12 Յունուարը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին անզուգական հայդուկապետին՝ Նիկոլ Դումանի։
1867ի այս օրը Արցախի Խաչէն գաւառի (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի) Ղշլաղ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց ծնունդը Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեանի, որ կոչուած էր հայոց նորագոյն շրջանի պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը դնելու իբրեւ առասպելատիպ Նիկոլ Դուման հերոսի։
Վերջին հարիւրամեակին ամբողջ սերունդներ ոգեշնչուեցան Նիկոլ Դումանի օրինակով եւ աւանդով, որովհետեւ հայ կեանքի դժուարին բոլոր հանգրուաններուն, յատկապէս մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող օրհասական վտանգի պահերուն, հայոց աշխարհի ամէնէն խուլ անկիւններէն մինչեւ Հայկական Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հայութեան հաւաքական Ուժն ու Կամքը առաջնորդուեցան Նիկոլ Դումանի անմահ պատգամով՝
«Ի՛նչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ — եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել — պէտք է լինի զէնքի ընդունակ. միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան շարունակուող պայքարին մղում ու թափ տուող եւ մարտունակութիւն սորվեցնող այս մեծ պատգամին անձնդիր Առաքեալը կը հանդիսանայ Նիկոլ Դուման։
Միքայէլ Վարանդեանի նկարագրութեամբ՝
«Բարձրահասակ, նիհար, ջղուտ ու ոսկրուտ, մէջքը փոքր ինչ կորացած, սեւ, կայծկլտող աչքերով, ուժեղ, խուզարկու նայուածքով. պայծառ միտք, արագ ըմբռնող, ինքնավստահ ու կորովի, յանդուգն եւ ահեղ։ Հրամանատար մըն էր — սիրտը՝ պողպատ, խօսքը՝ կտրուկ, վճիռը՝ անդառնալի։
Երգեր հիւսեցին քիւրտերը անոր վարած կռիւներուն մասին — փայլուն ճակատամարտներու շարան մը։ Նիկոլ Դուման դաժան ու անխնայ էր ամէն կարգի ոսոխներու դէմ, նաեւ՝ ներքին հակառակորդներու։ Խարազանն էր շանթաժիստներու, դասալիքներու, անկարգապահ զինուորներու»…
Նիկոլ Տէր-Յովհաննիսեան «Դուման» (փոթորիկ) անուանուեցաւ անզէն հայուն պատուհասը դարձած քիւրտ հրոսակներուն կողմէ, որոնք սարսափահար վկաները եղան դաշնակցական հայդուկապետին մարտական խիզախութեան եւ անհաւասար ուժերով մղուած կռիւները յաղթանակով պսակելու ռազմական անպարտելիութեան։
Գերազանցապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր Դուման, որ իր գործով ու նկարագրով ազգային արժէքի վերածեց գաղափարական դաշնութիւնը ԵՐԿԱԹԵԱՅ ԿԱՄՔՈՎ, ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ԵՒ ԱՆՁՆՈՒԷՐ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ զինուած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ հայորդիներուն։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան առիւծասիրտ հայդուկապետը՝ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան չպատկանեցաւ Դուման, այլեւ՝ արժանացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ յարգանքին, վստահութեան ու գաղափարական պաշտամունքին։
Պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ 28 Սեպտեմբեր 1914ին Թիֆլիսի մէջ հայ ժողովուրդը համազգային աննախադէպ յուղարկաւորութեան արժանացուց իր հերոսական, այլեւ հերոսակերտ զաւակին։
Նոյնպէս պատահական չէր, ոչ ալ զարմանալի, որ ինքնասպանութեամբ այս աշխարհէն առյաւէտ հեռացած Դումանի անշնչացած մարմինը արժանացաւ հանդիսաւոր յուղարկաւորութեան եւ թաղուեցաւ հայոց Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի աճիւններու կողքին։
