Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Թաղականութեան ատենապետ Վարդան Պապիկեան եւ նախկին ատենապետ Կարպիս Պեքէրէճեան եւ եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնի գրեթէ լրիւ կազմը Չորեքշաբթի՝ 19 Փետրուար 2020ի կէսօրին շնորհաւորական այցելութիւն տուին Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին՝ Ազգային Առաջնորդարանի գրասենեակը:
Նարեկ քահանան, յանուն ներկաներուն, Առաջնորդ Սրբազան հօր շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, մաղթելով արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արդիւնաբեր առաջնորդական առաքելութիւն: Նոյնպէս, Առաջնորդ Սրբազան հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ եկեղեցական երկարամեայ շնորհաշատ առաքելութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ որդիական երախտագիտութեամբ հաստատեց որ Սրբազան հօր ներկայութիւնն ու հայրական հոգատարութիւնը Նէոս Գոզմոսի ծխական շրջանի ժողովուրդին, եկեղեցական տօներուն եւ ձեռնարկներուն հանդիսապետութեամբ, հայրական պատգամներով ու թելադրանքներով միշտ գնահատած ու արժեւորած է տարուած աշխատանքը, ինչ որ ունեցած է իր դրական արդիւնքները շրջանիս հոգեւոր մատակարարման աշխատանքին մէջ:
Աւարտին տէր հայրը՝ իր, Թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց մարմնոյ պատրաստակամութիւնը յատնեց եւ խոստացաւ նոր ծրագրումներով եւ յաւելեալ նուիրուածութեամբ ծառայել եւ կատարել լաւագոյնը եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայութեան հոգեւոր կեանքը աշխուժացնելու:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար, շնորհակալութիւնը՝ շնորհաւորութեան համար եւ գնահատանքը՝ եկեղեցավայել պատշաճութիւնը յարգելու գիտակցութեան համար: Անդրադառնալով Ս. Վարդանանց տօնի Հինգշաբթի օրուան նախորդող Երեքշաբթի օր նշուող Ս. Ղեւոնդեանց տօնին, ըսաւ, «Քահանաներուն յատուկ այս տօնը Ս. Վարդանանց տօնին հրապոյրին տակ մնացած է Ս. Վարդանանց տօնը աւելի լայն ժողովրդականութիւն ունի մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Ս. Ղեւոնդեանց տօնին, մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն կարգն է ու բարոյական պարտականութիւնը, որ իրենց հետաքրքութեան ուշադրութեան եւ գնահատանքին առարկան ըլլան այն հոգեւոր հովիւ, ծխատէր քահանայ հայրերը, որոնցմէ մեր ժողովուրդը կ՚անկալեն, որ անոնք ամբողջ տարին միշտ ըլլան պարտաճանաչ, գործունեայ, օրինակելի, անթերի, բոլորին հետ հաշտ ու սիրալիր, զգօն ու զուսպ, հաւասարակշռուած ու հասկացող, ու պատրաստ ամէն տեսակ ծխական կեանքին թելադրած աշխատանքներուն ու պարտականութեանց լծուելու»:
Արժէքներու եւ սկզբունքներու պահպանման անտարբերութեան անդրադառնալով, ան մեծապէս գնահատեց Թաղական խորհուրդին ու յատկապէս Տիկնանց մարմնին այս նախաձեռնութիւնը, որ վստահաբար նորութիւն մը չէ յունահայութեան կեանքին մէջ, բայց զայն վերահաստատելը ինքնին ցուցանիշ է տակաւին հոգեւոր ու ազգային արժէքներու կառչած մնալու գիտակցութեան: Առաջնորդ Սրբազան հայր եւ թեմի ծխական ժողովուրդի միջեւ սիրալիր կապին ու հաղորդակցութեան մասին խօսելով, ան նկատել տուաւ, որ ծխատէր հոգեւոր հովիւը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, որ այդ հաղորդակցութիւնը եւ կապը դրական կամ ժխտական պատկեր ունենայ:
Այցելուները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան հօր ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ առընչուած բոլոր այն առիթներուն համար, որ Սրբազան հայրը ներկայ կը գտնուի, եւ ուրախութեամբ կը փափաքին վայելել իր ներկայութիւնը, հայրական օրհնութիւնն ու յորդորները:
Այցելութեան առթիւ, Նարեկ քահանան Թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց մարմինին կողմէ Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց նրբաճաշակ նուէր մը: Ուրախ եւ սիրալաիր հանդիպման սեղանին շուրջ, այցելու տիկիններուն կողմէ բերուած համադամ հիւրասիրութիւնը առաւել եւս քաղցրացուց մթնոլորտը:
ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