Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան (1837-1884)

Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան (1837-1884). Հայկական Հարցի պահանջատիրութեան նախակարապետը (Ծննդեան 180ամեակին առիթով)

0
1462

Այս տա­րի լրա­ցաւ ծննդեան 180ա­մեա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­ռա­գայ­թող մե­ծու­թիւն­նե­րէն Ներ­սէս Արք. Վար­ժա­պե­տեա­նի, որ իբ­րեւ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք՝ նա­խա­կա­րա­պե­տը դար­ձաւ Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գայ­նա­ցու­մին եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քը, 19րդ դա­րու 3րդ քա­ռոր­դին, ա­ռաջ­նոր­դեց ու լու­սա­ւո­րեց իր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­ծա­ռամ­տու­թեամբ, շնոր­հա­լի վաս­տա­կով եւ ա­ռինք­նող ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ։
Ներ­սէս ա­նու­նով ան­մա­հա­ցած հա­յոց հո­գե­ւոր մե­ծա­մեծ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ, Մեծն Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տի, հան­ճա­րեղ Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լիի եւ Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի կող­քին, ան­պայ­ման իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ներ­սէս Պատ­րարք Վար­ժա­պե­տեան, որ թէեւ միայն 47 տա­րի ապ­րե­ցաւ ու վախ­ճա­նե­ցաւ 1884ի Հոկ­տեմ­բեր 26ին, բայց որ յա­ջո­ղե­ցաւ ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած կար­ճա­տեւ կեան­քը լեց­նել յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նի Գործ­քով։
Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատր­իար­քի ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման եւ Հայ Դա­տի քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն հետ՝ իբ­րեւ ջա­հա­կի­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու Հա­յաս­տա­նի վե­րած­նուն­դի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան։
Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեա­նի պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին զու­գա­դի­պե­ցաւ 1877-78ի Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը, որ ա­ւար­տե­ցաւ Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի յաղ­թա­նա­կով ու Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի եւ Պեր­լի­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ, նաեւ հա­կա­սա­կան դաշ­նա­գիր­նե­րու կնքու­մով։ Դաշ­նա­գիր­ներ, ո­րոնք Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի շրջա­գի­ծին մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը Հայ­կա­կան Հար­ցին՝ մինչ այդ մե­ծա­պե­տա­կան մրցակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին վրայ դրո­ւած Ա­րե­ւե­լեան Հար­ցի մեծ օ­րա­կար­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ, ար­ժէք եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն շնոր­հե­լով Հայ­կա­կան Հար­ցին։
Ներ­սէս Պատ­րիարք մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Հայ­կա­կան Հար­ցը մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թակ բարձ­րաց­նե­լու գոր­ծին մէջ՝ թէ՛ դի­ւա­նա­գի­տա­կան լայն շփում­նե­րով նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք կա­տա­րե­լով, թէ՛ զոյգ դաշ­նա­գիր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բա­նա­ձե­ւե­լու ճիգ թա­փե­լով եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, Պեր­լի­նի Դաշ­նագ­րի նա­հան­ջէն ետք հայ ժո­ղո­վուր­դը յա­րա­տեւ պայ­քա­րի մղե­լով։
Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ, հե­տե­ւա­բար, որ Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի հետ Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեան դար­ձաւ նա­խա­կա­րա­պե­տը Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տին։ Իր կող­մէ պար­զո­ւած հայ­կա­կան լայն ինք­նա­վա­րու­թեան դրօ­շը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ղե­նիշ դար­ձաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման շղթա­յա­զեր­ծու­մին եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան հու­նա­ւոր­ման հա­մար։ Թէեւ Խ­րի­մեան ու Վար­ժա­պե­տեան եր­կուքն ալ հե­ռու էին, քա­ղա­քա­կան ի­րենց ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն մէջ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցումն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը պա­հան­ջե­լէ, այ­սու­հան­դերձ՝ Հայ Դա­տի ի­րա­տես ու հե­ռա­տես ա­նոնց պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ու­ղե­ցոյց դար­ձաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք հա­մա­պա­տաս­խան պատ­շա­ճե­ցու­մի են­թար­կե­ցին ի­րենց ար­մա­տա­կան պա­հանջ­նե­րը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն եւ նո­ւա­զա­գոյն ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու եւ ծրա­գիր­նե­րու մօ­տե­ցու­մը որ­դեգ­րե­լով։
Ա­ւե­լի՛ն. Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը յա­րա­տեւ պայ­քա­րի վե­րա­ծե­լու եւ բուն Եր­կի­րը՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը սե­ւե­ռա­կէտ դարձ­նե­լու ա­ռու­մով՝ Խ­րի­մեա­նի հետ, Վար­ժա­պե­տեան ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ հե­տա­գայ հայ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն։ Եւ այ­սօր, երբ Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի ծննդեան 180ա­մեա­կին ա­ռի­թով կը խո­նար­հինք ա­նոր ան­մեռ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ա­ղօթ­քի մը ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ կ­՚ար­ձա­գան­գենք ա­նոր պատ­գա­մին.
