Ամանորի Գոհաբանական աղօթք
Կիրակի 1 Յունուար 2023-ի Ամանորի առաջին ժամուն Գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ամանորեան Գոհաբանական աղօթքը կատարեց եւ Իր Հայրական պատգամը փոխանձեց, Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ։ Արարողութեան մասնակցեցան Թեմիս Կրօնական ժողովի հոգեւոր հայրերը:
Կաղանդ – Տարեմուտ եւ ԳԱԹԱՅԻ ԿՏՐՈՒՄ
Կիրակի, 1 Յունուար 2023-ի առաւօտեան, Տարեմուտի անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, եւ աւարտին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորեայ տարեհաց-գաթային օրհնութիւնն ու բաշխումը, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Տիկնանց Մարմնոյ:
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
Հինգշաբթի՝ 5 Յունուար 2023-ին, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն ապա Ս. Գրային ընթերցումներ, Ֆիքսի Հ.Կ.Խաչի Լ. եւ Ս. Յակոբեան ազգ. վարժարանի Զ. կարգի աշակերտներուն կողմէ, ուսուցողութեամբ հայերէն լեզուի դասատու տիկ. Ալինա Պարտաքճեանի: Յաջորդեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ նախատօնակ, աւետում եւ ճրագալոյց: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ թեմիս Ազգ. վարչութեան ատենապետ պրն. Թագաւոր Յովակիմեան։
ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ՝ 6 Յունուար 2023-ի առաւօտեան, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ աւարտին՝ կատարուեցաւ Ս. Մկրտութեան կարգ-Ջրօրհնէք: Օրուան Ս. Մկրտութեան Խաչին կնքահայրն էր, եկեղեցւոյս պատանի դպիր Փիլիպոս Պրունծոս-Երանոսեան:
Արարողութեան Ներկայ գտնուեցաւ թեմիս Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ եւ փոխ ատենապետ պրն. Նազար Աւագեան։
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40/100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Սուրբ Յովհ. Կարապետի զօրութեամբ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ նորաշէն եկեղեցւոյս հիմնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին առիթով, եկեղեցասէր Տիկնանց մարմինը, Ուրբաթ 12 Յունուարի երեկոյեան, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանին կողմէ կատարուած աղի օրհնութեամբ, սկսաւ մատաղի պատրաստութեան մեծ աշխատանքին, եւ Շաբաթ 14 Յունուարի երեկոյեան իր բարւոք լրումին հասաւ, պատրաստելով մօտ 800 հատ միսով փաթթուած հացիկ-պիտտէներ:
Կիրակի 15 Յունուար 2023-ին, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ տօնուեցաւ նորաշէն եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 40/100-ամեակը, որուն հանդիսապետեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց, Յունաստանի Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ա. արք. Խաչերեան: Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն, եկեղեցւոյս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Արարողութեան ներկայ եղան յանուն Ազգ. վարչութեան, փոխատենապետ պրն. Նազար Աւագեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ատտիկէի թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, շրջանիս մէջ գործող միւթիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ակաուտներ եւ ուխտաւորներ: Աւարտին՝ ներկաներուն բաշխուեցաւ օրհնուած մատաղ:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, 2023 տարին եւս հռչակած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ», որպէս շարունակութիւն անցեալ տարուան՝ թեմերուն առաքուած է Վեհափառ հայրապետին Բ. պատգամը։ Հետեւաբար, Կիրակի 5 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, կատարուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն հանդիսապետեց եւ յիշեալ պատգամի ներկայացումը կատարեց Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ ՜Գերշ Տ. Գեղամ Ա. արք. Խաչերեան:
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ
ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ խարոյկ
Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ՝ Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Անդաստան։
Արարողութեան աւարտին, պահելով մեր ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյս մուտքին, վառուեցաւ փոքր խարոյկ մը։ Արարողութեան աւարտին, խարոյկին շուրջը հաւաքուած հաւատացեալները հիւրասիրուեցան գաւաթ մը տաք թէյով եւ թխուած բլիթներով, եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ։
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑՆ
ՄԵՐՈՑ ԵՒ 1036 ՎԿԱՅԻՑՆ ՏՕՆԸ
Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Սրբոց Վարդանանց զօրավարացն մերոց եւ 1036 վկայիցն ազգային եւ եկեղեցական տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան Հ. Կ. Խաչի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան նախակրթարան» եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան միջնակարգ» ազգային վարժարաններու աշակերտութիւնը, իրենց ուսուցչական կազմերով:
ՎԵՐՋԱԲԱՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հարկ է յիշել, թէ վերեւ յիշուած ու կատարուած բոլոր արարողութիւններն ու Ս. Պատարագները մատուցուեցան շրջանիս եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեանի կողմէ, իր կողքին ունենալով տարիներու հաւատարիմ, սիրայօժար ու անխոնջ ծառայողներ՝ Ս. Խորանին սպասարկող բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան, ուրարակիր դպիր Ժանօ Պարտաքճեան, պատանի դպիրներ Գրիգոր Ունանեան եւ Փիլիպպոս Պրունծոս-Երանոսեան, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, դպրապետութեամբ` բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի, իսկ խմբավարութիւնն ու օրուան մեղեդիներն ու շարականները երգեհոնի ընկերակցութեամբ կատարեց երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեան:
Այս բոլորին կողքին, անարդար պիտի ըլլար չյիշել ու չգնահատել եկեղեցւոյս տարիներու անսակարկ նուիրումով ու անսպար եռանդով ծառայող Թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնոյ անդամ-անդամուհիներու ոչ միայն մշտաջան աշխատանքն ու մնայուն ներկայութիւնը, այլ նաեւ իրենց նիւթական ներդրումը, ինչպէս նաեւ նիւթապէս նեցուկ կանգնած եկեղեցւոյս բոլոր բարերարներուն կատարած ներդրումները:
Յունահայոց Բուն Բարեկենդան
Կիրակի՝ 26 Փետրուար 2023, Յունահայոց Բուն Բարեկենդան: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան հանդիսապետեց եւ պատգամեց, Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ։ Ս. Հաղորդութեան աւարտին, վարագոյրը փակուեցաւ եւ պիտի մնայ փակ, Քառասնօրեայ Պահեցողութեան 6 շաբաթներու տեւողութեան, մինչեւ Ծաղկազարդ։ Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ ներքնասարհ, ուր հիւրասիրուեցան Տիկնանց Մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ սուրճով եւ աղի ու քաղցր փլիթներով։
Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլորին:
Ծանօթ: Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին վերեւ յիշուած Ս. Պատարագներուն ու արարողութիւններուն տեսաերիզները դիտել եւ լսել Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամները համացանցի միջոցաւ, կառելի է այցելել եկեղեցւոյս կայքէջը.- www.sourpgarabed.gr -, դիմատետրի.- https://www.facebook.com/profile.php?id=100064326806337 -, եւ (YouTube)-ի.- https://www.youtube.com/channel/UCv9TA3DIlfg3jc_B1fu0cKQ -էջերը:
ԹՂԹԱԿԻՑ