:
Փաշինեանին կողմ քուէարկեցին «Ելք» դաշինքի, Հ.Յ.Դ. եւ «Ծառուկեան» խմբակցութեանց պատգամաւորները: Անոնց միացան Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութենէն 11 պատգամաւորներ:
Ընտրուելէ ետք, Փաշինեան միացաւ Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքուած բազմահազար զօրակցողներուն, որոնց ուղղեց իր շնորհաւորական խօսքը:
Փաշինեան, ապա, իր կնոջ հետ մեկնեցաւ Բաղրամեան 26՝ վարչապետի նստավայր:
Նշենք, որ Փաշինեան Չորեքշաբթի՝ 9 Մայիսին, Արցախ պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար Շուշիի ազատագրութեան 26րդ տարեդարձի տօնակատարութեան:
Հակիրճ կենսագրական
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հ.Հ. կառավարութեան կայքին վրայ զետեղուած Նիկոլ Փաշինեանի կենսագրութիւնը.
Նիկոլ Փաշինեան ծնած է 1975ի Յունիս 1ին, Իջեւան:
1991 թուականին աւարտած է Իջեւանի թիւ 1 դպրոցը. նոյն թուականին ընդունուած է Ե.Պ.Հ. բանասիրութեան հիմնարկի ժուռնալիստիկայի (հրապարակագրութեան) բաժինը: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ չնայած գերազանց յառաջադիմութեան, հինգերորդ դասարանին՝ աւարտական քննութեանց մեկնարկէն քանի մը օր առաջ, վարչական որոշմամբ հեռացուած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն (1995ին):
1992էն սկսեալ աշխուժօրէն զբաղուած է լրագրութեամբ: 1994-1998ին գործակցած է «Լրագիր» թերթին հետ իբրեւ լրագրող:
1998-99 թուականներուն, «Օրագիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը եղած է:
1999էն սկսեալ ստանձնած է «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի պատասխանատուութիւնը: Հրապարակագրական գործունէութեան ընթացքին քանի մը անգամ Փաշինեանի դէմ յարուցուած են քրէական գործեր, նոյնիսկ դատապարտուած է ազատազրկման, սակայն պատժաչափը պայմանականօրէն չէ կիրարկուած:
Նիկոլ Փաշինեան ամուսնացած է, ունի երեք դուստր եւ մէկ որդի: Կինը՝ Աննա Յակոբեան, «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է: Զաւակներն են՝ Մարիամ (ծնուած 1998 թուականի Նոյեմբեր 14ին), Աշոտ (ծնուած 2000 թուականի Մարտ 11ին), Շուշան (ծնուած 2007 թուականի Յուլիս 17ին) եւ Արփի:
Քաղաքական գործունէութիւն
1998ին Հ.Հ. նախագահի թեկնածու Աշոտ Բլէյեանի նախընտրական շտաբի անդամ եղած է:
2006 թուականին մասնակցած է «Այլընտրանք» հասարակական-քաղաքացիական Նախաձեռնութեան հիմնադրումին:
2007ին «Ժողովրդավարական Հայրենիք», «Պահպանողական» կուսակցութիւններու եւ «Այլընտրանք» Նախաձեռնութեան կազմած «Իմպիչմենթ» նախընտրական դաշինքի անդամ եղած է՝ գրաւելով նախընտրական ցուցակի առաջին դիրքը: «Իմպիչմենթ» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքներուն ժամանակ հանդէս եկած է «Ո՛չ դոդացմանը, ո՛չ ռոբոտացմանը, ո՛չ սերժանտացմանը» կարգախօսքով:
2008ին եղած է Հ.Հ. առաջին նախագահ, այդ ատեն Հ.Հ. նախագահի թեկնածու Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախընտրական շտաբի անդամ:
2008ի Մարտի 2ին, քաղաքական հետապնդումներէն խուսափելով, Փաշինեան անցած է ընդյատակ:
2009 թուականի Յուլիսի 1ին, 1 տարի 4 ամիս ընդյատակ մնալէ յետոյ, ինքնակամ ներկայացած է Հ.Հ. դատախազութիւն եւ ձերբակալուած:
2010ի Յունուար 19ին, Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի դատարանը, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանին Հ.Հ. Ք.Օ. 225 յօդուածի առաջին մասով դատապարտած է 7 տարուան ազատազրկման: Պատիժին սկիզբը հաշուառուած է 2009ի Յուլիս 1էն: Հետագային, Փաշինեանի պատիժին ժամկէտը կիսով չափ կրճատուած է, իսկ 2011ի Մայիսի 28ին՝ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին առթիւ յայտարարուած համաներման շրջագիծէն ներս, ազատ արձակուած է:
