«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար, վերջին օրերու ժողովրդային ցոյցերու կազմակերպիչ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի՝ 17 Ապրիլին, Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ բազմահազար ցուցարարներու դիմաց յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է ժողովրդային թաւշեայ յեղափոխութիւն:
Հանրահաւաքի մասնակիցներուն Փաշինեան յայտարարեց, որ ցոյցերը եւ ցուցարարներու գործողութիւնները պիտի շարունակուին: Չորեքշաբթի՝ առաւօտեան ժամը 10ին ցոյցերը պիտի վերսկսին Ֆրանսայի հրապարակէն եւ օրուան վերջաւորութեան դարձեալ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութիւն հրապարակի վրայ: Փաշինեան համընդհանուր գործադուլի կոչ ուղղեց ժողովուրդին: Փաշինեան միշտ կը յորդորէ ցուցարարները խուսափելու բռնութիւններէ եւ գրգռութիւններէ:
«Մենք պէտք է կաթուածահար անենք ողջ պետական համակարգը: Այնտեղ, որտեղ կը յաջողուի ներս մտնել, ներս կը մտնենք, ներսում նստացոյց կ՛անենք: Այնտեղ, որտեղ չի յաջողուի ներս մտնել, նստացոյց կ՛անենք մուտքերի դիմաց եւ թոյլ չենք տայ ներս մտնել, դուրս եկողներին էլ միայն մեզ միանալու պայմանով կը թողնենք: Ազգային ժողովում կատարուող իրադարձութիւններն այլեւս չպէտք է ազդեցութիւն ունենան Հայաստանի քաղաքական կեանքի վրայ», աւելի կանուխ, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր Նիկոլ Փաշինեան: Հանրապետութիւն հրապարակի հաւաքին ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Սփիւռքէն կը ստանայ զօրակցութեան յայտարարութիւններ, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ գոյացած է ցոյցերու առաջին օրերու ծախսերը: Փաշինեան Հայաստան հրաւիրեց սփիւռքահայ զօրակցողները՝ մասնակցելու ցոյցերուն: Նշենք, որ Երեքշաբթի, օրուան ընթացքին, ոստիկանութիւնը 80 հոգի բերման ենթարկեց եւ տարաւ ոստիկանատուն: Անոնցմէ մէկ մասը աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ:
Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբը
Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբը