Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ շղթայազերծուած ցոյցերու մասնակիցները Երկուշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան, նախ հաւաքուեցան Ֆրանսայի հրապարակ, ուրկէ տեղափոխուեցան Բաղրամեան պողոտայ:
Ցոյցերը ղեկավարող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ներքաղաքական կեանքին մէջ բեկում իրականացած է:
«Մենք այսօր ցոյց տուեցինք, որ հայ ժողովուրդը յաղթական ժողովուրդ է: Այս շարժումը հազարաւոր մարդկանց աջակցութիւնն ունի, որովհետեւ սա ազնիւ շարժում է», յայտարարեց Փաշինեան:
«Մեզ անհրաժեշտ է, որ վաղն ամբողջ հանրապետութիւնը դուրս գայ փողոց՝ առանց բացառութիւնների», ըսաւ Փաշինեան, աւելցնելով, որ պէտք է փակել մայրաքաղաքի այն բոլոր փողոցները, որոնք կը ծառայեն խորհրդարան հասնելու, որպէսզի խափանուի վարչապետի ընտրութիւնը: Փաշինեան կոչ ըրաւ՝ Երեքշաբթի օր համահայկական դասադուլ եւ գործադուլ յայտարարելու:
Նշենք, որ վարչապետ ընրելու համար Ազգային ժողովը յատուկ նիստ ծրագրած է գումարել Երեքշաբթի կէսօրին:
«Մենք վաղը «փակիր փողոցը» ակցիան պէտք է իրականացնենք աւելի լայն մասշտաբներով եւ պէտք է բլոկադայի ենթարկենք Ազգային ժողովին մօտեցող բոլոր մուտքերը», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Նշենք, որ Երկուշաբթի օրուան ցոյցերուն ընթացքին, Բաղրամեան փողոցին վրայ ոստիկանութեան բռնութիւններու պատճառով վիրաւորուեցան 40 քաղաքացիներ եւ 6 ոստիկաններ: Ոստիկանները խաղաղ ցուցարարներու դէմ օգտագործեցին յատուկ ռումբեր: Մարմնական վնասուածք ստացողներու շարքին էր Նիկոլ Փաշինեան, որ «Նայիրի» հիւանդանոց երթալով բժշկական խնամք ստացաւ ու անմիջապէս ետք միացաւ Ֆրանսայի հրապարակ հաւաքուած ցուցարարներուն:
Նշենք, որ ցուցարարները, փակելով մայրաքաղաքի կարեւոր քանի մը փողոցներու խաչմերուկները՝ դժուարացուցած էին ինքնաշարժներու երթեւկը: Աւելի ուշ վերականգնեցաւ ինքաշարժներու երթեւեկը՝ բացառութեամբ Պռոշեան-Բաղրամեան ճանապարհահատուածին եւ Բաղրամեան-Մոսկովեան խաչմերուկին:
Նիկոլ Փաշինեան ցուցարարները շարունակ կը զգուշացնէր զուսպ ըլլալու եւ ոստիկանները չգրգռելու, ցոյցը խաղաղօրէն կատարելու կոչ կ՛ուղղէր: Մեր պայքարը Սերժին դէմ է, ոչ թէ ոստիկանութեան, կը կրկնէր Փաշինեան:
«Եթէ անգամ ոստիկանները փորձեն խփել մեզ, ժպտացէք, ասէք նրանց՝ եղբայր իմ, մենք ձեր ժողովուրդն ենք», յայտարարեց Փաշինեան:
Այսուհանդերձ, ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ երեկոյեան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ չկիրառելու կազային յատուկ միջոցներ: Բաղրամեան Պողոտայի վրայ զետեղուած փշալարերու հակադիր կողմին վրայ կանգնած ոստիկանները հանեցին հակակազային դիմակները:
«Եթէ որեւէ մէկը որեւէ բան շպրտի ոստիկանների ուղղութեամբ՝ նա մեզ հետ կապ չունի, տեղում չէզոքացրէք, նա սադրիչ է, եթէ որեւէ մէկը հարուածի ոստիկանի, նա սադրիչ է», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ցոյցերուն մասնակիցներուն մէջ նկատելի է ուսանողներու մեծ թիւը: Ցուցարարները Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի շէնք եւ կոչ ուղղեցին դասարանները գտնուող ուսանողներուն միանալու ցոյցերուն:
Կորիւն փողոցին վրայ ուսանողներ ոստիկաններու դիմաց յարձակումի ենթարկուեցան խումբ մը անձերու կողմէ: Ոստիկանները չփորձեցին կանխել ուսանողներու ծեծը:
Նշենք, որ ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սկսած 2018 թուականի Ապրիլի 13ից՝ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը Երեւան քաղաքում կազմակերպել եւ իրականացրել է հաւաքներ, որոնց ընթացքում բազմիցս խախտուել են «Հաւաքների ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքի պահանջները՝ խոչընդոտելով մայրաքաղաքի բնակիչների ազատ տեղաշարժի եւ այլ իրաւունքների իրացմանը, կազմակերպութիւնների բնականոն գործունէութեանը: Չհետեւելով ոստիկանութեան բազմաթիւ յայտարարութիւններին, այդ ընթացքում հաւաքի մասնակիցները կազմակերպուած կերպով Ապրիլի 13ին ներխուժել են ԵՊՀ, իսկ Ապրիլի 14ին՝ Հանրային ռադիոյի շէնքերի տարածքները, որպիսի գործողութիւնները զուգորդուել են այդ ընկերութիւնների գոյքը վնասելով, իրենց ծառայութիւնն իրականացնող քաղաքացիներին մարմնական վնասուածքներ պատճառելով‘ վտանգելով հասարակական անվտանգութիւնը:
Ապրիլի 16ին առաւօտուանից շարունակելով նոյն հակաօրինական գործողութիւնների իրականացումը՝ հաւաքի մասնակիցները կազմակերպուած կերպով շարժուել են Բաղրամեան պողոտայով՝ փորձելով շրջանցել ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններին՝ չկատարելով վերջիններիս օրինական պահանջները:
Կազմակերպուած հաւաքի մասնակիցները, վնասելով Բաղրամեան պողոտայում գտնուող պետական, ինչպէս նաեւ քաղաքացիների մասնաւոր գոյքը, բռնութիւն են գործադրել ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանների նկատմամբ՝ վտանգելով հասարակական անվտանգութիւնը:
Նշուած փաստերի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 225րդ յօդուածի 1ին եւ 2րդ մասերով, 225.1 յօդուածի 1ին մասով յարուցուել են քրէական գործեր, որոնց նախաքննութիւնը յանձնարարուել է ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեանը»: