­Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած ­Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց ­Նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Քո­ծիաս ­Մարտ 9ին այ­ցե­լեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր։ ­Նա­խա­րա­րը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց յու­շար­ձա­նին մօտ եւ յա­ւեր­ժա­կան կրա­կին մօտ մէկ վայր­կեա­նի լռու­թեամբ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ՝ ­Հայկ ­Դե­մո­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ պրն. ­Նի­քոս ­Քո­ծիաս գրա­ռում թո­ղեց պա­տո­ւա­ւոր հիւ­րե­րու ­Յու­շա­մա­տեա­նին, որ­մէ ետք Հ.Ց.Թ.ի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեան ա­նոր նո­ւի­րեց «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան լու­սա­բա­նու­մը հա­մաշ­խար­հա­յին մա­մու­լի ա­ռա­ջին է­ջե­րին» գիր­քի անգ­լե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։