«­Դէ­պի Եր­կիր, դէ­պի ժո­ղո­վուրդ… Այս­պի­սի գոր­ծեր ո՛չ մէկ օ­րո­ւան մէջ, ո՛չ մէկ մար­դու ձեռ­քով կրնան կա­տա­րո­ւիլ… Պատ­րաս­տո­ւինք մեր ա­պա­գա­յին։ Նախ չկե­նանք հոս (կ­’ակ­նար­կէ Պո­լիս մնա­լուն — Ն.). Հա­յաս­տան եր­թանք։ Հա­յաս­տան ղրկենք ինչ որ ու­նինք ազ­գին մէջ՝ բա­նի­բուն, տա­ղան­դա­ւոր, ազ­գա­սէր, ե­կե­ղե­ցա­սէր։ Հա­յաս­տան եր­թան մեր դաս­տիա­րակ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, մեր այն­քան վառվ­ռուն ե­րի­տա­սարդ­ներ։ Հա­յաս­տան եր­թան մեր ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, վա­ճա­ռա­կան­ներ։ Հա­յաս­տան եր­թան այն­քան դժբախտ պան­դուխտ­ներ։ Ոչ եւս պի­տի ըլ­լայ հոն սով, սրա­ծու­թիւն, ոչ եւս հարս­տա­հա­րու­թիւն, ոչ եւս կե­նաց եւ ըն­չից եւ պա­տո­ւոյ ա­ռե­ւան­գու­թիւն, ոչ եւս աշ­խա­տու­թեան խա­փա­նում։ Ու­ղի­ներ պի­տի բա­ցո­ւին, ջրանցք­ներ պի­տի շի­նո­ւին, գոր­ծա­րան­ներ պի­տի կա­ռու­ցո­ւին»։
Ա­ւե­լի՛ն. Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատ­րիարք ան­մա­հա­ցաւ ոչ միայն Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու Հայ­կա­կան Հար­ցի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման դժո­ւա­րին ու փշոտ ճա­նա­պար­հին իր կա­տա­րած ներդ­րու­մով, այ­լեւ՝ հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ղե­կա­վար­ման իր բա­ցա­ռիկ ձեռն­հա­սու­թեամբ եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան օ­րի­նա­կե­լի վար­քագ­ծով։
Ներ­սէս Պատ­րիարք գոր­ծեց Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ծայր աս­տի­ճան վտան­գա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ թրքա­կան պե­տու­թեան ամ­բող­ջա­կան փլու­զու­մը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած էր, իսկ թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, կայս­րու­թեան ներ­քին «ամ­րոց»ը ա­մէն գնով փրկե­լու ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ, սուլ­թան­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ փա­րած էր ա­րե­ւե­լեան իր դար­պաս­նե­րը՝ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը հա­յու­թե­նէ պար­պե­լու ու թրքաց­նե­լու կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
Ներ­սէս Արք. Վար­ժա­պե­տեա­նի պատ­րիար­քու­թիւ­նը նաեւ զու­գա­դի­պե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քի ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն այն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ղե­կա­վար­ման մեծ շար­ժու­մը իր սկզբնա­կան փու­լը կը բո­լո­րէր եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը հար­թե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը դի­մագ­րա­ւէր։
Յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման՝ ներ-հայ­կա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու, վէ­ճե­րու եւ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռօ­րեայ մը ստեղ­ծո­ւած էր Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս եւ ա­նոր շուրջ. ազ­գա­յին ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան կեան­քը թա­տե­րա­բեմ դար­ձած էր ե­կե­ղե­ցա­կան թէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ մրցա­պայ­քա­րին. ա­նընդ­հատ Պատ­րիարք կը հրա­ժա­րե­ցո­ւէր կամ կը փո­խո­ւէր՝ ժո­ղովր­դա­յին ու ժո­ղովր­դա­վար ընտ­րու­թեանց կի­րար­կու­մը ինք­նան­պա­տա­կի խա­ղի վե­րա­ծե­լով։
Ա­հա ա՛յդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­կա­ռակ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին Պատ­րիար­քի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կո­չո­ւե­լով, Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան յա­ջո­ղե­ցաւ իր ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թեամբ, լայ­նա­խո­հու­թեամբ եւ հե­ղի­նա­կու­թեամբ, թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ թէ ազ­գա­յին-ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան կեան­քը կա­յուն եւ հա­մե­րաշխ հու­նի մէջ մտցնել ու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի մղել։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին ե­ղաւ 1860ա­կան­նե­րու Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մէն ետք ընտ­րո­ւած Հա­յոց Պատ­րիարք­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը, որ ան­փո­փոխ մնաց պաշ­տօ­նի վրայ մին­չեւ իր վախ­ճա­նու­մը։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նը Պօ­ղոս էր. իր ա­նունն ու մա­կա­նու­նը ժա­ռան­գած էր մեծ հօր­մէն, որ ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ ու վար­ժա­պետ էր։ Ծ­նած էր 28 Յու­նո­ւար 1837ին Խաս­քէօյ, Պո­լիս։ Ու­շիմ եւ փայ­լուն ա­շա­կերտ ե­ղած է իր թա­ղի Ս. Ներ­սէ­սեան դպրո­ցին մէջ։ 15 տա­րե­կա­նին դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու հայ­րը՝ Ս­տե­փա­նը։ Իբ­րեւ տան անդ­րա­նիկ զա­ւա­կը, հօր մա­հէն ետք, իր վրայ ծան­րա­ցաւ որ­բե­ւայ­րի մօր, փոքր քրո­ջը եւ եր­կու ման­կա­հա­սակ եղ­բայր­նե­րուն ապ­րուս­տի հո­գը։
1853ին, 16 տա­րե­կա­նին, ու­սուց­չու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ իր թա­ղի դպրո­ցին մէջ եւ ար­դա­րա­ցուց իր նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած վստա­հու­թիւ­նը։ 1855ին, ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նով տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ադ­րիա­նու­պո­լիս, ուր ար­ժա­նա­նա­լով ա­ռաջ­նոր­դին՝ Ա­րիս­տա­կէս Ե­պիս­կո­պոս Ռա­փա­յէ­լեա­նի ու­շադ­րու­թեան եւ հո­գա­ծու­թեան, 1858ին ա­բե­ղայ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ եւ այդ­պէս սկսաւ հո­գե­ւո­րա­կան իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ յա­րա­ճուն ու ա­րա­գա­քայլ վե­րել­քով։
1859ին իբ­րեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ վե­րա­դար­ձաւ Խաս­քէօյ։ Ոչ միայն իր ծննդա­վայր թա­ղին հո­գեմ­տա­ւոր զար­թօն­քին դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ, այ­լեւ՝ մտեր­մա­ցաւ եւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­ցած եւ Պո­լիս վե­րա­դար­ձած ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու սե­րուն­դին, որ ձեռ­նար­կած էր Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշա­կու­մին։ Ներ­սէս Վար­դա­պետ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգր­ման հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րին մէջ եւ, այ­նու­հե­տեւ, ի­րեն վստա­հո­ւած ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս ի կա­տար ա­ծեց։ Հե­տե­ւա­բար, ար­դէն կը վա­յե­լէր ընդ­հա­նուր յար­գանք եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն, երբ 26 Ապ­րիլ 1874ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Պատ­րիարք, հա­զիւ 37 տա­րե­կան հա­սա­կին։
Ներ­սէս Պատ­րիարք հան­դի­սա­ցաւ նա­խա­կա­րա­պե­տը Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գայ­նա­ցու­մին։ Իր Պատ­րիարք ընտ­րու­թե­նէն ե­րեք տա­րի ետք սկսաւ 1877-78ի Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը, որ ա­ւար­տե­ցաւ թրքա­կան զօր­քե­րու ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեամբ։ Սուլ­թա­նը ստի­պո­ւե­ցաւ ստո­րագ­րել Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը, որ «նախ­նա­կան» դաշ­նա­գիր մը նկա­տո­ւե­ցաւ եւ փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ Պեր­լի­նի ծա­նօթ դաշ­նագ­րով։
Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի դաշ­նագ­րի նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան այդ օ­րե­րուն էր, որ հայ­րե­նի մե­րօ­րեայ պատ­մա­բան­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ «Կ. Պոլ­սի հա­յոց պատ­րիարք Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեա­նը հան­դի­պեց բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի ռու­սա­կան կող­մի ղե­կա­վար Ն. Իգ­նա­տե­ւի հետ եւ խնդրեց հաշ­տու­թեան պայ­մա­նագ­րում տեղ յատ­կաց­նել հայ ժո­ղովր­դի ար­դա­րա­ցի ձգտում­նե­րին: 1878թ. Փետ­րո­ւա­րի 19ին Սան Ս­տե­ֆա­նո­յում ստո­րագ­րո­ւեց ռուս-թուր­քա­կան խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գիր: Այն ա­նո­ւա­նո­ւեց նախ­նա­կան, քա­նի որ են­թադր­ւում էր Եւ­րո­պա­յին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը քննար­կել հա­մա-եւ­րո­պա­կան վե­հա­ժո­ղո­վում: Սան Ս­տե­ֆա­նո­յի պայ­մա­նա­գի­րը բաղ­կա­ցած էր 29 յօ­դո­ւա­ծից, ո­րի 16րդ կէ­տը վե­րա­բե­րում էր հա­յե­րին: Ն­րա­նում աս­ւում էր.- «­Հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ռու­սա­կան զօր­քե­րի դուրս­բե­րու­մը Հա­յաս­տա­նից կա­րող է ա­ռիթ տալ բա­խում­նե­րի և բար­դու­թիւն­նե­րի, Բարձր Դու­ռը պար­տա­ւոր­ւում է հա­յաբ­նակ մար­զե­րում ան­յա­պաղ կեն­սա­գոր­ծել բա­րե­նո­րո­գում­ներ եւ.ա­պա­հո­վել հա­յե­րի անվ­տան­գու­թիւ­նը քրդե­րից ու չեր­քէզ­նե­րից»:
«­Պայ­մա­նագ­րի յօ­դո­ւած­նե­րում կա­յին հա­յե­րին վե­րա­բե­րող հար­ցեր: Դ­րանց հա­մա­ձայն բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը պէտք է կա­տա­րո­ւէին 6 ամ­սո­ւայ ըն­թաց­քում, մին­չեւ ռու­սա­կան զօր­քե­րի դուրս­բե­րու­մը եւ ո­րոնց մա­սին թուր­քե­րը պէտք է հա­շո­ւե­տու լի­նէին ռու­սա­կան կող­մին: Քա­նի որ Թուր­քիան ան­կա­րող էր վճա­րել հսկայ ռազ­մա­տու­գանք, Ռու­սաս­տա­նին էին անց­նում Կար­սը, Ար­դա­հա­նը, Բա­թու­մը, Բա­յա­զե­տը:
«16րդ յօ­դո­ւա­ծը ո­գե­ւո­րեց հա­յու­թեա­նը: Այն­տեղ ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գործ­ւում էր Հա­յաս­տան ա­նո­ւա­նու­մը, եւ Թուր­քիան խոս­տո­վա­նում էր, որ իր տա­րած­քում կան հա­յաբ­նակ մար­զեր»:
Մին­չեւ 1884 Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս վա­րեց պատ­րիար­քա­կան պաշ­տօ­նը։ Բայց ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը փա­յուն չէր, շա­քա­րախտ ու­նէր եւ, Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի վկա­յու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր չէր հե­տե­ւեր ի­րեն յան­ձա­րա­րո­ւած դե­ղե­րու օգ­տա­գործ­ման։
Այդ­պէ՛ս, շա­քա­րախ­տը կտրեց բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած կեան­քի թե­լը Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի, որ տա­կա­ւին շատ տա­լիք ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Կի­սա­ւարտ մնաց Գոր­ծը մե­ծա­նուն հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նին եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չին, ո­րուն ծննդեան 180ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­þար­ժէ եզ­րա­փա­կել ընդ­հան­րա­պէս ժլատ գնա­հա­տա­կան­ներ ար­ձա­նագ­րած՝ խստա­պա­հանջ Օր­մա­նեա­նի հե­տե­ւեալ ար­ժե­ւո­րու­մով.-
«­Ներ­սէս, կրնանք ը­սել, հա­մար­ձակ, ժա­մա­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան ցայ­տուն դէմքն էր, կեր­պա­րա­նով եւ բնա­ւո­րու­թեամբ հա­մակ­րե­լի, դաս­տիա­րա­կու­թեամբ եւ ուս­մամբ իր կար­գա­կից­նե­րէն գե­րա­զանց, աշ­խա­տու­թեան մէջ ան­խոնջ, գա­ղա­փար­նե­րով լայ­նա­խոհ եւ օ­րի­նա­ւոր սահ­մա­նի մէջ ա­զա­տա­միտ, ազ­գա­սի­րա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով նշա­նա­ւոր, խօ­սակ­ցու­թեամբ հա­մեղ, ա­տե­նա­բա­նու­թեամբ ազ­դու, դժո­ւա­րու­թեանց դէմ ա­րի, հնա­րի­մա­ցու­թեանց մէջ ճար­տար, մէկ խօս­քով կա­տա­րեալ անձ­նա­ւո­րու­թեան մը տի­պար»։