2012 թուականի Մայիսի 6ին ընտրուած է Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Հայ Ազգային Կոնգրէսի համամասնական ընտրացուցակով:
2013ին համահիմնադրել է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» հանրային-քաղաքական միաւորումը:
2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած է «Ելք» դաշինքով եւ 7 տոկոս ձայներ հաւաքած դաշինքով մուտք գործած է խորհրդարան եւ ընտրուած «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար:
2018 թուականին Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ մեկնարկեց «Իմ քայլը» նախաձեռնութիւնը, որ Գիւմրիէն դէպի Երեւան քայլարշաւ կազմակերպեց ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան: Փաշինեանի ղեկավարած նախաձեռնութիւնը գործակցեցաւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան դէմ պայքարող այլ ուժերու հետ եւ լայն աջակցութիւն ստացաւ բնակչութեան տարբեր հատուածներու կողմէ: Քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ սկսած զանգուածային տարողունակ անհնազանդութեան քայլերուն շնորհիւ՝ Ապրիլ 23ին Հ.Հ. վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն:
Արամ Ա. Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսները կը շնորհաւորեն Նիկոլ Փաշինեանը
Մայիս 8ին, Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսները շնորհաւորագիրներ յղեցին Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
Ստորեւ կու տանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի նամակը.
Մեծայարգ տիար Նիկոլ Փաշինեան՝
Նորընտիր վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան
Սիրելի՛ պրն. Փաշինեան,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեր ընտրութիւնը, որպէս վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Արդարեւ, դուք այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ հանգրուանին: Մենք մօտէն հետեւեցանք ձեր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին եւ հայրենիքէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձեր խոստումին: Գնահատեցինք ձեզ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պահեցիք բռնարարքներէ ու արիւնահոսութենէ, եւ սիրոյ ու համախոհութեան ոգին դարձուցիք մղիչ ուժը ժողովրդային շարժումին:
Սիրելի՛ պրն. վարչապետ,
Ժողովուրդի թեկնածու ըլլալը մեծ պատիւ է ու միաժամանակ՝ ծանր պարտաւորութիւն: Մեր սպասումն է, որ ձեր կատարած խոստումները, բարոյական արժէքներու ու մարդկային իրաւունքներու ամուր պահպանումով՝ յանձնառութեան ու կեանքի վերածէք: Մեր սպասումն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին, Արցախի ու մեր ազգի գերագոյն շահերն ու ձգտումները քաղաքական նկատառումներէ վեր նկատէք, եւ մէկ հայրենիքի ու ազգի անխախտ ու անխախտելի սկզբունքը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ ու որակ տալով՝ ձեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը դարձնէք:
Հայրենիքին ծառայելը սոսկ քաղաքական գործունէութիւն չէ, այլ էապէս առաքելութիւն, ազգաշինութեան ու հայրենակերտումի առաքելութիւն: Դուք այս վեհ ու նուիրական առաքելութեան է, որ կը պատրաստուիք լծուիլ:
Ջերմօրէն կ՛ողջունենք ձեր ընտրութիւնը: Պիտի մնանք զօրակից ձեզի ու ձեր գլխաւորած կառավարութեան, եւ միշտ ու գործնապէս մասնակից՝ հայրենաշինութեան առաքելութեան:
Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ զօրեղ պահէ ձեզ, որպէսզի կարենաք