Ի վերջոյ, ինչպէս Իշխանը՝ Յովսէփ Արղութեան դամբանական իր խօսքին մէջ օրին պիտի ընդգծէր, եթէ Զաւարեան հանդիսացաւ «մեր ազատագրութեան խիղճը», Դուման եղաւ «մեր ազատագրութեան մարտիկը»։
Ի վերջոյ նաեւ հազուադէպ կը պատահի, որ ինքնասպանութիւն գործողը նման յարգանքի եւ մեծարանքի արժանանայ։ Բայց Նիկոլ Դուման իր մահուան պարագաներովն ալ ամրագրեց իր անուան շուրջ արդարօրէն հիւսուած մեծութեան դիւցազներգութիւնը։
Թոքախտէ հիւծած «մեր ազատագրութեան մարտիկը», ի լուր Հայ Կամաւորական Շարժման շղթայազերծման համար Թիֆլիս հաւաքուած դաշնակցական քաջարի հայդուկներուն զօրաշարժին եւ ապրելով այն անհուն տառապանքը, որ ի վիճակի չէր այլեւս իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի պաշտպանութեան ու ազատագրութեան օրհասական գուպարին, նախընտրեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ իր… այլեւս սպառած կեանքին։
Եւ այսօր, իր ծննդեան 151րդ տարեդարձին առիթով, Դումանի յիշատակին յարգանքի տուրք ընծայաբերելով՝ կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել, թէ ի՛նչն է գաղտնիքը մեծն Նիկոլ Դումանի անմահութեան։
Ռուբէնի գնահատումով՝ Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր «ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին։
Անառարկելիօրէն պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման։ Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, Դուման դրսեւորեց թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական ինքնակամ՝ երկաթեա՛յ կարգապահութիւն։
Նիկոլ Դումանի «պողպատեայ կամք»ին ուղղակի դրոշմը տիրական է դաշնակցական կարգապահութեան մեծ աւանդին վրայ։
Միայն Դումանի օրինակով ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նկարագիրը կրնար, Խանասորի արշաւանքին ծրագիրը յղանալով եւ անոր իրականացման մէջ հիմնական ներդրում ունենալով հանդերձ, համեստօրէն Վարդանին յանձնել արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարութիւնը եւ ինք բաւարարուիլ յիսնապետի պաշտօնով։
Դարձեալ Դումանի օրինակով խոնարհ, ընկերասէր եւ ժողովրդական մարդը կրնար, մտաւորական մեծ պաշարի տէր ըլլալով եւ հայկական ազատամարտի ռազմավարական ուղղութեան հունաւորման ու մշակման մէջ վճռական խօսք ունենալով հանդերձ՝ հեռու մնալ կուսակցական պատասխանատու մարմիններու անդամակցութենէն եւ ամբողջ ուժերով նուիրուիլ յեղափոխական-ռազմական կենդանի գործին։
Որքան դիպուկ է Գաբրիէլ Լազեանի այն բնութագրումը, թէ Նիկոլ Դուման եղաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին ամէնէն մտաւորական ֆետային, որ հաւասարապէս ե՛ւ մարտիկ-ֆետայիներու, ե՛ւ մտաւորական-քաղաքական գործիչներու ակնածանքին արժանացաւ։
Աւելի՛ն. յեղափոխական իր ծառայութեան եւ ֆետայական գործունէութեան ամբողջ ընթացքին, հայ պետական գործիչի ինքնատիպ նախակարապետ մը եղաւ Նիկոլ Դուման, որ հետեւողականօրէն հետամուտ մնաց հայու ռազմական ուժը ազգային-հասարակական ամուր ենթակառոյցով օժտելու եւ պետական տարողութեամբ հզօրացնելու մեծ երազին։
1890ականներու սկզբնաւորութեան, Թաւրիզի ու Սալմաստի մէջ, Դաշնակցութեան զինագործարանի հիմնումէն մինչեւ Երկիր անցնող՝ սահմանը կտրող հայ ֆետայիներու զինուորական պատրաստութեան գործը, Դուման առաջին քայլերը նետեց հայոց ազգային-ազատագրական շարժումը պետականաձեւ կառոյցներով կազմակերպելու եւ հզօրացնելու ուղղութեամբ։
Նոյն տեսիլքով գործեց 1890ականներու երկրորդ կիսուն, երբ իր կարգին Երկիր մտաւ։ Միշտ մեծաթիւ արշաւախումբերու կազմակերպման ու անոնց Դէպի Երկիր առաքման ռազմավարութեան դրօշակիրը դարձաւ, որպէսզի ստրկացուած մեր ժողովուրդին ազգային ինքնավստահութիւնն ու ռազմունակութիւնը վերականգնէ։
Խանասորի Արշաւանքը ծնունդ առաւ հայ պետական գործիչի այդ տեսիլքէն եւ դարձակէտ կազմեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որովհետեւ մէկանգամընդմիշտ շրջեց հայու անզօրութեան ու թաւալգլոր անկումի ընթացքը՝ հաստատելով, որ հակառակ պարսկական, ռուսական թէ թրքական տիրապետութեան պատճառած ախտերուն, հայ ժողովուրդը ի վիճակի է իր մարտունակութեան նորովի թափ տալու եւ հայրենի իր հողին վրայ պետականօրէն տանտէր կանգնելու՝ ազգային հզօր բանակ կերտելու։
Միեւնոյն տեսիլքը առաջնորդեց Նիկոլ Դումանի մտքերն ու քայլերը, երբ 1905-1906ին, ողջ Անդրկովկասի տարածքին, հայ ժողովուրդին դէմ հրահրուած թուրք-թաթարական յարձակումներուն դէմ՝ Հայդուկապետը ռազմական ղեկավարը դարձաւ հայոց ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։
Ստանձնեց հրամանատարութիւնը Երեւանի նահանգի հայոց ինքնապաշտպանութեան, ուժեղ հարուածներու տակ սանձեց մոլուցքը թաթարական ամբոխին, նաեւ ու մանաւանդ՝ ցարական նենգ հրձիգութեան, որ ազգամիջեան բախումներու հրահրումով կը փորձէր իբր թէ փրկել Ցարիզմի փուլ եկող կայսերապետութիւնը։
Պետական գործիչի միեւնոյն ներշնչումով՝ Նիկոլ Դուման կանգնեցաւ Ռոստոմի եւ Եփրեմի կողքին Պարսկաստանի մէջ, միասնաբար ղեկավարելու համար հայ յեղափոխականներու մարտական զօրակցութիւնը պարսիկ ազատախոհ Սահմանադրական Շարժումին, ընդդէմ խաներու խաւարամտութեամբ հաստատուած Շահի բռնակալութեան, որ հակահայ դաւադիր գործարքի մէջ էր թրքական իշխանութեանց հետ։ Այս բոլորով՝ Նիկոլ Դուման անջնջելի իր տեղը կը գրաւէ հայոց պետականութեան վերականգնումի ոսկեմատեանին մէջ։
Յատկապէս Դումանի քարոզած ազգային ինքնապաշտպանութեան եւ մարտունակութեան ռազմավարական ուղղութիւնը միշտ յուշարար պիտի մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապրող սերունդներուն համար։
Նիկոլ Դուման ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց՝
«… Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում, նա չարաչար սխալւում է։
Պաշտպանողական սահմաններում ապահով մնալու համար հարկաւոր է, որ յարձակման ենթարկուած կողմն ընդհարման բոլոր կէտերում լինի թուով աւելի, քան հակառակորդը, որակով բարձր եւ ունենայ աւելի շատ կատարելագործուած զէնքեր ու առատ ռազմամթերք։ Բայց որովհետեւ բոլոր կէտերում անկարելի է ունենալ այդ առաւելութիւնները,- ուստի անհրաժեշտ է դառնում որոնել կռուի համար ուրիշ, աւելի նպատակայարմար գործելակերպ (տակտիկ)։ …Պէտք է փոխարէնը (յարձակման) անպատճառ հատուցանել անյապաղ, որպէսզի նա (հակառակորդը) չխրախուսուի անպատիժ յաղթութիւնից եւ չանի նորանոր քայլեր։ Այստեղից պարզ երեւում է, որ երկու դէպքումն էլ հակայարձակումը դառնում է հրամայական»։ Եթէ թոքախտը չհիւծէր զինք եւ Դուման ինքնասպանութեամբ վերջ չտար իր կեանքին, անվարան կարելի է համոզուած պնդել, թէ Առաջին Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան եւ յետ-Հայաստանի անկախացման շրջանի պատմակշիռ իրադարձութեանց մէջ, հայ ժողովուրդը անպայման պիտի օգտուէր Նիկոլ Դուման անուանուած «Ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»ին հրաշազօր ներգործութենէն։
Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 1867-1914)
Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 1867-1914). «Պողպատէ կամքով ղարաբաղցի լեռնականը», Հայոց «Ազատագրութեան Մարտիկ»ը Ն.