­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէու­թեան ար­տա­քին քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խում­բին, ­Շա­բաթ՝ 14 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի մա­հո­ւան ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոյ-հա­մերգ մը:
­Ներ­կա­յա­ցու­մը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի պու­րա­կին մէջ գտնո­ւող բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նէն ներս եւ ա­նի­կա մաս կը կազ­մէր շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու ի­րա­գոր­ծո­ւած «Իո­նի­քէս Եոր­թէս» գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին: ­Ձեռ­նար­կը կը վա­յե­լէր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը:
Ե­լոյ­թին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան փոխ քա­ղա­քա­պետ եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան հար­ցե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն ­Վան­կե­լի ­Խա­չա­տու­րեան, քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով (ա­ւե­լի քան 1800 հո­գի) հայ­րե­նա­կից­ներ եւ յոյն բա­րե­կամ­ներ:
Ե­րե­կոն սկսաւ վի­տէօ-ե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեամբ՝ ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի թաղ­ման կար­գի ըն­թաց­քին յար­գան­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն, ուր ներ­կայ գտնո­ւած էին Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ՝ Է­մա­նո­ւէլ ­Մաք­րոն եւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան:
­Ձեռ­նար­կի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ծա­նօթ դե­րա­սան Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, որ­մէ ետք բեմ բարձ­րա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «Դրօ» խում­բի ան­դամ ընկ. ­Սա­մո­ւէլ ­Սա­մո­ւէ­լեան: Ան ամ­փոփ տո­ղե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց Ազ­նա­ւու­րի կեան­քի կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րը՝ իր ծննդեան օ­րէն մին­չեւ իր մա­հը: ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ Ազ­նա­ւու­րի կեան­քի այդ բա­ժին­նե­րուն, ուր ան զբա­ղե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ մա­նա­ւանդ՝ քա­ղա­քա­կան մար­զե­րէն ներս: ­Ներ­կա­յա­ցու­մի ըն­թաց­քին պաս­տա­րի վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւէին Ազ­նա­ւու­րի կեան­քէն նկար­ներ:
­Յա­ջոր­դեց աս­մունք Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի կող­մէ, յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած, Ազ­նա­ւու­րի կող­մէ յօ­րի­նո­ւած ու եր­գո­ւած եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 60ա­մեա­կին հա­մար «Ա­նոնք ին­կան» (Ils sont tombes) եր­գի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, որ­մէ ետք եր­գի տե­սա­նիւ­թը, եր­գո­ւած Ազ­նա­ւու­րի կող­մէ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շար­ձա­նին վրայ, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն:
Ա­պա, յայ­տա­գի­րը ան­ցաւ յա­ջորդ բա­ժի­նին: ­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ երգ­չու­հի եւ կի­թառ նո­ւա­գող Է­լէ­նա-Ե­րե­ւան, ջու­թա­կա­հար՝ ­Շանթ ­Դա­նիէ­լեան եւ հա­մադ­րող ու եր­գե­հոն նո­ւա­գող ­Սար­գիս Ա­դա­մեան: Ե­րեք յար­գե­լի ե­րա­ժիշտ­նե­րը յա­ջոր­դա­բար մեկ­նա­բա­նե­ցին Ազ­նա­ւու­րի ծա­նօթ եր­գեր ֆրան­սե­րէ­նով:
­Յա­ջոր­դե­ցին չորս հայ­կա­կան ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր: Այս­պէս, հա­մեր­գը ու­նե­ցաւ իր հայ­կա­կան բա­ժի­նը եւս:
Անց­նե­լով երկ­րորդ մա­սին, ան­գամ մը եւս Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան բեմ բարձ­րա­ցաւ եւ աս­մուն­քեց յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի եւ ­Ճորճ ­Կառ­վա­րեն­ցի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած «­Քեզ հա­մար ­Հա­յաս­տան» (Pour toi Armenie) եր­գի բա­ռե­րը: ­Սոյն եր­գը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 1988ի երկ­րա­շար­ժին հա­մար, եր­գո­ւե­ցաւ 88 ֆրան­սա­ցի ծա­նօթ եր­գիչ­նե­րու կող­մէ ու այդ ներկա­յաց­ման նիւ­թա­կան ե­կա­մու­տը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան՝ երկ­րա­շար­ժէն վնա­սո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար: ­Յա­ջոր­դա­բար, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ եր­գի տե­սա­նիւ­թը։
­Հա­մեր­գին վեր­ջին բա­ժի­նը կը պա­րու­նա­կէր դար­ձեալ Ազ­նա­ւու­րի ծա­նօթ եր­գե­րու փունջ մը, ո­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան ներ­կա­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով, ե­րեք ե­րա­ժիշտ­նե­րը կա­տա­րե­ցին երգ մը եւս:
­Ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը վստա­հա­բար խան­դա­վառ ու շնոր­հա­կալ մեկ­նե­ցաւ թատ­րո­նէն, սպա­սե­լով կազ­մա­կեր­պող­նե­րու յա­ջորդ ձեռ­նար­կին:
­Վարձ­քը կա­տար կազ­մա­կեր­պող­նե­րուն, մաս­նակ­ցող ե­րա­ժիշտ­նե­րուն եւ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