­­Կի­րա­կի, 14 ­Յու­նո­ւար 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի(­Ֆիքս) Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ եւ ա­ւան­դա­կան ­Մա­տա­ղօրհ­նու­թեամբ տօ­նո­ւե­ցաւ նո­րա­շէն ե­կե­ղեց­ւոյս ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 41-ա­մեա­կը։
­Պա­տա­րա­գեց եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան:
Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ ակ­նար­կե­լով ­Յով­հան­նէս Մկր­տի­չի հրա­շա­պա­տում ծնուն­դին¸ ը­սաւ թէ Փր­կի­չի ա­ռա­քե­լու­թեան մաս կը կազ­մէր¸ ո­րով ի­րա­կա­նա­ցաւ Ե­սա­յի մար­գա­րէին խօս­քը¸ թէ՝ «Ա­հա­ւե­սիկ քու առ­ջե­ւէդ կը ղրկեմ իմ պատ­գա­մա­բերս։(­Մար­կոս 1։2)»։
­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ մար­դի­կը ազ­դա­րա­րեց Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թեան մօ­տա­լուտ ըլ­լա­լուն¸ եւ ջու­րի մկրտու­թեամբ պատ­րաս­տեց ­Սուրբ ­Հո­գիի մկրտու­թեան։ ­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ մար­դի­կը Ք­րիս­տո­սի ա­ռաջ­նոր­դո­ղը ե­ղաւ։ ­Յի­սուս մկրտո­ւե­լով հաս­տա­տեց Մկր­տու­թեան խոր­հուր­դը՝ որ ջու­րէն եւ հո­գիէն ծնունդ է եւ նա­խա­պայ­ման՝ երկն­քի ար­քա­յու­թե­նէն ներս մտնե­լու։ Մկր­տու­թեան խոր­հուր­դը նա­խա­պայ­մանն է ­Սուրբ ­Հո­գիին շնորհ­նե­րուն ստաց­ման։ Մկր­տու­թեամբ ան­դամ կը դառ­նանք Ե­կե­ղեց­ւոյ մար­մի­նին¸ ո­րուն գլուխն է Ք­րիս­տոս։ Մկր­տու­թեամբ կը ծնինք նաեւ հո­գիով¸ այ­սինքն¸ կը նո­րո­գուինք¸ դառ­նա­լով նոր ա­րա­րած՝ միա­ցած Ք­րիս­տո­սի։
Մկր­տու­թեան խոր­հուր­դը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նի­քի հա­մար¸ մա­նա­ւանդ հայ ըն­տա­նի­քին հա­մար։ Ինչ­պէս որ ­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ մար­դի­կը Ք­րիս­տո­սի ա­ռաջ­նոր­դեց¸ այդ­պէս ալ մկրտու­թեան խոր­հուր­դի պա­րա­գա­յին¸ ե­րա­խա­յին կնքա­հայ­րը զայն դէ­պի Ք­րիս­տոս կ’ա­ռաջ­նոր­դէ։ Ե­րե­խա­յին փոքր տա­րի­քէն մկրտե­լը¸ կնքա­հօր եւ ծնող­քին հո­գե­ւոր թէ ֆի­զի­քա­կան խնա­մա­տա­րու­թեան ճամ­բով հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան մս ­կը կազ­մէ։ ­Նոր սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­րա­գա­յին¸ ըն­տա­նի­քին ճամ­բով հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ազ­գա­պա­հաան­ման կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է։ Որ­պէս­զի այդ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը իր նաա­տա­կին ծա­ռա­յէ¸ նոյ­նինքն ծնողքն ու կնքա­հայ­րը հարկ որ ստա­ցած ըլ­լան նման հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն։
Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դառ­նա­լով կնքա­հօր դե­րա­կա­տա­րու­թեան¸ նկա­տել տո­ւաւ¸ որ թէեւ այ­սօր կնքա­հօր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը իր պա­րու­նա­կէն բա­ւա­կա­նա­չափ պար­պո­ւած է¸ բայց կը մնայ կեն­սա­կան։ Այ­սինքն¸ կնքա­հայ­րը եւս¸ իր ներ­կայ պատ­կե­րով եւս դե­րա­կա­տար է մա­նու­կին հայ­կա­կան նկա­րագ­րի կերտ­ման հա­մար։ ­Ներ­կա­յիս կը պա­տա­հին պա­րա­գա­ներ¸ երբ քրիս­տո­նեայ այլ ե­կե­ղե­ցի­ներ չեն փա­փա­քիր¸ որ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ մը կնքա­հայր ըլ­լայ ի­րենց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ¸ ոչ թէ հա­յուն կը մեր­ժեն¸ այլ պար­զա­պէս նա­խան­ձախն­դիր են ի­րենց ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նո­նին¸ սկզբունք­նե­րուն¸ ա­ւան­դու­թեանց եւ ա­նոնց ճամ­բով նոր սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Ին­չու՞ հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը նոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը չու­նե­նան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­կա­կան ազ­գա­յին ո­գիով դրոշ­մո­ւած կարգ ու կա­նո­նին¸ սկզբունք­նե­րուն¸ ա­ւան­դու­թեանց¸ պատ­կա­նե­լիու­թեան։
­Հե­տե­ւա­բար¸ նկա­տի ու­նե­նա­լով որ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ¸ զօ­րե­ղա­պէս շեշ­տո­ւած է հայ­կա­կան ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը¸ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու ծնող­նե­րուն բազ­մազ­բաղ վի­ճա­կին մէջ¸ նոր սե­րունդ­նե­րուն ա­մե­նա­մատ­չե­լի մի­ջո­ցը¸ մեր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն կրթա­կան հա­մա­կար­գին մէջ հարկ ե­ղած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ծա­յո­ւի նաեւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան։
Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին՝ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, բրշ. ­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեան, բրշ. Ե­ղիա սրկ. ­Հա­ցի­կեան, բրշ. ­Ժա­նօ կիսրկ. ­Պար­տաք­ճեան եւ պա­տա­նի դպիր­ներ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան եւ ­Փի­լի­պոս Պ­րուն­ծոս-Ե­րա­նո­սեան:
­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սին կող­մէ, դպրա­պե­տու­թեամբ՝ բրշ. ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի, իսկ խնբա­վա­րու­թիւ­նը, մե­ղե­դի­նե­րու եւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­րա­ժիշտ բրշ. ­Կա­րօ կիսրկ. ­Պար­տաք­ճեա­նի։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հո­գե­հանգս­տեան յա­տուկ պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կո­ւե­ցան, ե­կե­ղեց­ւոյս հան­գու­ցեալ քա­հա­նա­նե­րը, սար­կա­ւագ­նե­րը, դպիր-դպրու­հի­նե­րե­րը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, ծա­ռա­յող­ներն ու բա­րե­րար­նե­րը։ Ա­ւար­տին՝ պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւ­նը եւ «­Պահ­պա­նիչ» օրհ­նու­թեան ա­ղօթ­քէն ետք, «­Կի­լի­կիա» եր­գով ու «­Մեր հայ­րե­նիք» Հ.Հ. քայ­լեր­գով, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­սաւ իր բար­ւոք ա­ւար­տին։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պրն. ­­Նա­զար Ա­ւա­գեան, ­ ­­Գո­քի­նիոյ եւ ­Գա­րէա-­Կե­սա­րեա­նիի ­թա­ղա­յին խորհր­դնե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, շրջա­նիս մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղէն խումբ մը սկաուտ­ներ ո­րոնք կազ­մե­ցին պատ­ւոյ շար­ք ­մը ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­տեա­նին մէջ, եւ բնա­կա­նա­բար հոծ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ:
Ա­րա­րո­ղու­թիւնն ու Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր պատ­գա­մը տրա­մադ­րե­լի են առ­ցանց ե­կե­ղեց­ւոյս (YouTube)-ի կա­յա­նէն, կցո­ւած կա­պին ճա­մբով.- https://youtu.be/FMFk87Fdw_M?feature=shared

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

­Կի­րա­կի 14 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի(­Ֆիքս) Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 41-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը, թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու տիկ­նանց մար­մի­նը, ի­րենց խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նեն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նին, որ հան­դի­սա­ւո­րօ­րէն ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց, եւ Իր ­Հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ու ա­ւար­տին, կա­տա­րեց ­Մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւ­նը։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսք, ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ծա­ռա­յող­նե­րուն՝ դպրա­պե­տին, խմբա­վառ-եր­գե­հո­նա­հա­րին, սար­կա­ւագ-կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն, դպիր­նե­րուն, երգ­չա­խում­բի հին ու նոր ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն ուխ­տա­ւոր մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­տա­ցեալ զա­ւակ­նե­րուն, փո­խան մա­տա­ղի նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն եւ բո­լոր օ­ժան­դակ տի­կին­նե­րուն եւ պա­րօն­նե­րուն, ո­րոնք հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան զոյգ տօ­նե­րուն ա­ռի­թով:
­Վեր­ջա­պէս, յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն «Σουβλάκια Ο Σέρκος» ­Խա­նի­կեան եղ­բայր­նե­րուն՝ մա­տա­ղի հա­ցիկ­նե­րը սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րու­թեան հա­մար, Στεγνοκαθαριστήριο «Mr. Magic Clean» ­Սա­հակ եւ ­Վեր­ժին ­Տէր ­Յո­վա­կի­մեան հաս­տա­տու­թեան՝ ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին եւ գրա­կալ­նե­րուն ծած­կոց­նե­րուն մաք­րու­թիւ­նը սի­րա­յօ­ժար ստանց­նե­րուն հա­մար, Φωτοτυπίες «Copy Line» պրն. Ս­փի­րոս ­Դեր­ձա­կեան հաս­տա­տու­թեան՝ Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պե­տի փոք­րիկ սրբա­պատ­կե­րու սի­րա­յօ­ժար պատ­րաս­տու­թեան հա­մար, ո­րոնք տրա­մադ­րո­ւե­ցան ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն, եւ Σφραγίδες «Stamp System» Ա­րամ ­Պե­քէ­րէ­ճեան հաս­տա­տու­թեան՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­լեւ­մուտ­քի ստա­ցա­գիր­նե­րու սի­րա­յօ­ժար պատ­րաս­տու­թեան հա­մար:
Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ(ՖԻՔՍ)